Կեանքը Շարունակելու Պատգամ. 44-օրեայ Պատերազմէն Ետք Առաջին Անգամ Արցախի Դրամատիկական Թատրոնը Հանդէս Պիտի Գայ Պեռլինի եւ Քէոլնի Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնը՝ 13 հոգիէ բաղկացած դերասանական կազմով՝ Յունիս 24-ին, Քէոլնի մէջ, եւ Յունիս 26-ին, Պեռլինի մէջ հանդէս պիտի գայ «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» ներկայացումով: Այս մասին, ըստ 168.amի, յայտնած են Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդէն:

Վահրամ Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնը հիմնադրուած է 1932 թուականին, այս տարի կը նշէ 90-ամեակը: Դեռ 2020-ի Օգոստոսին բեմադրուած էր Նարինէ Աբգարեանի «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» վէպի հիման վրայ ներկայացումը, սակայն վրայ հասած 44-օրեայ պատերազմէն ետք՝ թատրոնի աշխատանքը կանգ առած էր: «Երկնքից երեք խնձոր ընկաւ» ներկայացումը, կարելի է ըսել, թատրոնի վերածնունդն է: Անիկա բեմադրած է Նիւ Եորք բնակող բեմադրիչ եւ դերասանուհի Կարինէ Քոչարեանը:

Ներկայացման լեզուն հայերէն է՝ անգլերէն ենթագրերով:

Ներկայացումը սարերու մէջ ծուարած դատարկուող գիւղի մասին է, որ ընդամէնը ունի 30 տարեց բնակիչ: Տեսած են երաշտ, սով, երկրաշարժ: 58-ամեայ կինը կ՝ընդունի գիւղի դարբինի ամուսնութեան առաջարկը: Այրին, որ առանց զաւակի ապրած էր առաջին դաժան ամուսնութիւնը, պէտք է որոշէ՝ շարունակե՞լ կեանքը դարբինի հետ, թէ՝ ոչ: Ի վերջոյ, այրին կ՝ընդունի առաջարկը եւ գիւղին մէջ նոր կեանք կը ծնի:

Ներկայացումը կեանքը շարունակելու խորհուրդ ու պատգամ ունի:

Բեմադրող Կարինէ Քոչարեանը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ բեմադրութեամբ փորձած է ըլլալ այն արցախցիի մէկ մասը, որ կը պահէ հողը:

Նշենք, որ Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդէն յայտնած են նաեւ, որ դպրոցականներու, ուսանողներու, թոշակառուներու համար տոմսին արժէքը 25 եւրօ է, մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն համար՝ 10 եւրօ, միւսներուն համար արժէքը 30 եւրօ է: