Մայիսեան «Ապրիլեան Ոգեկոչում Մը» Սփիւռքի Տարուան» Մէջ. Համազգայինի Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինար Լիբանանի Մէջ

Սփիւռք

«Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարը Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ին, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ համախմբեց լիբանանահայ աւելի քան 130 երիտասարդներ:

Սեմինարը արգասիքն էր ամիսներու աշխատանքի մը, որուն մէջ կատարուած ներդրումը միայն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին չէր պատկաներ: Անիկա կը վայելէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նեցուկն ու օժանդակութիւնը «Թռչնոց Բոյն»-ի տնօրէնութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին:

Սեմինարի նախօրեակին դասախօսներ Լիբանան հասած էին Ամերիկայէն, Չեխիայէն, Քուէյթէն եւ Սուրիայէն` Լիբանանի դասախօսներուն հետ միասին սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:

Զեկուցաբերները թիւով 14 էին, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտութեան համապատասխան օրուան նիւթերուն առնչուող հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդիկ, իսկ մասնակիցները կու գային իբրեւ ներկայացուցիչներ` լիբանանահայ գաղութի տարբեր միութիւններու, վարժարաններու, դպրեվանքներու եւ համալսարաններու: Անոնց տարիքը 18-24-ի միջեւ էր: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ նախապէս արձանագրուած եւ առնչուող նիւթերուն հաղորդակից դառնալու փափաք ու հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր:

Ինչո՞ւ սակայն կը կազմակերպուէր նման ձեռնարկ մը այս օրերուն, պատասխանը կու գար յանձնախումբի կազմած սեմինարի ծրագիրէն` հետեւեալ ձեւով.

«Վերոնշեալ հոգեխոցէն ետք պէտք էր բացատրել օտարացումի եւ կործանման զգացումները, եւ «ես»-ի եւ «ինքնութեան» մասին նոր աւանդութիւններ եւ խօսոյթներ կառուցել: Հայութիւնը պէտք է վերակառուցուէր իբրեւ ազգ: Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ հաւաքական ցնցող փորձառութիւն, դարձաւ դէպի այս նպատակակէտը առաջնորդող կարեւորագոյն տարրերէն մէկը: Այնուամենայնիւ, ինքնութեան վերակառուցումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ պայքար` միջազգային քաղաքական ուժաբանութեան, գաղթի նորոգուող ալիքներու եւ Հայաստանի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան սպառնացող շարունակական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, որոնք կը շարունակեն աւելի բարդացնել արդէն իսկ բազմաշերտ եւ բազմաբնոյթ հայկական սփիւռքի զարգացումը: Այս պայքարը տեսանելի է ո՛չ միայն մտաւորական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ ժառանգութեան եւ մշակոյթի հետ հայութեան աւելի անմիջական փոխազդեցութիւններուն մէջ:

Այս պատճառով ալ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, ի պատրաստութիւն 2022-ին Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագիրներուն, որոշեց փոխան ապրիլեան դասական ձեռնարկի յղացքին եւ ոճին` վերլուծական-քննական մօտեցումով յիշատակել հայ ժամանակակից ինքնութիւնն ու մշակոյթը բնորոշող այս կարեւոր իրադարձութիւնը»:

Մասնակիցներուն համար օրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն, երբ բոլորը «Շաղզոյեան» եւ «Աղբալեան» կեդրոններէն հանրակառքերով ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Ապա Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին բարի գալուստի խօսքին մէջ յայտնեց. «Կասկածէ վեր է, որ սփիւռքը հայրենիքին ու հայութեան աներեւելի ուժն է: Ինչո՞ւ աներեւելի. որովհետեւ սփիւռքի մէջ բոլորս ալ ստիպուած ենք մեր ապրած երկրին պատկանելիութեան շապիկը հագուիլ, սակայն էութեամբ ու ինքնութեամբ հայ մնալ, հայ ապրիլ եւ հայութեան համար գործել ու ստեղծագործել: Սակայն, եթէ ասիկա աներեւոյթ է, այդ չի նշանակեր, որ ան նուազ ուժի տէր է: Ընդհակառակն, աներեւոյթը աւելի ուժ կրնայ պարունակել, քան` երեւելին: Այսուամենայնիւ, սփիւռքի ուժը զգալի կը դառնայ, երբ մենք յաջողինք այդ ուժը կազմակերպել, համախմբել, արժեւորել եւ քաջալերել: Ահա, այս պատկերացումով, Համազգայինը կը ներկայանայ աննախընթաց այս սեմինարով, որուն ընթացքին վեր պիտի առնուին սփիւռքի հայկական գրականութեան, երաժշտութեան, կերպարուեստի-տեսողական արուեստներու, սփիւռքեան կառոյցներու եւ համայնքային կեանքի ստեղծարար ոգին եւ աւանդը»:

Յայտագիրի բացման զեկուցումը ներկայացուց կատարեց Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս եւ տեղւոյն Հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան: «Դար մը Մեծ եղեռնի ուրուականին հետ» խորագիրով անոր ներկայացումը անդրադարձ մըն էր Եղեռնի օրերէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունեցած անկիւնադարձային իրադարձութիւններուն, աշխարհի չորս դին հանրային ոգեկոչման առաջին ձեռնարկներուն, մամուլի մէջ լոյս տեսած յիշատակումներուն եւ նահատակներու յիշատակին նուիրուած աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ կառուցուած յուշարձաններուն:Սեմինարը ունէր նաեւ հիւր դասախօս մը` լիբանանցի երաժշտահան, գրող եւ թատերգակ Ղատի Ռահպանին: Ռահպանի արաբերէնով ներկայացուց «Հայ արուեստագէտներուն ներդրումը լիբանանեան մշակութային ինքնութեան կազմաւորման մէջ» զեկուցումը:

Օրուան մէջ խտացուած յայտագիրը կը բաժնուէր 4 գլխաւոր նիւթերու` «Լեզու եւ Գրականութիւն», «Երաժշտութիւն», «Բեմ եւ Պաստառ», «Սփիւռքեան Կառոյցներ եւ Համայնքային Կեանք»:

Առաջին թեման էր «Լեզու եւ Գրականութիւն»-ը, որ ներկայացուեցաւ դասախօսներ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի, դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի եւ Անիթա Մուչոյեանի կողմէ: Նիստը վարեց Քրիստ Խրոյեան:«Լեզու եւ գրականութիւն»-ը սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական կեդրոնի դասախօս, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն, գրաքննադատ Արմէն Իւրնէշլեանի «Գրականութիւն եւ Հոգեխոց» դասախօսութեամբ: Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ հայ արձակագիրներու եւ բանաստեղծներու յետեղեռնեան հոգեխոցի արտայայտութիւններուն եւ պատկերացումներուն:

Թեմայի երկրորդ դասախօսութիւնն էր «Սփիւռքի Գրականութեան Ա. եւ Գ. Սերունդներ` Ձուլումէն Յետյիշողութեան Վաւերագրում եւ Պահանջատիրութիւն», որուն դասախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս եւ HU Writing Center-ի հիմնադիր տնօրէն Անիթա Մուչոյեան: Ան անգլերէն լեզուով իր այս ներկայացումին համար առաջին սերունդէն որպէս ներկայացուցիչ ընտրած էր Ուիլիըմ Սարոյեանը, եւ 3-րդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Փիթըր Պալաքեանը. առաջինը` ցեղասպանութեան արարքի ըմբռնումի իր գրականութեամբ, իսկ երկրորդը` իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան իր պոռթկումով:

Թեմայի վերջին ներկայացումը յատկացուած էր հայ համայնքային կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի ունեցած դերին: «Արեւմտահայերէնը` Խորհրդանիշը Վերապրումի եւ Գոյատեւումի» ներկայացումը կատարեց Քուէյթի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի համալսարանի մարդաբանական բաժանմունքի դասախօս, լեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան: Ան իր ներկայացման մէջ անդրադարձաւ տեղահանման հետեւանք` «զոհ սփիւռք»-ի յատկանիշներուն, համայնքին մէջ հայ լեզուն պահելու համար հայութեան փորձերուն` լուսարձակի տակ առնելով հայ լեզուի կարեւորութիւնն ու դերը, յատկապէս լիբանանահայ համայնքի տարբեր խաւերէն իր հաւաքագրած զանազան արտայայտութիւնները իբրեւ հիմք ունենալով:

Երկրորդ նիստը «Երաժշտութիւն»-ն էր, որուն որպէս դասախօսներ իրենց մասնակցութիւնը բերին դոկտ. Սիլիվա Անժելիք Ալաճաճի, դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան եւ Զաքար Քէշիշեան: Նիստի զրուցավարն էր Կարէն սրկ. Եօսուլքանեան:

Երկրորդ թեմայէն ետք հասաւ ճաշի պահը, ուր ներկաները ճաշակեցին «Թռնչոց Բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբի պատրաստած համադամ ճաշերը, եւ ժամ մը ետք, անգամ մը եւս անցան սրահ` ունկնդիրներ դառնալու համար սեմինարի երկրորդ կիսուն, եւ երրորդ թեմային` «Բեմ եւ պաստառ»-ին:

Այս նիստի դասախօսներն էին դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Վաչէ Ատրունի եւ Հրաչ Թոքաթլեան. անոնց հետ զրուցեց Գայիանէ Մածունեան:

Երրորդ թեման աւարտելէն ետք, կարգը հասած էր չորրորդ ու վերջին նիստին` «Սփիւռքեան Կառոյցներ եւ Համայնքայնին Կեանք»-ին: Դասախօսներն էին Լեւոն Շառոյեան, Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան եւ Հրակ Աւետանեան, իսկ զրուցավարը` Գրիգոր Ալոզեան:

Թեմայի դասախօսութիւններու բացումը կատարեց Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայագիտական հիմնարկի այցելու դասախօս Լեւոն Շառոյեան, իր «Յետեղեռնեան մտորումներ` սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ» դասախօսութեամբ, որ պատմական ակնարկ մըն էր յետեղեռնեան շրջանին սփիւռքահայ մամուլի մէջ լոյս տեսնող յատկանշական լուրերուն եւ պատմական իրադարձութիւններուն: Ան առանձնաբար քաղուածքներ մէջբերեց Մխիթարեաններու «Բազմավէպ»-էն եւ Պոլսոյ «Ազատամարտ»-էն, տեղւոյն վրայ նաեւ վերլուծումներ կատարելով եւ անոնց անկիւնադարձային ու ճակատագրական ըլլալը նշելով:

Երկրորդ դասախօսութիւնն էր «Յետցեղասպանութեան կրթական կառոյցներ եւ ազգային ինքնութեան կազմաւորում»-ը, իսկ դասախօսը` Հայկազեան համալսարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի եւ հայագիտական կեդրոնի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Դասախօսը իր ներկայացումին մէջ անդրադարձաւ հայ դպրոցին դերին, ի մասնաւորի անհատական եւ հաւաքական ապահով ու բարեկեցիկ պայմաններու ստեղծումի պահանջներու գոհացումին, լեզուի, մշակոյթի քաղաքացիական եւ ընկերային-քաղաքական կեանքի առողջ ընթացքի ապահովման ուղղուած կրթական նպատակակէտերուն, ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգին հետ խորքային առնչուածութեան, իրազեկութեան եւ անկէ բխող առողջ եւ հաւասարակշիռ պատկանելիութեան զգացումի կերտումի գործընթացներուն:

Չորս թեմաներու դասախօսութիւններու փակումը կատարեց հետազօտող, յօդուածագիր եւ Պէյրութի Մամուլի ու թուային գրագիտութեան ակադեմիայի աշխատակից Հրակ Աւետանեան` իր «Սփիւռքեան հայրենիքի մը կառուցումը` Լիբանանի փորձառութիւնը» ներկայացումով: Ան ներկայացուց յետեղեռնեան շրջանին Լիբանանի մէջ եռուն ու ծաղկող մշակութային շարժումը, որուն յառաջապահներն էին միութիւններն ու կուսակցութիւնները` իրենց հիմնած դպրոցներով, հայրենակցական միութիւններով եւ կառուցած եկեղեցիներով: Աւետանեան նշեց, որ սփիւռքը հայրենիքէն հեռու ըլլալով, իր հայեացքը միշտ յառած մնաց իր հայրենիքին ու ներշնչուելով անկէ, պահեց իր ինքնութիւնը եւ ծաղկեցուց մշակութային հայրենիք մը հայրենիքէն դուրս:

Եւ որովհետեւ աշխարհագրական հայրենիքէն դուրս եղած այդ մշակութային հայրենիքը պարզաբանումի, սահմանումի, եւ անոր պատկերը բիւրեղացումի կարիքը ունի, դասախօսութիւններու հարուստ այս շարքէն ետք սեմինարը ունեցաւ «Մշակութային հայրենիք» կոչուած ազատ քննարկում մը, որուն համար որպէս հիւր զրուցավար սեմինարին ներկայ էր քաղաքագէտ, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի աշխատակից եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի խօսնակ Արմէն Ապտալեան: Սոյն զրոյցին պատահականօրէն ընտրուեցան ներկայ մասնակիցներէն արուեստի տարբեր մարզերու մէջ դերակատարութիւն ունեցող երիտասարդներ, որոնց հետ զրուցավարը երկխօսութիւն ունեցաւ եւ հարցումներ ուղղելով փորձեց մտածել տալ պահ մը` աւելիին մասին:

Սեմինարի աւարտին ներկաները ունեցան ընկերային պահ: Այնտեղ կարծիքներ փոխանակեցին ու տպաւորութիւններ փոխանցեցին ձեռնարկին մասին:

Սեմինարը միօրեայ էր, եւ մէկ օրուան մէջ փոփոխութիւն կարելի չէր բերել, սակայն մէկ օրը կրնայ հանդիսանալ առաջին օրը նոր մտածումի մը, նոր հայեցակարգի մը, նոր կեցուածքի մը, որ օրերու ընթացքին կրնայ մշակուիլ, զարգանալ եւ ինչու չէ` տանիլ մեծ փոփոխութիւններու: