Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Խուսափիլ Սերունդներու Առջեւ Պատասխանատւութիւն Կրելէն (յայտարարութիւն)

Հայաստան

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ

ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Յ Ա Յ Տ Ա Ր Ա Ր ՈՒ Թ Ի Ւ Ն Ը

Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հաւաքական դիրքորոշումը ներկայացուած է ս. թ. Ապրիլ 14-ի Ազգային ժողովի յայտարարութեամբ` վերահաստատելով, որ միջազգային հարթակներու վրայ ընթացող քննարկումներու եւ բանակցութիւններու օրակարգերը մեզի համար ընդունելի են միայն վերոնշեալ յայտարարութեամբ ազդարարուած դրոյթներու հետ համադրելիութեան պարագային:

Պրիւքսէլի մէջ վերջերս կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքները ներկայացնող Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը տարակուսանքի տեղ կու տայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման էութիւնը նենգափոխելու եւ 30-ամեայ բանակցային գործընթացով կուտակած ժառանգութիւնը խեղաթիւրելու տեսանկիւնէն: Առաջին անգամ բանակցային խօսոյթով փորձ կը կատարուի հրաժարելու «Լեռնային Ղարաբաղ» քաղաքական եւ աշխարհագրական հասկացութենէն, եւ շրջանառութեան մէջ կը դրուի «Ղարաբաղի ցեղական հայ բնակչութիւն» բառակապակցութիւնը: Այս ամէնը լիովին համահունչ է Պրիւքսէլի հանդիպումէն առաջ եւ, ընդհանրապէս, վերջին շրջանին Ազրպէյճանի վարչախումբին կողմէ տարածուող թէզերուն ու կը վկայէ Հայաստանի գործող իշխանութիւններու արտաքին քաղաքական ուղեգիծի նահանջին մասին:

Եւրոպայի խորհուրդի դերակատարութիւնը արագացուած ընթացքով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու գործին մէջ կարելի էր հասկնալ, եթէ նոյնպիսի հետեւողականութեամբ արձագանգուէր 2020թ. Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման: Անվտանգութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին շեշտադրումը 44–օրեայ պատերազմի ընթացքին որոշ չափով ընկալելի կրնար ըլլալ իր ինքնիշխանութիւնը պաշտպանող Արցախի ժողովուրդին համար:

Ստեղծուած պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են առաջնորդուելու բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններու մէջ առաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշումով՝ հիմք ընդունելով 1992թ. Յուլիս 8-ի ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի որոշումը՝ համաձայն որուն «Հայաստանի համար անընդունելի կը համարուի միջազգային կամ ներպետական ամէն փաստաթուղթ, ուր ԼՂՀ-ն նշուած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:

Ե´ւ Արցախի, ե´ ւՀայաստանի մէջ գործող իշխանութիւններուն համար առաջնահերթ պէտք է ըլլան հայկական երկու հանրապետութիւններու կազմաւորման մասին հռչակագրերը, 1991թ. Սեպտեմբեր 2-ի որոշումով ու 1991թ. Դեկտեմբեր 10-ի անկախութեան հանրաքուէով ամրագրուած արժէքները: Որեւէ պաշտօնեայ, որեւէ քաղաքական ուժ լիազօրուած չէ առանձնաբար որոշելու հայրենիքի ապագան, որուն կերտման համար մեր ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներ չեն խնայած իրենց կեանքը:

Մենք կը գտնուինք պատմական որոշումներ կայացնելու հրամայականին առջեւ, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար խուսափիլ սերունդներուն առջեւ պատասխանատւութիւն կրելէն:

ք. Ստեփանակերտ

24 Մայիս, 2022թ.    

«Ազատ Հայրենիք –ՔՄԴ»

«Արդարութիւն»

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»