ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւնը

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովը, 27 Յունիս 2022-ին, արտահերթ կարգով քննարկած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ներկայացուցած` Վճռաբեկ դատարանի դատաւորներու թեկնածուներուն հարցը:

Դատաւորները առաջադրուած են այն նոյն պետական կառոյցին կողմէ, որուն հեղինակութիւնը ոչնչացուցած անդամը դեռ հանդէս կու գայ անոր ղեկավար դիրքերէն. չէ հեռացուած, քրէական հետապնդման դեռ չէ ենթարկուած:

Դատարաններու մէջ միատեսակ փորձ ապահովելու առաքելութիւն ստանձնելու թեկնածուներու ներկայացումը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նման կազմի, դեռ նման անդամ-նախագահի պաշտօնակատարի կողմէ կը փաստէ արդէն իսկ նման կարեւոր իրաւական գործընթացի մը հեղինակազրկումը:

Հաշուի առնելով, որ յայտնի ձայնագրութեան հրապարակումէն, անոր՝ իրաւապահ համակարգի եւ նոյն ԲԴԽ-ի վերաբերեալ անդառնալի հեղինակազրկող գնահատողական դատողութիւններու հաստատումէն ետք, մինչ օրս Գագիկ Ջհանգիրեանը կը պաշտօնավարէ եւ կը ներկայացնէ այն կառոյցը, որ ներկայացուցած է դատաւորներու թեկնածուներու եւ, անկախ անկէ, թէ ով պիտի ընտրուի, նոյնիսկ իրական արդարադատութիւն իրականացուցած թեկնածուներու վճռաբեկ դատարանի համապատասխան պալատներու պարագային՝ կիրառելի պիտի ըլլայ «թունաւոր ծառի պտուղներ»-ու իրաւական կանոնը:

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն

27.06.2022թ