Արցախի Հանրապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Հայաստան, Սփիւռք

«Ազդակ»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան 24 Մայիսին հասան Լիբանան, ուր տեսակցութիւններ ունեցան տարբեր անձնաւորութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներու հետ:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

24 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Յակոբ Լատոյեան: Ներկայ էին Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ հայ կաթողիկէ կղերական դասը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս վերջին տարիներու արցախեան իրադարձութիւնները, որոնց շուրջ հոգեւոր տէրը յատկապէս շեշտադրեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` հայրենիքի համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանը ազգովին յաղթահարելու համար:

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը
«
Ազդակ»-ի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան եւ  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը այցելեցին «Ազդակ»  եւ հիւրընկալուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան կողմէ:

Պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Արցախը այսօր» թեմայով այսօր տեղի ունենալիք  ձեռնարկին եւ անոր առընթեր Արցախի բռնագրաւուած պատմամշակութային կոթողներու ցուցահանդէսին` կազմակերպուած ՋԱՀ յանձնախումբին կողմէ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու Արցախի այժմու իրավիճակին, Արցախ-լիբանանահայ համայնք բազմաոլորտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին:

Այցելութիւն Այնճար

Նոյն օրը Այնճար այցելեց Արցախէն պատուիրակութիւնը, որ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետին ընկերակցութեամբ այցելեց քաղաքապետարան, Մուսա լերան ազգագրական թանգարան, «Այնճար Արթ կալըրի», Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Մուսա լերան նահատակաց յուշահամալիր, Այնճարի պատմական բերդ եւ աւարտին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ ունեցաւ «Արցախը այսօր» խորագիրով ժողովրդային հանդիպում մը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Փիլաւճեան: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց Արցախէն ժամանած պատուիրակութեան, ապա ամփոփ ձեւով ներկաներուն ներկայացուց հիւրերը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր  Թովմասեանի խօսքէն առաջ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի յիշատակին: Ապա ան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները եւ իր երախտագիտական խօսքերը ուղղեց բոլորին: Ան յայտնեց, որ թէեւ առաջին անգամ ըլլալով Այնճար կ՛այցելէ, սակայն ինքզինք այնքան հարազատ կը զգայ, ինչպէս Արցախի մէջ` հաստատելով, որ Այնճարն ու Արցախը նոյնանման են: Ան խոստացաւ աւելի յաճախ այցելել Այնճար:

Խօսք առաւ նաեւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի վերջին իրադարձութիւնները: Ան ներկաներուն մէջ դրաւ այն յոյսը, որ Արցախի այս իրավիճակը այսպէս պիտի չմնայ եւ վաղ թէ ուշ պիտի բարելաւուի կացութիւնը` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնակամութեամբ: