Կինը եւ Պատերազմը. Մարուշ Երամեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կան բաներ, որոնք չեն մտածուիր, պարզապէս կ’ապրուին, երբ ստիպուած ես ապրիլ կացութիւն մը: Անշուշտ կը հեռանաս, եթէ առիթ ունիս նման անապրելի կացութիւններէ հեռանալու: Եթէ չունիս, պարզապէս կ’ապրիս:
Եթէ ֆրանսական կրթութիւն ստացած ըլլայի, գրութիւնս պիտի սկսէի երկու հարցումներով եւ անոնց շուրջ հիւսէի մտածումներուս ցանցը՝ ի՞նչ կը նշանակէ կին ըլլալ, եւ ի՞նչ ըսել է պատերազմ, հետեւաբար՝ ի՞նչ կը նշանակէ կին ըլլալ պատերազմի մէջ – կարծես շատ պարզ ըլլար կին ըլլալը խաղաղութեան մէջ:

Սակայն մէկ բան է ապրիլ խաղաղ, գոնէ համեմատաբար խաղաղ քաղաքի մը մէջ եւ գրել պատերազմի մասին, եւ ամբողջովին այլ բան՝ ըլլալ պատերազմի մը կեդրոնը. այս պարագային հաւանաբար գրել չըլլար, որովհետեւ երբ մահը կը պարէ շուրջդ, կրնաս միա՛յն խիտ կերպով ապրիլ քեզի տրուած կեանքը, մէկ աչքիդ խոշորացոյց դրած, միւսին՝ վարդագոյն ակնոց:

Այստեղ կ’ուզեմ լուսարձակս բանալ ա՛յն դրական երեւոյթներուն վրայ, որոնք կը ծաղկին կիներուն եւ անոնց ներքին ոյժին եւ տոկունութեան շնորհիւ, ամէնէն ժխտական եւ դժխեմ պարագաներու՝ պատերազմներու ընթացքին:
Հետաքրքրական է, որ կիները իրապէ՛ս տարբեր կեցուածք ունին պատերազմին մէջ, անկախ այն իրողութենէն, որ կարգ մը կիներ այրերուն հաւասար զէնք կը վերցնեն ու ճակատ կը մեկնին:

Պատերազմները ո՛չ նորութիւն են, ոչ ալ միայն կարգ մը վայրերու-երկիրներու յատուկ: Բոլոր երկիրներն ալ, երկիր ըլլալէ առաջ ու մանաւանդ՝ վերջ, ապրած են պատերազմը. ամէն տեղ ալ կիները նոյն կեցուածքը դրսեւորած են:
Նշեմ որ պատերազմը, փարատոքսալ կերպով որոշ հանգիտութիւններ ունի կատարողական արուեստներուն հետ. որքան ալ նկարագրութիւնը մանրամասն եւ ճոխ ըլլայ, ճշգրիտ կամ իրապէ՛ս արտայայտիչ, ատիկա կը մնայ տպաւորութիւն եւ ոչ՝ արուեստէն ծնած ապրում, զոր կարելի է միայն ու միայն կենդանի ելոյթի մը ներկայ ըլլալով ունենալ:

Պատերազմը եւս պէ՛տք է ապրիլ, գիտնալու եւ իմանալու երեւոյթին տարողութիւնը. այդ մասին կարդալը կամ լսելը շատ-շատ գիտելիք կ’աւելցնէ – թէեւ չեմ գիտեր թէ որո՞ւն պէտք է նման «գիտելիք»ը – բայց չի կրնար ապրումը փոխանցել:

Ժողովուրդը կ’ըսէ՝ կրակը ինկած տեղը կ’այրէ. այս եւ այլ առածներ ապրելով հաստատեցինք, որ ժողովրդական իմաստութիւնը միշտ ալ անսխալական կը մնայ. անշուշտ կրնար ըսել, թէ հարիւր առ հարիւր կը զգամ Արցախի պատերազմի օրերուն կիներուն ապրածը, Հայաստանի մութի ու ցուրտի տարիներուն կիներուն տառապանքը, նոյնիսկ՝ Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ ապրող կիներուն ապրածը կրցած եմ լրիւ ապրիլ: Թերեւս կը հասկնամ, բայց չեմ ապրիր:

Պատերազմներու ընթացքին իւրաքանչիւր ընտանիքի հարցերը կը մեծնան, տարողութիւն կը ստանան եւ ընդհանրապէս կը ծանրանան կիներուն ուսերուն: Բայց արաբները կ’ըսեն, չէ՞, որ գլխուն ծանրութիւն կրող կինը միշտ աւելի շիտակ կը քալէ: Անշուշտ ակնարկը անապատի պէտուին կիներուն մասին է, որոնք շատ երկար հեռաւորութիւններէ ջուր կը կրեն իրենց ընտանիքներուն համար, ջուրի մեծ կարասները իրենց գլուխներուն վրայ հաւասարակշռելով:

Չհասկնալ վիճակը, բնական է, բայց դիտել, մտածել ու փորձել բան մը ընել, թէկուզ փոքր քայլ մը, կացութենէն փշրանք մը բան փոխելու համար. այստեղ է, որ կիները կը տարբերին:

Տղամարդիկ մեծ քայլերով կ’առաջնորդուին, ու եթէ առիթ չունենան մեծ քայլեր առնելու, ընդհանրապէս քայլ չեն առներ: Մինչ կիները միշտ ալ գոհացած են փոքր քայլերով: Եւ ճամբու վերջաւորութեան կիներն են, որոնք իրենց փոքր քայլերուն գումարով իրապէ՛ս երկար ճամբայ կտրած կ’ըլլան:

Եւ ուրեմն, տագնապի եւ դժուարութիւններու պարագային, կը սկսին ամէնէն փոքր, ամէնէն առօրեական քայլերով՝ տունը, ընտանիքը կը դառնան պաշտպանողական առաջին բջիջը, ուր կին-մայրը կը փորձէ չակերտեալ «խաղաղութիւն» մը պահել, անջատել տունը դուրսի աշխարհէն՝ ռումբեր, աւեր ու մահ … եւ ընտանիքը պատսպարել այնպէս, կարծես ոչինչ կայ արտասովոր, իբր թէ ամէն բան սովորական է …

Այս բոլորը կ’ըլլան ոչ թէ մտածել-ծրագրելով – խորքին մէջ ժամանակ չկայ արդէն մտածել-ծրագրելու – այլ վերապրումի, survival-ի (դժբախտաբար այս բառին ճիշդ իմաստը արտայայտող բառ չունիմ) բնազդով, որ կիներուն պարագային քիչ մը աւելի զօրաւոր կերպով կը բանի:

Ապրելու, եւ ոչ միայն ապրելու, այլ մանաւանդ ԱՊՐԵՑՆԵԼՈՒ բնազդն է, որ կը մղէ կիները, մինչ ուրիշ բնազդ մըն է, որ կը շարժէ այրը՝ ՓՐԿԵԼՈՒ բնազդը: Հաւանաբար այս է պատճառը, որ կիները շատ աւելի կը տոկան ծանր պայմաններու, ամուսնական կեանքէն ներս, միայն իրենց զաւակները ապրեցնելու բնազդով՝ «զաւակներուս համար», ինչպէս շատ յաճախ կը լսենք կիներու բերնէն:

Ինչ որ կը կորսնցնենք, ինչքերէ, հնագիտական կառոյցներէ, մարդկային հսկայ մշակոյթէ, նոյնիսկ մարդկային կեանքերէ անդին, ՄԱՐԴը ինքն է, գլխագիր մարդը, իր ամբողջ մարդկայնութեամբ, որուն համար այնքա՜ն բան կը ծախսուի, մանաւանդ «յառաջացած», «արեւմտեան» երկիրներուն մէջ:
Մարդուն կորուստը այնքան մեծ է:

Ուոլֆկանկ Պորխէրթ (Wolfgang Borchert) իր մէկ մանրապատումին մէջ կ’ըսէ.
«Երբ պատերազմը վերջացաւ, զինուորը տուն վերադարձաւ: Բայց հաց չունէր: Տեսաւ մէկը, որ հաց ունէր: Սպանեց, հացը առաւ:
-Իրաւունք չունիս անձ մը սպանելու,- դատաւորը ըսաւ:
-Ինչո՞ւ,- զարմացաւ զինուորը»:

Բոլորս ալ, տարբեր պայմաններու մէջ մեր մորթին վրայ զգացած ենք, թէ որքան փխրուն է կեանք ըսուածը, որքա՜ն դիւրաբեկ, եւ որովհետեւ այդպիսին է, ուրեմն գալիքը որքան որ մերն է,- որովհետեւ մարդ ենք եւ գիտենք ծրագրել,- նոյնքան ալ մերը չէ, երբ անհաշիւ են ինկող ռումբերը եւ անկանխատեսելի է յաջորդ վայրկեանը:

Քիչ բան չէ՝ կեանքը ապրիլ սորվիլ իր ներկային մէջ, բայց մանաւանդ վերադառնալ կեանքին իմաստ տուող էութենական արժէքներուն, որովհետեւ երբ հարուստը նոյնպէս կը սպանուի, որքան աղքատը, ուրեմն ա՛լ բան չունենար հպարտանալիք, իր աշխատանքէն ու ազնուութենէն անդին: Սորվեցանք ՎԵՐԱգնահատել մարդկային այն արժէքները, զորս մոռացութեան տուեր էինք:

Այս ամբողջին մէջ ի՞նչ է կնոջ դերը, Ապրեցնելու բնազդէն անդին: Սպասելի է, որ ապրեցնելու կողքին եւ անկէ անդին շարունակէ մարդ կերտելու իր առաքելութիւնը, որ ոչ միայն մայրերուն առանձնաշնորհն է, այլ նաեւ այն մասնագէտներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ են ամէն տեղ՝ ուսուցչուհիներուն:
Կին մը կրնա՞յ նման ծանր պահերու նման ծանր պարտաւորութիւն մը շարունակել կրել:

Ինծի ծանօթ երեք պարագաներու՝ պաղեստինեան աւելի քան կէս դարէ ի վեր ընթացող պատերազմին, Հալէպի պատերազմի ծանր տարիներուն եւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին կինը կրցած է կրել ոչ միայն իր ուսերուն դրուած բեռը, այլ եւ իր ինքնակամ բեռը կրել արժանապատիւ լռութեամբ:

Պաղեստինցի կիները կը շարունակեն ծնունդ տալ զաւակներու, թէեւ շատ լաւ կը գիտակցին, թէ անոնք, այդ զաւակները իրենցը չեն, այլ հողինն են, հողը պահելու համար ծնած են: Եւ զանոնք հողին կը յանձնեն իրենց բաժին ցաւը գիտակցօրէն լռելով, արցախցի հայուհիները կը շարունակեն իրենց ամէնօրեայ պայքարը, իսկ հալէպահայ կինը կը շարունակէ ապրեցնել, մեծ արժանապատուութեամբ, մայր գաղութի նոր սերունդը:

Դժբախտաբար այնքան քիչ գրուած է պատերազմներու ընթացքին կիներուն ապրած ամէնօրեայ, «սովորական» սխրագործութիւններուն մասին, թէեւ համեմատաբար աւելի գրուած է անոնց կրած տառապանքին մասին:
Ի՜նչ զարմանալի երեւոյթ է, որ երբ կինը կացութեան մը բանտարկեալը կը դառնայ, կը բացուին իր ստեղծագործական երակները: Ստեղծագործութիւնը այս պարագային կ’երթայ ոչ թէ արուեստներուն, այլ՝ սովորական արարքներու, ամէնօրեայ ցաւը տանելի դարձնելու միջոցներու ստեղծումին:

Մութին մէջ մոմ մը, մոմեր վառել: