Բողքի Նամակ՝ ԻԻՀ-ի Մէջ ՀՀ Դեսպան Արսէն Աւագեանին

Հայաստան, Սփիւռք

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան

Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝
Յարգելի Պրն. Արսէն Աւագեան

Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ազգի ապագային այսօր կը սպառնան լրջագոյն վտանգներ: Սփիւռքը աչալուրջ կերպով կը հետեւի հայրենիքի մէջ տիրող այս ճգնաժամային իրադրութեան: Պարզամտութիւն է համարել, որ Սփիւռքը անտեղեակ է պատմութենէն, քաղաքական իրադարձութիւններէն ու ներկայի բազմապիսի խնդիրներէն: Մեծագոյն սխալ է նաեւ այն, որ ՀՀ ներկայ թրքահաճոյ իշխանութիւնը կը փորձէ իրավիճակը ներկայացնել իբրեւ զուտ քաղաքական ներքին խնդիր, որուն պէտք չէ միջամտէ հայկական Սփիւռքը: Խնդրի նոյն այս սխալ ձեւակերպման հիման վրայ, սխալ գործելաոճ է որդեգրել ՀՀ սփիւռքի յատուկ յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեանը: Ան Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ կը փորձէ հետեւողականօրէն պառակտել հայկական սփիւռքը եւ 1in.am-ին տուած անոր հարցազրոյցը կը փաստէ ատիկա, որ ի դէպ առաջին անգամը չէ:

Հարկ է նշել, որ Սփիւռքը եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը գիտակից է եւ բծախնդիր հայրենիքին առնչուող հարցերուն նկատմամբ: Հերոսներու արիւնով սնուած հայրենի հողը սրբութիւն է մեզի համար: Իսկ այդ հողը աճուրդի հանած իշխանութեան ոեւէ ներկայացուցիչ թող իրեն թոյլ չտայ դաւաճանութեան մէջ մեղադրելու ազգային հզօր այն կառոյցը, որ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հաւատարիմ եղած է ու կը մնայ հայուն ու հայրենիքին:

Իբրեւ Սփիւռքի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ կը յորդորենք վերոյիշեալ անձին աւելի զգոյշ ըլլալու իր արտայայտութիւններուն մէջ: Նման քայլերով Սփիւռքը հայրենիքէն տարանջատելը պիտի չիրականանայ: Իսկ Նոր Ջուղան սփիւռքեան աւանդական ու պատմականօրէն հարուստ անցեալ ունեցող համայնքներէն մէկն է, որուն համար անսակարկելի են իր արժէքներն ռւ անհերքելի իր սրբութիւնները: Չափազանց հիւրասէր ըլլալով հանդերձ, Սինանեանի նման անձնաւորութիւններ, որոնք կը փորձեն արժեզրկել ու ոտնահարել մեր ազգային արժէքները, անկասկած մեր հիւրընկալութեան պիտի չարժանանան. Ընդհակառակը այստեղ միայն կրնան հանդիպիլ ժողովրդական բուռն ցասման ու բողոքի դրսեւորման՝ թէ՛ իր անձին եւ թէ՛ Հայաստանեան ներկայ դաւադիր իշխանութեան գործունէութեան դէմ:

Մէկ անգամ եւս վերահաստատելով մեր դիրքորոշումը կը յայտնենք, որ կանգնած ենք Հայաստանի մէջ ազգային-ազատագրական պայքարի ելած մեր քոյր ու եղբայրներու կողքին եւ պատրաստ ենք անոնց հետ միասին պայքարելու մինչեւ վերջ, քանի որ հայրենիքը մէկն է: Հայաստանն ու Արցախը համայն հայութեան հայրենիքն է:

Հ.Յ.Դ. «Ռուբէն» Երիտ. Միութիւն
Ն. Ջ. Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Ուսանողական եւ Սկաուտական Միաւորներ

22 Մայիս, 2022 – Նոր Ջուղա, Սպահան, Իրան