Հայ Դատի Գործունէութիւնը Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի կառավարական հարցերով տնօրէն Թերեզա Երիմեան, IT պատասխանատու Ներսէս Սեմերճեան եւ ծրագրերու պատասխանատու Ալեքս Մանուկեան՝ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանի հետ՝ Մայիսի առաջին կիսուն, մէկշաբաթեայ փաստահաւաք առաքելութեամբ, կը գտնուէին Արցախ՝ հանդիպումներ ունենալով կառավարական պաշտօնեաներու, մարդասիրական առաքելութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։ Այցին հիմնական նպատակն էր փաստահաւաք աշխատանքով նախապատրաստուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի շահերու պաշտպանութեան 2023թ․ տարուան եւ 2023թ․ Ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու ակտի ծիրէն ներս։ Այս առումով Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը սերտօրէն պիտի աշխատի ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին հետ։

Արցախ այցելութեան առիթով՝ Թերեզա Երիմեան նկատած է․ «Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են։ Մենք կ՝արժեւորենք կառավարական պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումները՝ անմիջապէս սկզբնաղբիւրէն հասկնալու Արցախի մարտահրաւէրները՝ վերջինիս շահերու պաշտպանութեան ուղղուած առաւել արդիւնաւէտ աշխատանքներ տանելու համար։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Ազրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէ զրկելու եւ Արցախին օժանդակութիւն ապահովելու համար»։

Հայ Դատի համակարգի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ, քննարկած Արցախի շուրջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, 907-րդ բանաձեւին շուրջ ներամերիկեան զարգացումները, Քոնկրեսի մէջ ի նպաստ Արցախի տարուող աշխատանքը եւ Հայկական իրաւական կեդրոնին կողմէ հայ ռազմագերիներու ազատութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը։

Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարար Արմինէ Պետրոսեանի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են Արցախի ժողովուրդի ընկերային եւ բնակարանային խնդիրները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ քոյր կառոյցներու՝ Հայ օգնութեան միութեան եւ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միջոցներով Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագրերու ընթացքը։

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ քննարկուած է Արցախի ժողովուրդի, յատկապէս սահմանային բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը՝ ազրպէյճանական շարունակական յարձակումներու եւ մարդասիրական խնդիրներու ստեղծման պարագային։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի ներկայացուցիչները Ստեփանակերտի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած են կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեանի հետ եւ ծանօթացած իրականացուող վերականգնողական եւ բուժական աշխատանքներուն, որոնց շահառուներուն մէկ մեծ հատուածը 2020թ․ պատերազմին վիրաւորուած զինծառայողներն են ու քաղաքացիական անձեր։

Հանդիպում տեղի ունեցած է նաեւ Արցախի մէջ ականազերծմամբ զբաղուող «Հալօ թրասթ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ, որոնց ուղեկցութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները մեկնած են ականապատ դաշտեր եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած ականազերծման աշխատանքներուն։

Հաւաքուած տեղեկատւութեան հիման վրայ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ Ծերակոյտի համապատասխան մարմիններուն՝ ապահովելու համար ամերիկեան բազմատեսակ օժանդակութիւն Արցախին։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
25.05.2022 թ.