Հադրութի Բռնագրաւուած Յուշարձաններուն Նուիրուած Ցուցադրութիւն՝ Ստեփանակերտի Մէջ

Հայաստան

Մայիս 18-ը կը նշուի իբրեւ թանգարաններու միջազգային օր, որուն առիթով Արցախի մէջ գործող թանգարաններուն մէջ կազմակերպուած են տարատեսակ ցուցադրութիւններ: Հերթականը Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ «Հադրութ. Բռնագրաւուած յուշարձաններ» խորագիրը կրող ցուցադրութիւնն էր, ուր լուսանկարներով ցուցադրուած են Հադրութի տարածքին մէջ գտնուող յուշարձանները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ժամանակ ելոյթներ ունեցած են ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, ԱՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, Հադրութի շրջանի հոգեւոր հովիւ տէր Մաթէոս քահանա Դեւաւենցը, ԱՀ ԿԳՄՄ նախարարի խորհրդական Մելանիա Բալայեանը, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը, Մեծ Թաղերի Արմենակ Խանփերեանցի անուան թանգարանի վարիչ Արծիւ Լալայեանը:

Ձեռնարկի աւարտին թանգարանային ոլորտէն ներս երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար Արծիւ Լալայեանը ԱՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ ստացած է պատուոգիր: