Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Կը Փորձեն Արագացնել Հակահայ Փաստաթուղթի Ստորագրման Գործընթացը․ Իշխան Սաղաթելեան

Հայաստան

Մայիս 20–ին, Facebook-ի ուղիղ եթերով,  ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան խիստ անհանգստացած են Հայաստանի մէջ իրենց գործընկեր Նիկոլ Փաշինեանի ճակատագիրով եւ կը փորձեն արագացնել հակահայ փաստաթուղթի ստորագրման գործընթացը։

Մայիս 22-ին, Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի Պրիւքսէլ՝ հանդիպելու ԵՄ Խորհուրդի նախագահ Ժան Միշէլի հետ․ Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ վաղը՝ Մայիս 21-ին, ժամը 18։00-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն բոլորին մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է։

«Մասնակցելով վաղուան հանրահաւաքին դուք «ո՛չ» կ՝ըսէք այս կապիտուլեանտին, կ՝ըսէք «ո՛չ» երկիրը նոր զիջումներու տանելուն, եւ վաղուան մասնակցութեամբ յստակ ուղերձ կը յղէք ամբողջ աշխարհին, որ այս մարդը, որ ժողովուրդը մոլորեցնելով յայտնուած է իշխանութեան ղեկին՝ այլեւս չունի որեւէ իրաւագիր ժողովուրդի անունով խօսելու, Հայաստանը ներկայացնելու»,-յայտարարեց ան։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.

Horizon Weekly Newspaper