Վանի Մէջ Գանձագողերը 2700-ամեայ Ուրարտական Տաճար Գտած Են

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի մէջ ապօրինի կերպով գանձ որոնող անձեր, պատահաբար 2700-ամեայ ուրարտական տաճար գտած են։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած է «Independent»-ի թրքերէն ծառայութիւնը։

Համաձայն աղբիւրին՝ Վանի կեդրոնէն 28 քմ դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող տարածքին վրայ, խումբ մը գանձագողեր, 5 մ. խորութեամբ փոս փորելէ ետք՝ յայտնաբերած են որմնանկարներ ունեցող կառոյց։ Գանձ որոնողները կարծած են, թէ այդ շինութիւնը եկեղեցի է եւ դիմած են Վանի թանգարանային տնօրինութեան։

Թուրք ուրարտագէտ, դոկտոր Էրքան Քոնեարը «Independent Turkce»-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ հիմնուելով կառոյցը ներկայացնող տեսագրութեան տուեալներուն վրայ՝ կարելի է ենթադրել, թէ խօսքը ՔԱ․ 7-րդ դարուն պատկանող ուրարտական տաճարի մը մասին է, եւ քանի որ տուեալ շրջանի մօտակայքը կը գտնուի նաեւ ուրարտական արքայ Ռուսա Երկրորդի ամրոցներէն մէկը, ուստի՝ ամենայն հաւանականութեամբ՝ նորագիւտ տաճարը կրնայ կապ ունենալ վերջինիս հետ։

Թուրք գիտնականի ենթադրութեամբ՝ սոյն տաճարը պէտք է որ նուիրուած ըլլայ ուրարտական աստուածներէն Խալդիին, եւ որ առաջին անգամ կը հանդիպի այնպիսի ուրարտական տաճար, որ պահպանուած է իր բնօրինակով, եւ որուն կառուցուածքը չէ խաթարուած։ Էրքան Քոնեարը նաեւ մատնանշած է, թէ այս մեծ տաճարի որմնանկարները պահպանուած են բաւական լաւ, եւ որ անոնք ունին կրօնական բովանդակութիւն։

Թրգերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան