Խօսիլ Սփիւռք(ներ)ի Գոյութենական Խնդիրներու Մասին, Եթէ Արդէն Ուժ Չէ. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յայտագիրներու պէս կրկնենք, մանաւանդ՝ լսենք Չարենցի Պատգամը. «Ո՛Վ ՀԱՅ ԺՈՂՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱ՛Կ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է»: Եթէ երէկ չլսեցինք, լսե՛նք այսօր:

            Իրապէս գիտե՞նք, թէ ի՞նչ կայ  Սփիւռք բնորոշումին մէջ կամ ետին:

            Հայաստանի եւ սփուռք(ներ)ի իշխանութիւնները, եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, մտաւորականները, համայնքները, անթիւ ու անհամար միութիւն-կազմակերպութիւնները հասարակաց պատկերացում եւ սահմանում ունի՞ն տարտղնուած դեռ հայկական համարուող հաւաքականութիւններու մասին, զորս կը դասենք ընդունուած Սփիւռք եզրին տակ:

Ի՞նչ է սփիւռքը հայ ազգին յարաբերաբար:

            Սփիւռք եւ ազգ մէ՞կ են, թէ՞երկու:

            Մէկդի դնելով մեր ծիածնային գոյներով մրցակցութիւնները, տարակարծութիւնները, հին եւ չհինցող քէները, եւ ամէն կարգի մասնակի ըմբռնումները, պէտք է կարենանք մենք մեզ լուսաբանել առանց կողմնապաշտութեան, մանաւանդ՝ առանց արդարացումներու եւ  տեսակաւոր շահեր հետապնդելու, փորձել պատասխանել հարցումներու, որոնք ամբողջական ըլլալու յաւակնութիւնը չունին, բայց կարեւոր են ուղղութիւն ճշդելու համար, գիտնալու, թէ ո՞ւր կ’երթանք, կամ ո՞ւր կը տանին մեր ժողովուրդը, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի, ո՞ւր հասնելու համար եւ որպէս ի՞նչ:

            Մտածենք այս մասին: Բայց մտածել՝ ինչպէ՞ս:

            Մտածելու համար տուեալներ պէտք են, որպէսզի անվաղորդայն մնալու դատապարտուած կարծիքներ չգումարենք:

Սփիւռքը ազգէն հատուած է, բայց ազգի հատուած է՞ թէ ոչ: Ազգը կը սահմանուի հայրենիքով, ուր կան գոյացման ստորոգելիները. պետութիւն, ղեկավարութիւն, համախումբ կեանք, լեզու, մշակոյթ՝ իր բոլոր առումներով եւ արտայայտութիւններով, մշակուող հող եւ արտադրական կառոյցներ, պատմութիւն եւ առասպելներ՝ քանդակուած տարածքներու վրայ,- դաշտեր եւ ժայռեր,- նախահայրերու ներկայութիւն՝ շիրիմներ եւ անուններ: Մէկ խօսքով՝ միութիւն եւ ամբողջութիւն:

Սփիւռք(ներ)ը, ընդհանուր բնութագրումով, գաղթականներու անորոշ եւ բազմաբնոյթ ցրուած համախմբում էր եւ է: Նոյնիսկ եթէ այսօր նոր կենցաղի եւ նոր մշակոյթի մէջ մերուելով, այս կոշտ իրականութիւնը կը փորձենք մոռնալ, հակամէտ ենք մոռնալու: Մարդկային ուրիշ միջավայր-կաղապարի մէջ, եւ ապրելու-տեւելու համար մարդիկ պիտի պատշաճին, այսինքն՝ առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ՝ պիտի դադրին նախկինը ըլլալէ, այդպէս է արմատներէ հեռու ըլլալու եւ հեռանալու տրամաբանութիւնը: Պատշաճեցումը կ’ըլլայ նախկին կացութեան յատկանիշներու առաւել կամ նուազ զիջումներով, որոնց հետեւանքով, սկզբնական ազգին յարաբերաբար, կը յառաջանան տարբերութիւններ, անոնք ըլլան տեսանելի, նիւթական, արմատական, թէ հոգեբարոյական: Օրինակ, երեւութապէս ոչ-ուշագրաւ, պատշաճեցումներով կը փոխուին անունները, երբեմն նոյնիսկ՝ ընտանեկան:

Սփիւռք(ներ)ի բնակավայրերը  հայկական գաւառներ չեն, նոյնիսկ եթէ ասդին կամ անդին համախումբ կ’ապրինք: Միջին Արեւելքի մէջ եղած են եւ կան թաղամասեր, որոնք գաղթականներու անցեալի հիւղաւաններու շարունակութիւն են: Այդ գաղթակայանները կը փոխուին եւ կ’անհետանան քանի կը շեշտուի համարկումը (integration)ը, այս ընթացքը աւելի արագ է մեծ եւ զարգացած երկիրներու մէջ: Աստիճանական բարօրութեան ձեռքբերումը եւ տեղւոյն լեզուական-կրթական համակարգի ընդգրկումը անցեալի գաղթականը կը դարձնեն քաղաքացի բնակիչ, որ կ’ապրի, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, հիւրընկալ երկրի բարքերով, լեզուէն, մշակոյթէն, արուեստներէն մինչեւ խոհանոց: Յաջողութեամբ բարօրութեան ձեռքբերման զուգահեռ կը զարգանայ քաղաքացիական համարկումը, որուն գինն է արմատներու մշակոյթէն հեռացումը :

            Որքան ալ յամառօրէն սփիւռքի համայնքները,- անոնց ղեկավարութիւնները,-  ուզեն կառչած մնալ արմատ-ազգին, ինքնութիւն պահել, իրողութիւնը այն է, որ տեղատուութիւնը եւ նահանջները կանոն են, տարբեր կշռոյթներով եւ ընթացքով, աշխարհի տարբեր գօտիներուն մէջ: Կացութեան ո՛չ մէկ իրատեսական եւ առարկայական պատկերացում ունինք: Այն օրէն ի վեր, որ վերադարձի օրակարգը անմիջականութիւն ըլլալէ դադրեցաւ, մանաւանդ երկրորդ աշխարհամարտի ներգաղթի ձախող փորձէն ետք, գաղթականութիւն ըլլալու զգացողութիւնը տժգունեցաւ, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, ըստ աշխարհագրական վայրերու եւ անոնց մշակոյթին:

Համայնքներ կան, որոնց սեփական լեզու-մշակոյթով շաղախումը ազգին հետ հետզհետէ կը նուազի, նուազած է, յաճախ դառնալով սեղմ շրջանակներու յամառ ճիգ: Կրօնքի ճամբով շաղախումը աւելի լայն ծիր ունի, բայց ան ալ յաճախ կը սահմանափակուի արարողակարգով. կիրակնօրեայ պատարագ, մկրտութիւն, ամուսնութիւն, թաղում, հոգեհանգիստ:

            Այս հարցերուն մասին երբ խօսինք,- եթէ խօսինք,- նոյնիսկ տարբեր կարծիքներ արտայայտելով եւ տեսութիւններ մշակելով, չունինք ընկերաբանական իրաւ առարկայական տուեալներինչ կը վերաբերի որպէս ազգի հատուած ըլլալու գիտակցութեան եւ յանձնառութեան: Վիճակագրութիւններ եւ թիւեր չկան ճիշդ գնահատումներ ընելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու համար: Սփիւռքը եւ զայն բաղկացնող համայնքները երէկ գաղթական էին, այսօր տարբեր քաղաքացիութիւններով, բարքերով եւ յաճախացող տարբեր լեզուներով հաւաքականութիւններ են, դեռ պահելով հանդերձ նոյն ծագումով ըլլալու կամ եղած ըլլալու հանգամանքը: Կրկնեմ, որ տարբերութիւնները եւ անոնց պատճառները ցուցաբերող տուեալներ եւ վիճակագրութիւններ չունինք, հասկնալու համար հեռաւորութիւնները եւ հեռացումները, որոնք յառաջացած եւ պիտի շեշտուին ժամանակի ընթացքին:

Ազգի հատուած, ազգէն հատուած ըլլալու բացասականութիւնը ինչպէ՞ս սրբագրել, ինչպէ՞ս դարմանել, ինչպէ՞ս յաղթահարել:

Այս գոյութենական հարցն է ազգի թէական կերպով աւելի քան կէսին:

            Առանց հայրենատիրութեան իրաւունքի, որ կը նշանակէ ներկայութիւն, մասնակցութիւն եւ յանձնառութիւն հայրենիքի կեանքին, միշ՛տ պարտաւորութեամբ եւ իրաւունքով, սփիւռք(ներ)ը ժամանակ մըն ալ կը տեւէ որպէս համայնքներ: Այս կացութիւնը պէտք է քննել եւ յանգիլ համապատասխան քաղաքական-կազմակերպական եզրակացութիւններու, ազգային գաղափարականի եւ միացումով հզօրութիւն նուաճելու համար:

            Պարզ է: Սփիւռք(ներ)ը պէտք է նուաճէ ազգի լիիրաւ անդամութեան կարգավիճակ, ան պէտք է ընդունուի որպէս այդպիսին, առանց գերադասութեան եւ ստորադասութեան: Այսինքն վերջ պէտք է գտնէ Հայաստանի կողմէ Սփիւռքը կառքի հինգերորդ անիւը համարելու վարքագիծը, ինչ որ յաճախ կրկնած եմ: Այս իմացական-քաղաքական յեղափոխութիւնը կը պահանջէ, որ առաջնորդուինք իրաւ եւ ամբողջական, նուազուրդի չենթարկուած գաղափարախօութեամբ, ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ սփիւռք: Այլապէս, ինչ որ այսօր հատուած է, վաղ թէ ուշ, կը դատապարտուի կորստեան:

            Այս իմացական-յեղափոխութիւնը կը պահանջէ տեղական-տեղայնական մտայնութիւներու արմատական փոփոխութիւն, նուաճելու համար մէկութիւն, որ կը նշանակէ ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը որոշելու հաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ, յանգելու համար հոն, որ Հայաստանի եւ Հայութեան ճակատագիրը կ’որոշուի, ոչ միայն «Հրազդանի ափին», այլ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ կողմէ, շրջանցելով պատմութեան չարութեամբ պարտադրուած բաժանումները եւ հեռացումները:

Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Հռոմի սրբազան քահանայապետը ըսած է. «Բոլոր միջոցներով հսկեցէ՛ք այս հիմնական վեհապետութեան վրայ, զոր ունի իւրաքանչիւր ազգ իր մշակոյթին բերումով: Զայն պաշտպանեցէ՛ք ձեր աչքերու բիբին պէս մարդկային մեծ ընտանիքի ապագային համար»:

            «Պաշտպանեցէ՛ք»-ի պատգամը պարզ պէտք է ըլլայ. միացումով: Միացումով յաղթահարել թշնամութիւններով մեզի պարտադրուած բաժանումները, հեռացումները, տարբերութիւնները, այս ընել՝ ո՛չ թէ զանազան ԵՍեր բաւարարելու համար:

            Իրականութիւն պէտք է դարձնել Սփիւռք-Հայաստան միասնութիւն կարգախօսը, մեր ազգային-քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն:

            Այս կ’ըլլայ ազգային-քաղաքական-գաղափարախօսական ներազգային մեր մեծ յաղթանակը, առանց շնչահատ ըլլալու իրաւունք նուաճելու ամբոխահաճական ճահիճի մէջ:  Այս է վերականգնումի ճանապարհը:

            Այս հարցի արծարծումը պէտք է շարունակել՝ ներսը եւ դուրսը:

            Եւ յեղափոխուելով յեղափոխել մտայնութիւնները: