Արցախը Երբեք Չի Կրնար Մաս Կազմել Ազրպէյճանին. ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր ըսուած է.

«Երկու ամիսէն պակաս ժամանակամիջոցին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշէլ երկրորդ անգամ հիւրընկալած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի շուրջ բանակցելու համար, ինչպէս նախապէս յայտարարած է նախագահ Շառլ Միշէլ:

9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութենէն վերջ, Ազրպէյճան բազմաթիւ անգամներ եւ տարբեր ձեւերով խախտած է ձեռք բերուած համաձայնութիւնները․-

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ կողմերը հրադադարէն վերջ կը մնան իրենց տեղերը, սակայն ազրպէյճանական զօրքերը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տասնեակ քիլոմեթրեր առաջ եկած են եռակողմ յայտարարութենէն վերջ.

– Օգտուելով հանգամանքէն, որ Արցախին սպասարկող կազատարը կ’անցնի ազրպէյճանական հսկողութեան տակ գտնուող տարածքով, ձմրան ցրտաշունչ ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական կողմը փակեց զայն՝ Արցախի ազգաբնակչութեան մատնելով աղէտալի պայմաններու։

– Սահմանամերձ հատուածներուն մէջ հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ կատարուած է հոգեբանական սպառնալիքներու կիրառում հայերէնով։

– Հայկական մշակոյթի կոթողներ, եկեղեցիներ եւ յուշարձաններ կը պղծուին եւ կ’ոչնչացուին, փորձելով անոնց հայկական ծագումը աղաւաղել։

– Կը շարունակուի ցեղային զտումներու տասնամեակներու քաղաքականութիւնը, որուն վերջնական նպատակը Արցախը ամբողջութեամբ հայերէն դատարկելն է։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, տարբեր երկիրներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ միասին, որոնք հարիւր հազարաւոր հայկական ծագումով եւրոպացի քաղաքացիներ կը ներկայացնեն, կոչ կ’ուղղեն Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին եւ Եւրոպայի գործադիր իշխանութեան այս հանդիպումին ընդառաջ հաշիւի նստելու հետեւեալ յոյժ կարեւոր հանգամանքներուն հետ․

Եւրոխորհրդարանը 10 Մարտին բանաձեւ ընդունած է, ուր խիստ մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ ցեղային զտումներու յանցաւոր գործողութիւններուն եւ հայկական մշակութային կոթողներու եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման նկատմամբ։

Արցախի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները պէտք է անպայման տեղի ունենան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ, ուր, ի թիւս այլ հիմնարար սկզբունքներու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կը դիտուի իբրեւ գերակայ առաջնահերթութիւն։

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները պէտք է տեղի ունենան երկու երկիրներու համար ընդունելի պայմաններով, նկատի առնելով սահմանամերձ տարածքներուն մէջ ապրող ազգաբնակչութեան մարդու իրաւունքները եւ սահմաններու յառաջացման պատմական անցեալը։

Ազրպէյճանի կողմէն զինուորական յաջողութիւններուն հետ կապուած յարձակողապաշտ նկրտումները դատապարտելի են։

Բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ Պաքուի բանտերուն մէջ մինչեւ օրս կ՛ենթարկուին անմարդկային խոշտանգումներու։

Ազրպէյճան չ՛իրագործեր իր ստորագրութեամբ հաստատուած պարտաւորութիւնները՝ արհամարելով բազմաթիւ երկիրներու կառավարական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կոչերը։

Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական միաւորումներու օգնութեամբ ձեռք բերուած զինուորական յաջողութիւնը Ազրպէյճանը չի կրնար օգտագործել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը իբրեւ միջանցք օգտագործելու համար:

Նկատի առնելով վերոյիշեալ հանգամանքները, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւրոպական երկիրներու Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ միասին կը յայտարարէ, որ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է անկիւնաքարային կէտ ըլլայ, հետեւաբար Արցախը երբեք չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին։

Եւրոպան պէտք է օգտագործէ իր բոլոր լծակները ազդելու Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ եւ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ցեղային զտումը կանխելու։

Ազրպէյճան չի կրնար Արցախի ժողովուրդին խաղաղութիւն պարտադրել, որ վերջին հաշուով իր ոչնչացումը կը նշանակէ իր իսկ հազարամեայ հայրենիքին մէջ»։