ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումին

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, Շաբաթ, 21 Մայիսին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Դիմադրութիւն» «Զարթնի՛ր Լաօ» շարժումի զօրակցական երթ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Երթը ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն եւ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն` «Աբրահամ Աշճեան», «Արաքս», «Մարաշ» թաղերուն մէջ, հասաւ մինչեւ Տորա, ապա կրկին վերադարձաւ եւ ընթացքը աւարտեց Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ:

ԼԵՄ-ականները իրենց ձեռքերուն բռնած էին «Զարթնի՛ր Լաօ» եւ «Դիմադրութիւն» պաստառներ, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ:

«Ձեզի համար Արցախը տարածք է, մեզի համար` սուրբ հայրենիք», «Տէ՛րն ենք մեր հայրենիքին», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» կարգախօսներով եւ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեանբ կատարուած երթին ընթացքին ԼԵՄ-ականները ժողովուրդին բաժնեցին «սթիքըրներ»:

Երթի ընթացքին մնայուն կերպով հնչեց նաեւ «Զարթի՛ր լաօ» երգը:

Նշենք նաեւ, որ օրեր առաջ ԼԵՄ-ը` ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին եւ ուղեկից միութիւններուն հետ միասին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստան Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ յուշագիրով մը պահանջեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը