Արցախի Ապրելու Ձայնը՝ Գրականութեան եւ Մշակոյթի Լեզուով

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 27-Յուլիս 1, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը «Ապրելու ձայնը» գրական-մշակութային օրերու ծիրէն ներս, Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ պիտի կազմակերպէ գրական մրցոյթներ, գրական երեկոներ, ասմունքի մրցոյթ, ցուցահանդէսներ ու համերգներ, Արցախի արդի գրականութեան վերաբերեալ զրոյցներ, հանդիպումներ, դասախօսութիւններ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Մշակութային փառատօնի բացման արարողութիւնը կայացած է Յունիս 27-ին, Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցի դահլիճին մէջ՝ Արցախի եւ ՀՀ գրական- մշակութային, հասարակական գործիչներու, պետական պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ:

Բացման խօսքին մէջ՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան նշած է, որ գրական-մշակութային օրերուն մեկնարկը տրուած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելութեամբ:

Խօսելով նախաձեռնութեան մասին, Հերմինէ Աւագեան նշած է, որ անկախ ներկայ մարտահրաւէրներէն, ունեցած անդառնալի կորուստներէն, Արցախի սիրտը կը բաբախէ,  Արցախի այս փոքր մասնիկը կը շարունակէ շնչել, ու այստեղ ապրողի ցանկութիւնը պատերազմ չէ, այլ՝ սեփական հողի վրայ ապրիլը, արարելը եւ ստեղծագործելը: Այս ձեռնարկներու շարքը Արցախի ապրելու ձայնն է՝ գրականութեան եւ մշակոյթի լեզուով:

Գրական-մշակութային օրերու կազմակերպման գաղափարը երիտասարդ գրող Սերգէյ Սաֆարյանինն է: «Արցախը այսօր խնդիր ունի ամէն ոլորտով ներկայացնելու Արցախի գոյութեան, Արցախի մէջ մեր ժողովուրդի ապրելու  կամքի, իրաւունքի մասին: 7-օրեայ գրական-մշակութային օրերը նախաձեռնեցինք, որպէսզի ցոյց տանք, որ արցախցին կը շարունակէ ապրիլ այստեղ, որ արցախցին պիտի ապրի այստեղ եւ քանի դեռ այսպիսի նախաձեռնութիւններ կ՝իրագործուին, ուրեմն Արցախը պիտի ապրի»,- ըսած է երիտասարդ գրողը:

ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կարեւոր համարած է յատկապէս պատերազմէն ետք նման ձեռնարկներու կազմակերպումը: «Մենք գրականութեան եւ մշակոյթի շնորհիւ պիտի կարենանք ճշմարտութիւնը գտնել, որ կը մտնէ մեր համազգային նպատականերուն մէջ, որ մեր նախնիներու եւ մեր ապագայ սերունդներու առջեւ պարտաւորութիւններու անբաժան մասն է»,- իր խօսքին մէջ ըսած է Արտակ Բեգլարեան՝ բարձր գնահատելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ջանքերը՝ ուղղուած Արցախի մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացման:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ԱՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան՝ շեշտելով Արցախի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու կարեւութիւնը, քանի որ ապրելով կ՝որոշուի ամէն ինչ, ապրելով սկիզբ կ՝առնէ իւրաքանչիւր կեանք:

ՀՀ Գրողներու միութեան նախագահ Էդվարդ Միլիտոնեանի կարծիքով՝ զէնքէն, զրահէն զատ Հայաստանի ամենամեծ խնդիրը թէ՛ պատերազմէն առաջ եւ թէ՛ յետոյ եղած է մշակութային դիւանագիտութեան խեղճութիւնը: «Մենք զլացած ենք, չենք գնահատած այդ ասպարէզին կարեւորութիւնը եւ այսօր առաւել եւս կը զարմանանք, թէ ինչու աշխարհը մեր ցաւին հանդէպ անտարբեր կը մնայ: Պատերազմէն ետք՝ յատկապէս Արցախի մէջ՝ այսպիսի ձեռնարկները ամենաանհրաժեշտներէն են, քանի հոգեբանական վիճակները, բարոյական դաշտի եւ ընդհանրապէս մեր կեցութեան խնդիրներուն վերաբերեալ գրականութիւնը, լրագրութիւնը ունի հզօր դերակատարութիւն»,- ըսած է Է. Միլիտոնեան՝ հպարտօրէն մատնանշելով Արցախի երիտասարդներու, երիտասարդ գրողներու նախաձեռնողականութիւնը:

ԱՀ գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան՝ ողջունելով նախաձեռնութեան կազմակերպումը, կարեւոր համարած է այս դժուար ժամանակներուն գրականութեան դերը. «Ժողովուրդի ողնաշարը բոլոր ժամանակներուն եղած է գրականութիւնը: Չեմ թերագնահատեր միւս ոլորտները, բայց գրականութիւնն է մեր ազգային ոգիի, արժէհամակարգի գլխաւոր կրողը»,- ըսած է Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը, Լիբանանի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի բազմամեայ ու վաստակաւոր նախկին տնօրէն, հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանը:

Վահագն Գարագաշեանի խօսքով մեծ ոգեւորութիւն է գրական-մշակութային ձեռնարկներուն մասնակցիլը, քանի որ անոնց միջոցով աւելի կ՝ամրանայ արցախցի գործընկերներուն հետ բանաստեղծական ոգեղէն կապը:

Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ չկայ միասնական հայութիւն՝ ոչ Սփիւռքի մէջ, ոչ ալ հայրենիքի, այլ կան ազգայինին նուիրուած անհատներ ու կառոյցներ: