Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առած Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Կը Մասնակցին 15 Երկրի Ներկայացուցիչներ

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 25-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան 9-րդ պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի ընթանայ մինչեւ Մայիս 27:

Ժողովին կը մասնակցին 64 պատգամաւորներ եւ աշխարհի 15 երկիրներէ հրաւիրեալներ։ Ընթացքին, Համազգայինի տարբեր կառոյցներու կողմէ, կը զեկուցուի վերջին չորս տարիներու գործունէութիւնը, կը ճշտուին յետագայ աշխատանքները, իսկ ժողովի աւարտին կ’ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն։

Ժողովին սկիզբ առաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին եւ ժողովականներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան։