Փաշինեանը Սեփական Աթոռի Համար Հայաստանն ու Արցախը Աշխարհաքաղաքական Աճուրդի Հանած է. Յայտարարութիւն

Հայաստան

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիև հանդիպման արդիւնքները մէկ անգամ եւս հաստատեցին այն պնդումները, որ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները ամբողջութեամբ կ՝ընթանան ազրպէյճանական օրակարգով:

Նիկոլ Փաշինեանը, յանուն սեփական աթոռի պաշտպանութեան, Հայաստանն ու Արցախը հանած է աշխարհաքաղաքական աճուրդի:

Հայաստանը մօտեցած է եզրագիծի մը, որմէ այն կողմ հարցականի տակ կը դրուի ոչ միայն Արցախի ապագան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուազագոյն ինքնիշխանութիւնն ու սուբյեկտայնութիւնը Այսրկովկասի մէջ։

Շարլ Միշելի տարածած յայտարարութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող Հայաստան-ԵՄ ՀԸԳ համաձայնագրով ամրագրուած՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու իրաւագիրին մասին: Չի խօսուիր անգամ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման անհրաժեշտութեան մասին, որ կը հակասէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 19-ին Եւրոպական Միութեան անունով եղած յայտարարութեան։

Կողմերը խուսափած են անգամ «Լեռնային Ղարաբաղ» եւ «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ» եզրոյթներէն: Փոխարէնը օգտագործուած է «Ղարաբաղի ցեղական հայկական բնակչութիւն» ձեւակերպումը եւ խօսուած է Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու մասին, որոնք պէտք է ապահովէ Ազրպէյճանը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Ղարաբաղի հայերը, ըստ Փաշինեան-Ալիեւ համաձայնութեան, կը դիտարկուին իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Նոյնիսկ օգտագործուած է «Հայաստանի տարբեր շրջաններու միջեւ Ազրպէյճանի տարածքով տարանցման» եզրոյթը, որ եւս ծայրայեղ վտանգաւոր հետեւանքներ կ՝առաջացնէ, ընդհուպ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքներու նկատմամբ ազրպէյճանական հերթական ապօրինի պահանջներու հնարաւորութիւն:

Արձանագրելով, որ Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը դէմ է Հայաստանի ու Արցախի շահերուն, կը սպառնայ մեր պետութեան գոյութեան ու պիտի յանգեցնէ Հայաստանի թրքացման, կը նպաստէ Արցախի հայաթափման՝

կը վերահաստատենք.

Նիկոլ Փաշինեանը օրինական չէ, չունի ՀՀ քաղաքացիներու եւ հայ ժողովուրդի իրաւագիրը՝ մեր երկիրը նոր զիջումներու տանելու, թուրք-ազրպէյճանական օրակարգը սպասարկելու համար: Իր հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չեն արտայայտեր հայ ժողովուրդի կարծիքը եւ առոչինչ են։

Արցախը որեւէ կարգավիճակով չի՛ կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, Հայաստանի տարածքները պէ՛տք չէ նուիրուին Ազրպէյճանին: Հայաստանի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները պէ՛տք չէ կարգաւորուին ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքներու ներքոյ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուծումը մէկն է՝ իշխանութենէն հեռացնել պարտութեան խորհրդանիշ Նիկոլ Փաշինեանն ու ձեւաւորել Ազգային համաձայնութեան նոր իշխանութիւն։

«Դիմադրութիւն» շարժում
Ֆրանսայի հրապարակ
23.05.2022