«Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա. (Յարութ Չէքիճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ին մասին «Յեղափոխութիւնը նոր սեւն Է. ինչպէ՞ս արեւմտեան դրամը կը հոգայ «Տապալէ քու կառավարութիւնդ» դասապահերը» խորագիրով յօդուածը գրած էի 16 փետրուար 2019-ին (1, 2)` քաղելով «Ռաշա Թուտէյ»-էն, որուն թղթակիցներէն մէկը կրցած է գաղտնօրէն հաւաքին մասնակցիլ եւ Երեւանէն այլ թղթակից մը հեռատեսիլի լուրերէն մանրամասնութիւններ սփռեց հաւաքին մասին (տե՛ս կայքէջը) (3):

Երեւանի մէջ առնուազն հինգերորդ անգամ գումարուող «Փրակայի քաղաքացիական ընկերակցութեան» (Prague Civil Society) կազմակերպած այս հաւաքին, նախկին Խորհրդային Միութեան 150 քաղաքացի երիտասարդներ ներկաներէն նշուած են երկու հայ առաջնորդ երիտասարդներ. առաջինը, որ «Հայաստանի յեղափոխութեան» աստղը նկատած են, Դաւիթ Սանսարեանն է, որ 22 մայիս 2018-ին վարչապետ Փաշինեանի որոշումով նշանակուեցաւ պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ, ապա պաշտօնազրկուեցաւ 18 ապրիլ 2019-ին` պաշտօնեայի լիազօրուածութիւնը չարաշահելու յօդուածով:

1. Հայաստանի մէջ 7-11 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած յեղափոխութեան պատրաստութեան հաւաքին հրաւէրը, որ վերցուեցաւ «Փրակ սիվիլ սոսայիթի»-ի կայքէջէն (4): Հաւաքին նիւթը` «Քաղաքային հասարակութեան քարոզարշաւները եւ հաղորդակցութեան միջոցները»:

Երկրորդը Միքայէլ Զօլեանն է, որ որակուած է «թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդը եւ Փրակայի քաղաքացիական ընկերակցութեան կեդրոնի մասնագէտ» (the frontman of the «Velvet Revolution», he is also a Prague Civil Society Centre expert), կարելի է ամէն տեսակ ենթադրութիւններ ընել, թէ ի՛նչ ըսել է այս կազմակերպութեան «մասնագէտ» ըլլալը: Զօլեան նախորդ խորհրդարանին մէջ «Իմ քայլը» դաշինքէն պատգամաւոր էր: Ան յայտնեց, որ այժմու խորհրդարանին թեկնածու չէր: Թէ ինչով կը զբաղի այժմ, ծանօթ չեմ:

2016-էն ի վեր, ամերիկեան հովանաւորութեամբ, այս կազմակերպութեան, որուն մէջ սորոսական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` NGO-ներ, մարզումի եւ վարժողական հաւաքները առնուազն 5 անգամ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են, իսկ շատ անգամներ կեդրոնին` Փրակայի մէջ: Այլ քաղաքներն են` Թիֆլիս, Քիեւ, Լվով, Պրեսթ, Պիշքեք, Ալմաթի, Չիշինաու, Պրիւքսել, Մինսք եւ Պերլին: Այս քաղաքներուն մեծ մասը, ինչպէս յայտնի է, նախկին խորհրդային երկիրներու մայրաքաղաքներն են. Հայաստանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ եւ Խըրխըզիստանի, ուր տեղի ունեցան տեսակաւոր անուններով «յեղափոխութիւններ»:

Միացեալ Նահանգները 1950-ական թուականներէն սկսեալ զանազան երկիրներու մէջ վարչակարգեր տապալած են (տե՛ս «Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները կը կործանեն երկիրներ, տնտեսական սիկարեանի մը խոստովանութիւնները – Ա., Բ. եւ Գ.   Լիբանանի եւ Հայաստանի համար խիստ կարեւոր» (5, 67), հարաւամերիկեան երկիրներու, Իրանի եւ այլն (Regime change): Սակայն այս նոր տեսակի եւ որակի, երբեմն` արիւնալի ու քանդիչ, ընդհանրապէս երիտասարդներու կողմէ գործադրուող «յեղափոխութեան» շարքը հետեւեալն է, ոչ բոլորը «յաջողած».

2. Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին երեք հաւաքները` «Երիտասարդութիւնը գործի վրայ», «Համախմբում համախմբում» եւ քարոզչութեան համար «Անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործում» (8):  3. «Կլոպըլ Թայմզ»-ի յօդուածը ամփոփող նկարը` «Ժողովրդավարութեան անունին տակ ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները հրահրեցին գունաւոր յեղափոխութիւններ աշխարհի տարածքին» (9), «US wages global color revolutions to topple govts for the sake of American control»: Այս մասին յաջորդիւ:

Ուիքիփետիան գունաւոր յեղափոխութիւններու երկար ցանկ մը ունի (10), սակայն կը սկսինք 2000 թուականէն. Սերպիոյ մէջ` 2000-ին, Վրաստան` 2003-ին, նաեւ Աճարիա` 2014-ին, Ուքրանիա` 2004-ին, Խըրխըզիստան` 2005-ին, Լիբանան` 2005-ին, Իրաք` 2005-ին, Քուէյթ` 2005-ին, Միանմար` 2007-ին, Մալեզիա` 2007-ին, Պիելոռուսիա` 2007-ին, Մոլտովա` 2009-ին, Իրան` 2009-ին, նորէն Խըրխըզիստան` 2010-ին, Թունուզ` 2010-ին, Եգիպտոս` 2011-ին, Պահրէյն` 2011-ին, Եմէն` 2011-ին,  Չինաստան` 2011-ին, Ռուսիա` 2011-ին, Մակեդոնիա` 2016-ին, Հայաստան` 2018-ին, կրկին Լիբանան` 2019-ին, Պոլիվիա` 2019-ին, կրկին Պիելոռուսիա` 2020-ին եւ Ղազախստան` 2022-ին: Զարմանալիօրէն այս ցանկին մէջ արիւնալի եւ աւերուած Լիպիան եւ Սուրիան չեն նշուած, ոչ ալ` Ալճերիան:

Ամէնէն հեգնականը սակայն այն է, որ միապետական` թագաւորական երկիրներուն մէջ, ուր ժողովրդավարութիւն բնա՛ւ չի կիրարկուիր, ընդհանրապէս «յեղափոխութիւն» չեղաւ (բնա՛ւ ըսել չեմ ուզեր, որ պէտք էր ըլլար. իւրաքանչիւր ժողովուրդ ի՛նք կ՛որոշէ եւ ոչ թէ` օտարին որոշումով եւ ծրագիրով), այնքան ատեն որ անոնք Ամերիկայի հակակշիռին տակ են, հլու հնազանդ են: Ուրեմն «Ժողովրդավարութիւնը», «փտածութիւնը», «խօսքի ազատութիւնը», «մարդու իրաւունքները», «կիներու իրաւունքները» եւ այլն, մի՛այն պատրուակներ են, կարեւորը` Ամերիկային հնազանդիլն է: Իսկ ո՛ւր որ «յեղափոխութիւնը» «յաջողի», իրենց կողմէ միանձնեայ բռնապետ ղեկավար մը կը նշանակեն, ինչպէս` Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Այս երկու երկիրներուն մէջ մէկ անձի շուրջ կեդրոնացած է ամէն որոշում, որպէսզի դիւրութեամբ իրենց ծրագիրները կատարուին: Տես` ստորեւ ամերիկեան թերթերու ծաղրանկարներէն օրինակներ:

4. Հնազանդէ Ամերիկային, թէ ոչ ժողովրդավարութիւն կը բերենք ձեր երկրին, այսինքն` քանդում եւ աւեր: 5. Ամերիկայի հետ ազնիւ վարուեցէք, թէ ոչ (բռնի ուժով) ժողովրդավարութիւն կը բերենք ձեր երկրին: 6. Ժողովրդավարութիւն անունով պողպատէ քանդիչ եւ աւերիչ գնդակը Եգիպտոսէն անցաւ Լիպիա եւ Սուրիոյ մէջ է տակաւին:

Որեւէ կասկած չկայ, որ այս «յեղափոխութիւնները» Միացեալ Նահանգները կազմակերպեցին, քանի որ, Լիբանանի պարագային, պետական քարտուղար Քոնտոլիզա Ռայս (Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը 2005-2009), որ 2001-2005 նախագահ Պուշ Կրտսերին ազգային ապահովութեան խորհրդականն էր, Լիբանանի մէջ հրապարակաւ յայտարարեց «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծնունդին մասին, որ «երկունքով պիտի իրականանայ», զայրոյթ յառաջացնելով արաբական աշխարհին մէջ, տես` «Ֆայնենշըլ Թայմզ» (11): Այսինքն` ծննդաբերութեան ցաւը. մահ, քաոս, քանդում, աւեր, գաղթականութիւն եւ թշուառութիւն խոստացաւ եւ խոստումը լիուլի յարգեց. տեսէք Լիբանանը, Իրաքը եւ Սուրիան: Ռայսին գիւտն էր ուղղակի անտրամաբանական եւ հակասական` «Նոր Միջին Արեւելքը եւ կառուցողական քաոսը» (The new Middle East and Constructive chaos): 20 տարիներ մի՛այն քաոսը տեսանք:

Փաստօրէն պատահեցաւ անհաւատալին… Լիբանանի օրուան վարչապետը հեռատեսիլի պաստառներէն Ռայսին առջեւ իրմէ ներողութիւն խնդրեց, որ ուշացաւ եւ չկրցաւ գործադրել իրմէ պահանջուածը… Ապա Լիբանանի հարցով ամերիկեան պաշտօնակատարը հրապարակաւ յայտարարեց, որ 500 միլիոն տոլար ծախսեցինք որ «Մայրիներու (էրզ) յեղափոխութիւն»-ը յաջողցնենք եւ չյաջողեցաք(ցանք), բարկանալով` յանդիմանեց դեսպանատան մէջ հաւաքուած իրենց հետ գործակցող վարչապետը, նախարարները եւ քաղաքական անձնաւորութիւնները (այս հաւաքը Սենտուիչի ժողով որակուեցաւ օտարին չենթարկուողներուն` ամերիկեան ծրագիրին հակառակորդներուն կողմէ):

Ահաւասիկ` ո՛չ մէկ կասկած, որ Ամերիկան էր այս եւ բոլոր գունաւոր «յեղափոխութիւն»-ները կազմակերպողը եւ տնտեսողը: Նոյնն ալ` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը, որուն մասին աշխարհը գիտէ, սակայն կարգ մը հայեր տակաւին «հինի եւ նորի» սուտերուն կը հաւատան, վերոնշեալ մարզուած երիտասարդներուն խմբագրած սուտերուն եւ համակարգիչով նենգափոխուած նկարներուն եւ տեսերիզներուն կը հաւատան ու կը տարածեն, մինչ Հայաստանը գահավէժ ընթացքի մէջ է, այս վարչախումբը հողեր կը նուիրէ թշնամիին եւ արտաքին պարտքը հասած է 6,43 միլիառ տոլարի, իսկ ներքին պարտքը` 9,226 միլիառ տոլարի (12):

Այսպէ՛ս սկսաւ Լիբանանի տնտեսական անկումը, երբ Ճոն Փըրքինզի բացատրած ձեւով (5), ինք կը քաջալերէր տուեալ երկրի մը նախագահը կամ վարչապետը, որ պարտք առնէ միջազգային զանազան դրամատուներէն, գիտնալով, որ անոր դիմաց եկամուտ պիտի չունենան եւ սնանկանան ու ստիպուած` Ամերիկայի պարտադրած ծրագիրները պիտի ընդունին:

Լիբանան այս ծուղակին մէջ ինկաւ քաղաքացիական պատերազմէն ետք, 1990-ականներուն, ապա իր պարտքին տոկոսը վճարելու համար կրկին ու կրկին ամէն տարի պարտք առաւ` Փարիզ 1, 2, 3, 4 եւ այլն, ու այժմ կատարեալ սնանկութեան մէջ է (7), 100 միլիառ տոլարէ աւելի արտաքին ու ներքին պարտքերով (ճշգրիտ գումարը յայտնի չէ)… Սուրիան 2011-էն ի վեր` 11 տարի է «յեղափոխութեան» մէջ խեղդուած է, Թուրքիան, Ամերիկան ու ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ են եւ Սուրիոյ քարիւղը կը գողնան ու կռիւը (իշխանութիւն տապալելու փորձը) տակաւին կը շարունակուի, սակայն արտաքին պարտքը միայն 4,5 միլիառ տոլար է:

(Շար. 1)