Հայկական Սփիւռք(ներ)ի Լինելութիւնը Հոն՝ Ուր Անոնք Հաստատուած Են… Յետոյ Ի՞նչ (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սփիւռքի հայը ապերախտ չէ այն երկիրներուն եւ ժովուրդներուն նկատմամբ, որոնք իրեն ապաստան տուած են, տուած են բնիկի համահաւասար քաղաքացիական իրաւունք, զինք գնահատած են իր պատշաճելու եւ մերուելու քաղաքացիական օրինակելիութեան համար, որ տարբերութեան աստիճանական վերացում կ’ենթադրէ: Հայը օգտուած եւ նպաստած է հիւրընկալ երկրին մշակոյթին, տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ պաշտպանութեան,- գրողներ, արուեստագէտներ, գործարարներ, պետական դէմքեր, հերոսներ,- ինչպէս բնիկը: Այդ ծառայութիւնները իր ծագման ազգին եւ հայրենիքին հետ առնչութիւն չեն ունեցած, բացի համայնքային գոհունակութենէ, եւ լաւ համարկուածի բարենիշէ:

            Սփիւռքի հայը, որ հայրենազրկուած եւ հայրենահանուած է, իր քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարած ըլլալուն համար իր անիրաւուածութիւնը սրբագրուած տեսնելու քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն չէ ունեցած, բախտաւոր պարագային տրուած են գնահատանք եւ բարենիշ: Ոչ ոք աստղաբաշխական գումարներու լայն տարողութեամբ զինամատակարարում չէ ըրած Հայաստանի, ինչպէս այսօր այդ կ’ըլլայ Ուքրայինայի: Այս զատողութեան եւ կողմնակալութեան հարցով, սփիւռք(ներ)ը յանդգնութեամբ չէ հարցապնդած իր նոր հայրենիք դարձած երկրի իշխանութիւնները, չէ դիմած հանրային կարծիքին:

Ֆրանսացի մեծ մտաւորական ընկերվարական Մաքս Կալլօ ճիշդ հաստատում ըրած է, պատմաբանին, հրապարակախօսին եւ ազնիւ քաղաքագէտին համար, որ ներշնչող պէտք է ըլլար, ըլլայ. «Պատմաբանին համար,  իսկական պարտք է մեզի ամենէն մօտ  ազգային հաւաքականութեան վերադարձնել իր յիշողութիւնը եւ իր ինքնութիւնը, առանց ոչինչ դիմակաւորելու» (ընդգծ. Յ.Պ.): Սփիւռք(ներ)ի ստացուած քաղաքացիութեամբ հայը ընդունած պատմաբանները, մտաւորականները, իշխանութիւնները այդ պիտի չընեն սփիւռք-համայնքներուն համար, պիտի գնահատեն մեր համարկումը իրենց պատմութեան մէջ: Այդ պիտի ընեն ծագման հայրենքի եւ սփիւռքի հայ մտաւորականը, պատմաբանը, գրողը, հրապարակախօսը:

            Իսկ ի՞նչ են ֆրանսացի գրողի այդ իր յիշողութիւնը եւ իր ինքնութիւնը, զորս սփիւռք(ներ)ի աշխարհները չեն կրնար տալ, անոնք ոչ մէկ ձեւով պարտաւոր են տալու, պիտի չտան: Անոնք, ընդունուած կարգով, պիտի տան իրենց յիշողութիւնը եւ ինքնութիւնը: Այդ պիտի ընեն հայ պատմաբանը եւ առաջնորդութիւնը, ինչ որ անոնք փորձած են ընել առաւել կամ նուազ յաջողութիւններով, կամ՝ ձախողութեամբ, երբեք ամբողջութեամբ, քանի որ այդ ամբողջապէս ընել անկարելի է հայրենիքէն հեռու եւ առանց միջավայր շրջապատի: Ամէն հայ Ղեւոնդ Ալիշան չէ, որ առանց իր վանքէն դուրս գալու հայրենիքը թիզ առ թիզ ճանչնայ:

            Այս ընելու եւ յաջողութիւն յուսալու համար ժամանակակից ճարտարագիտութեան բոլոր միջոցները պէտք է օգտագործել, հասնիլ անհատապէս մօտաւորին եւ հեռաւորին իր յարկին տակ, ինչ որ կ’ենթադրէ ոչ-մասնակի եւ ոչ-սիրողական մասնագիտական մնայուն աշխատանք, եւ ի հարկէ՝ ներդրում: Մեր հաւաքականութիւնները եւ ղեկավարութիւնները ի վիճակի ե՞ն, ունի՞ն այս պատկերացումը եւ միջոցները, նպատակադրելով հասնիլ իւրաքանչիւրին: Այս կը պահանջէ անմիջականէն անդին նայող հեռանկարային ծրագրում, աշխատանք, կազմակերպութիւն եւ համազգային-համապետական միջոցներ, ո՛չ-թաղային կազմակերպում ոչ-թաղային հեղինակութիւններով, առանց տուրք տալու մասնակիին եւ տեղայնականին:

            Այս միտքերը կրնան յուսահատութեան մղել, կը նմանին խոփը եզներուն առջեւ դնելու, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը: Բայց միշտ պէտք է մտածել սփիւռքի մասին՝ համապարփակ գոյութենական տեսանկիւնէ, առանց ինքնագոհութիւնները սնուցող մեծ կամ պզտիկ բջիջներու ձեռք բերած արդիւնքներու, որոնք լաւատեսութեամբ անգամ, Կոստան Զարեանի բանաձեւած «ժամանակներու վճիռ»ին դէմ չեն կրնար երթալ: Այս յոռետեսութիւն չէ:

            Ֆրանսացի մտաւորականի բանաձեւած միտքը, որ ազգային հաւաքականութեան պէտք է վերադարձնել իր յիշողութիւնը եւ իր ինքնութիւնը, առանց ոչինչ դիմակաւորելու, իրողապէս եւ բնական կերպով ինչպէ՞ս իրականացնել մեր մէջ: Լաւագոյն պարագային եւ կազմակերպութեամբ, տեւաբար ընդլայնող եւ տարածուող սփիւռք(ներ)ի ո՞ր տոկոսին, ի՞նչ համեմատութիւններով կրնանք հասնիլ:

            Իրատեսութիւնը մեզ կը կանգնեցնէ պատմական եւ ազգային հիմնախնդրի առջեւ, որ սփիւռք(ներ)ի գենեֆոնդի կորուստի կանխելու մէջ է: Ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի լուծում գտնել, անգամ դէմ երթալով ամբոխի անհատակեդրոն գործապաշտութեան, որմով կը սնանին ամէն գոյնի եւ տեսակի էսթէպլիշմընթները: Այդ գենեֆոնդը կրնայ զարգանալ եւ տեւել հայրենի հողի վրայ, ուր կայ եղածի յիշողութիւնը, պատմութիւնը, ամէն օր ապրուած եւ ապրուող ինքնութիւնը:

            Հարազատ ղեկավարութիւնը իր առաջնորդութեան աշխատանքի մեկնակէտը պէտք է տեսնէ, գտնէ, ըստ այնմ կազմակերպուի եւ գործէ, հասկնալով, որ սփիւռք կացութիւնը միայն ժամանակաւոր է: Ի՞նչ կրնան ըլլալ յաջորդ հանգրուանները: Այս մասին պէտք է խորհիլ, լուծումներ գտնել, ընթացիկ ամբոխային տրամաբանութեան սպասած ապահովութենէն, բարօրութենէն, գործնապաշտութենէն անդին ուղղելով հայեացքը:

            Ազգային խորիմաստ իրատեսութիւնը մէկ տեղ կրնայ յանգեցնել իրաւ առաջնորդութեան միտքը. հայրենատիրութիւն եւ հայրենադարձութիւն, առանց այդ զոյգին լաւագոյն, յանդուգն եւ իմաստուն համարուած նախաձեռնութիւնները սփիւռքի գոյապահպանման տեսանկիւնէ միայն ժամանակաւոր են, տեսակ մը արուեստական շնչառութիւն: Սփիւռքի հայերու,- ոչ սփիւռքահայութեան,- իրաւ փրկութիւնը եւ հայացումը հայրենադարձութեամբ պիտի ըլլայ: Այս պէտք է ծրագրել եւ գործադրել, ներսը՝ պետական մակարդակով, դուրսը՝ բոլոր կազմակերպութիւններու համատեղ ճիգով, եւ ղեկավարութիւնները պէտք է գնահատել այս ազգաշէն մեծ ծրագրին իրենց բերած նպաստով, ոչ խօսքով, այլ գործով:

            Սփիւռքի սերունդներու դաստիարակութեան մաս պէտք է կազմէ հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը եւ հայրենադարձութեան հոգեբարոյականը:

            Սփիւռքի հայ մամուլը եւ մտաւորականութիւնը տարտղնուած զանգուածներու միտքին մէջ պէտք է տեղաւորեն նուազած եւ նուաղած ՎԵՐԱԴԱՐՁի գաղափարը: Իսկ Հայաստանի մտաւորականութիւնը եւ մամուլը ժողովուրդը պէտք է պատրաստեն ընդունելու այս ՎԵՐԱԴԱՐՁը իր իսկ հզօրացման, բարօրութեան եւ անվտանգութեան համար: Պետութիւնը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, գաղափարական-քաղաքական պարտականութիւն պէտք է համարեն ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ լաւ պայմաններու մէջ ընդունելութիւնը, կրկնուած չտեսնելու համար երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած ներգաղթի սխալները, որոնց հետեւանքով ներգաղթածներու մեծ մասը այսօր հեռացած է: Այդ արտագաղթը եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած եւ շարունակուող նոր արտագաղթը Հայաստանի տկարացման առարկայական պատճառ են: Այս ըմբռնել, եւ ըստ այնմ կազմակերպուիլ եւ գործել, ազգային ճշմարիտ քաղաքականութիւն է, յանձնառութիւն՝ վաղուան հզօրութեան համար, տոկալու եւ տեւելու կամքի:

            Ինչո՞ւ ներսի եւ դուրսի զանգուածները պիտի չլսեն Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք Լինելութեան» մարգարէական հզօր խօսքը, զոր յաճախ յիշած եւ կրկնած եմ, որ ՕՏԱՐԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ  ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ:

Հայրենադարձութիւն՝ վասն հայրենատիրութեան:

            Առանց փշրանքներու բարեսիրական-զբօսաշրջային մակերեսային հայրենասիրութեան, սեփական երկրի մէջ ըլլալ ՏԷՐ՝  իրաւ հպարտութեամբ ապրելու:

            Այս իրա՛ւ քաղաքականութիւն է, շաու չէ: Կը կազմակերպուի ազգային ԻՐԱՒՈՒԹԻՒՆ ունեցող ղեկավարութեան կողմէ:

            Իսկ բնական ազգային ողջախոհութեամբ սնած ժողովուրդը պէտք է դատէ ըստ ձեռք բերուած արդիւնքներու: