Նախագահ Պայտըն Կրկին Հրաժարած է 907-րդ Բանաձեւի Սահմանափակումներու Կիրառումէն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին հաղորդումով` հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական յարձակման, նախագահ Ճօ Պայտըն կրկին հրաժարած է 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կիրառումէն եւ ճանապարհ բացած Ալիեւի հակահայկական ու կաշառակեր վարչաձեւին ամերիկեան օգնութեան տրամադրման համար։

Մեկնաբանելով նախագահ Պայտընի որոշումը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Նախագահ Պայտընի որոշումը՝ Ազրպէյճանին ռազմական օգնութեան ցուցաբերման «կանաչ լոյս» է, որ կրկին կը քաջալերէ Ալիեւը շարունակելու հայ ռազմագերիներուն անօրինական բանտարկութիւնը, Արցախի դէմ մահաբեր յարձակումներն ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շարունակական գրաւումը։ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարութեան հետ՝ Ազրպէյճանին ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը զերօ դարձնելու եւ 907-րդ բանաձեւի կատարումէն հրաժարելու նախագահական իրաւասութիւնը սահմանափակելու համար»։

Նախագահ Պայտըն մինչեւ պաշտօնավարումը ստանձնելը, 2020թ․ Հոկտեմբեր 14-ին յայտարարած էր, որ «Միացեալ Նահանգները պէտք է ամբողջութեամբ իրականացնէ եւ չհրաժարի «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի 907-րդ յօդուածի պահանջներէն եւ դադրեցնէ ռազմամթերքի հոսքը դէպի Ազրպէյճան»: Առաջին անգամ Պայտըն իր դիրքորոշումէն հրաժարեցաւ 2021թ․ Ապրիլ 23-ին։

907-րդ բանաձեւը, ուժի մէջ մտած է 1992-ին եւ կը նախատեսէ կանոնադրական սահմանափակումներ ԱՄՆ-ի կողմէ Ազրպէյճանի կառավարութեան տրամադրուող օգնութեան, քանի դեռ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յստակ քայլեր չի ձեռնարկեր դադրեցնելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շրջափակումներն ու յարձակումները։ 2002թ․ Քոնկրեսը ԱՄՆ նախագահին հնարաւորութիւն տուաւ ամէն տարի հրաժարելու 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կիրառումէն, որ ամերիկեան նախագահները կ՝ընեն մինչեւ այսօր։

Յատկանշական է, որ 907-րդ բանաձեւի պահանջներու կատարումէն այս հրաժարման նախորդած էր տարուան սկիզբը ԱՄՆ կառավարութեան հաշուետւողականութեան գրասենեակի յատուկ հաղորդումը, որ ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնը Ազրպէյճանին հաշուի չէ առած Հարաւային Կովկասի մէջ ուժի հաւասարակշռութեան խախտման հաւանականութիւնը եւ վերջինիս վերաբերեալ Պետական բաժանմունքը պատշաճ կերպով չէ զեկուցած Քոնկրեսին։ Համաձայն զեկոյցին՝ 2002-2020թթ․ ընթացքին Ազրպէյճանը ստացած է 808 միլիոն տոլարի ամերիկեան օգնութիւն։

Ազրպէյճանը ամերիկեան բազմաբնոյթ ռազմական օժանդակութենէն զրկելը Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ այդ ուղղութեամբ յանձնախումբի աշխատանքները ամէնօրեայ եղանակով կը շարունակուին։


ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
24.06.2022 թ.