Թուրքիան Կը Սպասէ Զանգեզուրի Միջանցքի Անյապաղ Բացման. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիան կ՝աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան եւ Զանգեզուրի միջանցքի անյապաղ բացման։ Ելոյթ ունենալով Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի ԱԳ նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին` այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Չաւուշօղլու ընդգծած է, որ Անգարան կ՝ակնկալէ միջանցքի անյապաղ բացում՝ աւելցնելով, որ այս իրադարձութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին վրայ։

Յիշեցնենք, որ Պաքուի մէջ երեք երկիրներու միջեւ ստորագրուած է «Պաքուի հռչակագիրը», որ կը նախատեսէ ընդյալնել փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւնը երեք երկիրներու միջեւ: