Սուրիոյ Նախագահը Ընդունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդը կը յատկանշուի ներդաշնակութեամբ ու խաղաղ գոյակցութեամբ՝ հասարակութեան մասնիկներուն կրօնական եւ ցեղային տարբերութիւններով մէկտեղ: Նախագահը շեշտեց, որ ներդաշնակ գոյակցութիւն չի նշանակեր ձուլում, այլ՝ պահպանում սուրիական ընկերութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչի ինքնութեան բոլոր տարրերուն, ինչ որ կ՛ամրապնդէ տուեալ բաղադրիչներուն պատկանելիութիւնն ու հողին կառչած մնալը: Այն հողին, որուն վրայ կ՛ապրին հազարաւոր տարիներէ ի վեր:

Իր կարգին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիտել տուին, որ Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական, ապա նաեւ տնտեսական պատերազմը կը միտին քայքայել երկրի ընկերութեան բազմերանգ եւ իւրայատուկ դիմագիծը, հետեւաբար գաղթի ու հայրենալքումի մղել Սուրիոյ ժողովուրդը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ սուրիահայերը կառչած պիտի մնան Սուրիական Հայրենիքին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր մասնիկներուն հետ գործակցաբար իրենց ողջ ներուժը պիտի տրամադրեն պատերազմին հետեւանքները յաղթահարելու եւ երկիրը վերականգնելու նուիրական աշխատանքին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան, Սունպուլ Սունպուլեան եւ Սուրէն Վարդանեան: