Մամետեարով Յայտարարած է, Որ Արցախի Մէջ Ապրող Հայերը Պէտք է Ազրպէյճանի Քաղաքացիութիւն Ընդունին

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Էլմար Մամետեարով՝ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումը համարած է դրական քայլ՝ նշելով, որ իւրաքանչիւր նման հանդիպումէ ետք նոր համաձայնութիւններ կ՝ըլլան։

Ըստ «Երկիր»-ի՝ Unikal-ին Էլմար Մամետեարովը նշած է, որ թէեւ նախորդ հանդիպման արձանագրուած է դրական յառաջընթաց, սակայն այս անգամ ձեռք բերուած են աւելի յստակ համաձայնութիւններ:

«Ամենակարեւորը այն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին սահմանին՝ սահմանազատման եւ սահմանազատման հարցերու հետ կապուած։ Այսինքն՝ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան ոչ թէ երրորդ երկրի մէջ, այլ պետական սահմանին։ Ես առաջին օրէն ըսած եմ, որ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը դէմ առ դէմ Կարեւոր է։ Ես կը հաւատամ, որ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային։

Համաձայնութիւն եղած է նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում իրականացնելու վերաբերեալ: Ընդհանուր առմամբ, ես շատ դրական կը գնահատեմ այս հանդիպումը։ Ի հարկէ, ոչ բոլոր հարցերը կարելի է լուծել մէկ օրուան մէջ։ Անհրաժեշտ է ճշտել մանրամասնութիւնները, որպէսզի գործընթացը ընթանայ աւելի դրական ճանապարհով»,- աւելցուցած է Մամետեարովը։

Մամետեարովը նաեւ անդրադարձած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ միանշանակ չեն ընդունուիր տեղի ունեցող գործընթացները։ «Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ատոր։ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը կը հասկնայ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ղարաբաղեան հարցը լուծուած է, եւ այնտեղ ապրող հայերը պէտք է ընդունին ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն»,- ըսած է Մամետեարովը՝ յայտարարելով, թէ, այնուամենայնիւ, Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր կ՝իրականացնեն ռեւանշիստական ուժերը։