Պայտըն Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանի Պաշտօնին Առաջարկած է Քրիսթինա Քվիենի Թեկնածութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին առաջարկած է Քրիսթինա Քվիենի թեկնածութիւնը: Այս մասին կը նշուի Սպիտակ տան կայքին վրայ:

Քրիսթինա Քվիենը 2019 թուականէն մինչեւ օրս Ուքրանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլը վարած է Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնակատարի, դեսպանատան տնտեսական հարցերով խորհրդականի պաշտօնները:

Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին տարբեր պաշտօններ վարած է Թայլանտի, Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Ֆիլիփեան կղզիներու ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւններուն մէջ:

Քվիեն եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպական Միութեան, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հարցերով տնօրէն: