Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Պրիւքսելի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը ըստ էութեան վերստին արծարծած է 9 Նոյեմբերի հրադադարի համաձայնութեան 9-րդ կէտը. ամփոփ` տարածաշրջանային ապաշրջափակում:

Միջնորդական մրցապայքարը կը շարունակուի Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի միջեւ: Յայտարարութեան մէջ Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւններուն ուղղութեամբ հակասութիւն չկայ. տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կամ սահմանազատումն ու սահմանագծումը ընդհանուր առաջադրանք է: Խնդիրը ազդեցութիւններու կիրարկման եւ տարածման վրայ կը կեդրոնանայ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութեան ամէնէն ուշագրաւ բաժինը, որ ի տարբերութիւն նախկին յայտարարութիւններուն կ՛առանձնանայ, հետեւեալն է.

«Ես երկու ղեկավարներուն էլ շեշտեցի` անհրաժեշտ է, որ ուշադրութիւն դարձնեն էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան Ղարաբաղի մէջ»:

Հայ բնակչութեան իրաւունքներուն սկզբունքով եւ իրաւականօրէն առաջնային կերպով մաս կը կազմէ ինքնորոշումը: Խնամքով շրջանցուած է ինքնորոշման իրաւունք իրաւաեզրոյթը: «Անվտանգութեան» եզրի շեշտադրումը կը խօսի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու հրամայականին մասին: Գուցէ լռելեայն` կարգավիճակին, որ անպայման անկախութիւն չ՛ենթադրեր այս պարագային:

Բնակչութեան անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորեն Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ ուժերը: Հիմա կոչ կ՛ըլլայ Պրիւքսելի կողմէ անտանգութեան հարցին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու: Պրիւքսել-Մոսկուա ներկայ լարուած յարաբերութիւններուն մէջ անվտանգութեան խնդիրին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելը զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ:

Եւ եթէ միւս հարցերուն առումով սահմանազատումէն մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիր, անցնելով ռազմագերիներու եւ ականազերծման թղթածրարներէն  կամ տարածաշրջանային ապաշրջափակումէն Մոսկուայէն եւ Պրիւքսելէն հնչած  յայտարարութիւններուն եւ կոչերուն միջեւ ակներեւ հակասութիւն չ՛երեւիր, ապա անվտանգութեան խնդիրին ուղղութեամբ  ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակէն թելադրուած սուր հակասական ընկալումներ կրնան դրսեւորուիլ:

Այլապէս ալ կայ կարեւոր զուգահեռ. յիշենք, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը` «Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն այս նպատակին հասնելու համար միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ սկզբունքը չէ, իսկ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման պարունակին մէջ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կը ճանչնայ Արցախի բնակչութեան դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին մէջ»:

Ինքնորոշման իրաւունքին միակ գործօնը չըլլալու տեսակէտը ուղղակի կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: Արցախի բնակչութեան դերակատարութեան շեշտումը` իր ապագան ճշդելու առումով ինքնորոշման իրաւունքի պարզաբանման համազօր է: Այստեղ տարբեր երանգաւորումներ կան: Կը յիշուի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, որ միակը չէ. բայց մանաւանդ կը յիշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը, որուն հիմնարար սկզբունքներէն կը կազմէ ինքնորոշման իրաւունքը:

Պրիւքսելի եւ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ կան երանգային տարբերութիւններ: Պրիւքսելը խուսափած է ԵԱՀԿ-ին յղում կատարելէ եւ խնամքով շրջանցած ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքը: Ամերիկացի դեսպանը ԵԱՀԿ-ի իբրեւ անդամ պետութիւն կը յիշէ ձեւաչափը, կը շեշտէ, Արցախի բնակչութեան դերակատարութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ կը շեշտէ, որ ինքնորոշումը միակ գործօնը չէ:

Երկու պարագաներուն սակայն Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու հաստատման գաղափարը առկայ է: Պրիւքսելը կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստական փուլին մասին, իսկ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման:

Այս բոլորը սակայն մշուշոտ են: Կարգաւորումէն առաջ կարգավիճակի ճշդումը անհրաժեշտ է: Իսկ կարգավիճակը արդէն ճշդած է Արցախի բնակչութիւնը միջազգային իրաւաչափութեան համահունչ ինքնորոշուելով եւ հանրաքուէարկելով: Այդ իրաւունքի գործադրութեամբ միայն կը պայմանաւորուին իրաւունքներուն ուշադրութիւն դարձնելու պրիւքսելեան կոչը կամ բնակչութեան  դերակատարութեան ճանաչումի ամերիկեան մօտեցումը: