Տեսակէտ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ. (Ս.Մարկոսեան-Խտըշեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սփիւռքի վերջին յիսնամեակին մասին մենք չունեցանք ազգային կեանքի յիշողութիւնը ամփոփող քաղաքական եւ ազգային յաղթանակներուն ու պարտութիւններուն  հանգանակը կազմող  հաշուեկշիռը, ատենը մէկ  ներկայացնելու հանրութեան`  խարիսխ ծառայելու համար մեր ներկայի որոշումներուն:  Չենք խօսիր վերջին հարիւրամեակին մասին, բայց անպայման վերջին յիսնամեակին` 1970-2020 ժամանակահատուածին: Այդ յիսնամեակը իր մէջ կ՛ամփոփէ կրթական, քաղաքական, արտագաղթի  եւ  նորանկախ  Հայաստանի նորագոյն պատմութիւնը: Առանց այս մասին մեր պարկեշտ հաշուեկշիռին` մենք  սահմանափակուած ենք սփիւռքի վերակազմակերպման մասին կարկտան միջոցներով առաջարկներ ներկայացնելով:

Սփիւռքը կազմակերպելու, սփիւռքը ներկայացնելու, համահայկական սփիւռքեան մարմին յառաջացնելու թէ Հայաստան-սփիւռք միացեալ յանձնախումբեր կազմելու նիւթերուն մասին հարիւր տարի է ի վեր կը խօսուի եւ ատեն մէկ  նոր թափ կ՛առնեն շատ արագ մարելու համար:

Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութեան  կազմութենէն ետք` 2008-2018, ոչ անպայման սփիւռքը կազմակերպելու, սակայն անկապտելի հասկացողութիւնը` սփիւռքի ընդհանուր ներկայացուցչութեան, կը թելադրէր նոր հրամայականներ, աւելի գործնական միջոցներու նախաձեռնելու: Կազմակերպուեցան Հայաստան-սփիւռք համագումարներ, զանազան ծրագիրներ, ինչպէս` «Արի տուն»-ը, որոնք կը մնան գնահատելի եւ սքանչելի նախաձեռնութիւններ: Սակայն ցարդ մէկը չեկաւ ըսելու, որ «հո՛սկէ պիտի սկսինք ա՛յստեղ հասնելու համար»:

Ի՞նչ է մեր հետապնդածը «Սփիւռքի տարի»-ի առթիւ վերակազմակերպման ճիգերուն մէջ, երբ  սփիւռքի հարցը իր էութեան մէջ մէկ է` ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պահպանման հարց: Ինչպէ՞ս հայ ըլլալ, ինչպէ՞ս հայ մնալ Լիբանանէն մինչեւ Չամ-Չքաթքա, ահա՛ հիմնական հարցը:  Հոս բնականաբար մեր առաջին մտածումը կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր ազգային գործօնի` եկեղեցւոյ, դպրոցի,  կուսակցութիւններու, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու վրայ, եւ կ՛ակնկալուի, որ իրենք  զիրենք դնեն այս հարցին դիմաց ու տան պատկերացումը, թէ ինչպէ՞ս կը կանխատեսեն գալիքը, եւ ի՞նչ տեսլական  կը պատկերացնեն դիմագրաւելու համար հրամայականները:

«Սփիւռքի տարի»-ի հռչակումով եւ «Ինչպէ՞ս յատկանշել սփիւռքի տարին գործնապէս» հարցադրումով  շարժառիթը կը ներկայանայ նոր սկիզբ դնելու հինցած ու մաշած,  յոգնած ու ապարդիւն դարձած միջոցներուն` նոր թափ տալով հաւաքական մտածողութեան   եւ արդի արհեստագիտութեան միջոցները օգտագործելու հնարաւորութիւններուն:  Մանաւանդ նորագոյն պարագաներու տակ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին, դիւանագիտական յարաբերութիւններուն պարտադրած կացութիւններուն դիմաց ի՞նչ ունինք ըսելիք եւ ի՞նչ ունինք ընելիք:

Հարցումը կ՛ենթադրէ բազմաբնոյթ սփիւռքներով ժողովուրդի մը ինքնութեան պահպանման հարցին քննութիւնը եւ կ՛ակնկալուի, որ սփիւռքի բոլոր գաղութները զօրաշարժի ենթարկուին ինքնարժեւորումի եւ լուծումներ որոնելու ջանքերով: Սակայն անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը ամէնուրեք ակնյայտ են:

Որպէսզի ըլլանք հիմնաւոր, առարկայական եւ գործնական, պէտք է ճշդել գործընթաց մը, որ ժամանակի ընթացքին բիւրեղանալով` պիտի յանգի  յստակ ծրագիրներու:

Սկսելու համար քննել անցնող յիսնամեակին ուշագրաւ դէպքերն ու երեւոյթները, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ Ամերիկա եւ  Հայաստան, ի՞նչ թելադրութիւններ կ՛ընեն  անոնք մեր ներկային ու ապագային համար: Որոշել, թէ ճիշդ ի՛նչ է թեման, ի՛նչ կը հետապնդենք` ինքնութեան պահպանո՞ւմ,  նորագոյն պատմական իրադարձութիւններու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու լոյսին տակ  Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վճռորոշ լուծումներու, առաջարկներու ներկայացո՞ւմ, կամ ինչպէ՞ս բանակցային լեզու մը գտնել`  ի մտի ունենալով, որ սփիւռքը իր անսակարկելի դիրքորոշումը ունի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ,  եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ սփիւռքին  նպաստը հողային պահանջատիրութեան գործընթացին մէջ:

Եթէ Հայաստանի քաղաքական դիւանագիտական գործընթացը շարունակուի  նշաձող իջեցնելով, կրնայ եւ Հայաստան իսկ չմնալ, այդ պարագային ինչի՞ վրայ պիտի յենի սփիւռքի գոյութեան  իմաստը:

Սփիւռքի հիմնահարցին առանցքը ինքնութեան պահպանումը ըլլալով` կը յենի  Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան վրայ, եւ հետեւաբար պէտք է քննել` «Ա. Համաշխարհային պատերազմին գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը` ժամանակակից նկատառումներու լոյսին տակ» թեման: Այս առանցքին շուրջ  է, որ այսօր կը տագնապինք, որովհետեւ Հայաստանի պետութեան դիւանագիտական նոր զարգացումները տեղի կ՛ունենան մութին մէջ,  օրէ օր վհատեցնող նորութիւններով եւ կը յանգին ըսելու համար, որ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը «Սփիւռքին հարցն է», առանց գիտակցելու, թէ նման մտածողութիւն Հայաստանի պետականութեան է, որ կը սպառնայ: Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետապնդումը երաշխիքն է Հայաստանի գոյութեան,  որովհետեւ թուրքին նպատակը հայուն խաղաղութիւն շնորհել չէ, այլ Հայաստանը կուլ տալ:

Սփիւռքի մէջ  հայ մնալու հարցը տարբեր  ըմբռնողութիւն ունի սփիւռքի բազմաբնոյթ  կազմութեան մէջ: Այս իրողութիւնը  կ՛ենթադրէ նաեւ, որ առաջարկները պիտի ըլլան բազմակարծիք ու բազմաշերտ, իւրաքանչիւր գաղութի յատուկ:

Հետեւաբար, Լիբանանի մէջ ըլլալով, պիտի չկարենանք Արժանթինի հայապահպանման հրամայականները քննել եւ` հակառակը, ուրեմն պէտք է հրաւիրել համագումարի մը կամ կառոյցի մը շուրջ`  ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային գիտութիւններու իրազեկ մասնագէտներ, պատմաբաններ, քաղաքական, ընկերային վերլուծաբաններ, սփիւռքի բոլոր ցամաքամասերէն եւ Հայաստանէն, Կիլիկիոյ հայրապետին հովանիին ներքեւ եւ անոր շուրջ,  որոնք պարկեշտօրէն ու անաչառ կերպով պիտի տան հաշուեկշիռը  մեր վերջին յիսնամեակի պատմութեան,  կեդրոնանան առաւելաբար Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցած դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք ունեցան անշրջելի ազդեցութիւն եւ հետեւանքներ` հայրենիքին եւ սփիւռքին համար:

Այս համագումարները պիտի չսահմանափակուին մէկ կամ երկու օրերու վրայ, որովհետեւ չեն կրնար լուծումներ առաջարկել բարդ ու խրթին իրարու շաղկապուած հարցերուն, որոնք կ՛առնչուին հայ կեանքի զանազան բնագաւառներուն, որոնք կը բնորոշեն իւրաքանչիւր գաղութի իւրայատուկ պարագաները,  այլ պիտի ըլլան շարունակական ընթացք մը եւ միջոց մը` հասնելու համար հաստատ պատկերացումներու, ընտրութիւններ  կատարելու եւ որոշումներ կայացնելու: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպիսին է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, որ իր զանազան ենթակառոյցներով յարատեւ կերպով, կազմակերպուած յանձնախումբերով կը մշակէ  ընկերային արդարութեան, ցեղային խտրականութեան, հաւատքի ու կանոնի, առաքելութեան եւ աւետարանչականութեան  նիւթերուն մասին  յատուկ ծրագիրներ եւ գործունէութիւն: Տասնամեակներու հոլովոյթին հետ անոնք  կը բարեշրջուին եւ նոր միջոցներ ու նոր մեթոտաբանութեամբ գործունէութիւն կ՛առաջարկեն իւրաքանչիւր տասնամեակի համար:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եկեղեցիներուն վերաբերող, եկեղեցիները մտահոգող եւ եկեղեցիներուն զուգահեռ գործող կազմակերպութիւն մըն է, որ եկեղեցիներու աստուածաբանական, արդարութեան եւ ծառայութեան առաքելութեան հարցերը կը քննէ եկեղեցիներու հետ ու անոնցմէ անջատաբար, եւ առարկայականօրէն ու ըստ ուսումնասիրութիւններու լուծումներ կ՛առաջարկէ  եկեղեցիներուն:

Նման օրինակ են Եւրոպական Միութեան գործունէութիւնը կամ Միացեալ ազգերու տարբեր յանձնաժողովները: Ի հարկէ յաւակնութիւնը չունինք ըսելու, որ վաղն իսկ պիտի ստեղծենք մեր համազգային խորհուրդը, այս  կառոյցները հարիւր տարուան ճգնաջան աշխատանքի, քաղաքական ղեկավարներու յարատեւ հետապնդումներուն,  մասնագէտներու ջանքերուն ու ներդրումին արգասիքն են: Ուշացած ըլլալով հանդերձ, կարելի է առնուազն նման խորհուրդի մը կազմութեան նախաձեռնել: Սկիզբ մը դնել համակարգի մը` մասնագէտներէ կազմուած, որ ծրագիրներ պիտի մշակէ համախորհուրդ, եւ պիտի աշխատի զուգահեռ, առանց երբեք մրցակցութիւն յառաջացնելու գոյութիւն ունեցող դասական կառոյցներուն հետ, ինչպէս վերը յիշեցինք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պարագային:

Սփիւռքի ինքնութեան հարցերը եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լոյսին տակ ստեղծուած նոր կացութիւնները պիտի չլուծուին մէկ-երկու համագումարներով, քանի մը անձերու սիրողական մակարդակով ներկայացուած առաջարկներով, եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է  քաղաքական, ընկերային, տնտեսական մասնագէտներու համակարգ մը, ուր լուրջ ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ ծրագիրներ պիտի մշակեն եւ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն:

Եթէ առնենք գէթ քանի մը օրինակներ,  որոնք ունեցան ճակատագրական հետեւանքներ սփիւռքի եւ Հայաստանի կեանքին վրայ, եւ սակայն անոնց մասին չունեցանք պատմական,  քաղաքական հենքերը  քննող ուսումնասիրութիւններ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ առանց մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու առաջարկներ բանաձեւել հարցի  մը մասին, որ համազգային եւ մասնագիտական զօրաշարժ կ՛ենթադրէ:

Վերջին տասնամեակին Հայոց ցեղասպանութեան  հարիւրամեակը  նշուեցաւ համազգային տարողութեամբ` Հայաստանի մէջ  եւ սփիւռքի տարածքին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը համահայկական գործունէութիւն եւ գործակցութիւնը ծաւալեց ամբողջ սփիւռքին հետ` յանձնաժողովներ յառաջացնելով բոլոր շրջաններուն մէջ: Աշխարհի բոլոր կողմերէն հայեր  հոսեցան դէպի հայրենիք: Հրապարակուեցաւ Համահայկական հռչակագիր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան դիւանագիտական  նոր բանաձեւեր կը թելադրէր, յատկապէս` «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների վերացման» գծով: Հռչակագիրը համախմբեց  ու միաւորեց հայութիւնն ամբողջ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բանաձեւած   «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը որդեգրուեցաւ Հայաստանի պետութեան եւ համայն հայութեան կողմէ: Անմոռուկը գործածուեցաւ իբրեւ ազգային խորհրդանշան`  իւրաքանչիւր հայու  կուրծքին, յիշեցնելու անցեալն ու պահանջելու յափշտակուած հայրենի հողերն ու սեփականութիւնները: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ճիշդ նախօրեակին համահայկական յանձնաժողովներու համագումարին հնչեց` «Սիսի կալուածները պիտի պահանջենք», «Դատ» բանալու որոշումը Կիլիկիոյ հայրապետին Հայաստանի  ամպիոնէն` ի ներկայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանիին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2040-ին Հայաստանի ազգաբնակչութեան թիւը պիտի հասցնենք 4 միլիոնի: Իսկ սփիւռքի բոլոր ոստաններու մէջ հայութիւնը ողողուած, բռունցք դարձած, միահամուռ տողանցեց օտար պողոտաներէն` Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելիութիւնն  ու կորած հայրենիքին վերատիրանալու իրաւունքին անկորնչելիութիւնը  յիշեցնելով: Այս բոլորը  շրջանային քաղաքական ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան Հայաստանի այսօրուան  քաղաքական իրականութեան վրայ: Ի հարկէ  չէին կրնար աննկատ անցնիլ  ո՛չ ռուսին եւ  ո՛չ թուրքին կողմէ:  Նոր  հայն էր, որ կը մեծնար եւ կը յաւակնէր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին բռնադատուած իրաւունքները հետապնդել:

Եւ… ունեցանք 2018-ին թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որուն յաջորդեց 44-օրեայ պատերազմը, Թուրքիա-Ազրպէյճան համակարգուած զինուորական գործողութեամբ եւ  Հայաստանի զինուորական դաշնակից Ռուսիոյ չէզոք դիտորդութեամբ, Արցախի 80 առ հարիւրի կորուստը, սփիւռքէն ներգաղթի կասեցումը եւ Հայաստանէն արտագաղթն ու պարպումը:  Պատահական չէին կրնար ըլլալ եւ ո՛չ ալ զուգադիպութիւն, որուն իբրեւ հետեւանք ունեցանք` պարտութիւն, բռնագրաւուած Արցախ, Հայաստանի Հանրապետութեան  «պարտադրուած» հայ-թուրք յարաբերութիւններ, զանգեզուրեան միջանցքի եւ Նախիջեւանը Սիւնիքի վրայով Ազրպէյճանին միացնելու ծրագիր, սահմանազատում, հանապազօրեայ  ազերիական սպառնալիք, ՀՀ պետականութեան գոյութեան վտանգ եւ ամէնօրեայ նշաձողի իջեցման պահանջ` ի լուր եւ ի տես մեծ պետութիւններու մեղսակից լռութեան:

Ազգային պահանջատիրութիւնը մէկ օրէն միւսը դարձաւ ցնորք` ի տես նոր բռնագրաւեալ հողային տարածքներուն, ազգաբնակչութեան թիւի աճը` անհնարին, հազարաւոր մարտիկներու ոչնչացման ի հետեւանք, «Հայաստան մը առանց հայու» դարու մը քաղաքականութեան կիրարկումը ծայր առաւ նոր արտահոսքով դէպի անորոշութիւն` ի տես Արցախի բռնագրաւման, հայկական, բանակի պարտութեան ու քայքայման: Ազգային միասնականութիւնը ջլատուեցաւ` ժողովուրդը կիսելով «սեւերու» եւ «ճերմակներու», իսկ սփիւռքի կուսակցութիւններուն մէջ ներքին պառակտումները կ՛ահազանգեն արդէն իսկ փխրուն ազգային միասնականութեան  խախտումը:

Եւ ահազանգը հնչեցուց դարձեալ Կիլիկիոյ հայրապետը` յայտարարելով` «Սփիւռքը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց», հրաւիրելով արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ, բոլորը համախմբուելու ազգին լինելութեան հարցին շուրջ  եւ հաւաքաբար խորհելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կանխել գալիք վտանգը: Թէ` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցան դէպքերը: Թէ` ի՞նչ  էին դրդապատճառները այս բոլորին: Ինչպէ՞ս բանաձեւել ազգային պահանջատիրութիւնը այսօր: Ի՞նչ համոզիչ տուեալներով վերականգնել հաւատքը զանգուածներուն մէջ եւ ինչպէ՞ս վերահաստատել դէպի հայրենիք կարգախօսը:  Վերջապէս, ինչպէ՞ս հզօրացնել  սփիւռքը  հայրենիքով եւ հայրենիքը սփիւռքով: Ապակիի մը պէս փշրուած երազները հիասթափած ու  դառնացած զանգուածներուն, ինչպէ՞ս վերակենդանացնել:

Հարցումներ, որոնք պատասխան չունին, մինչեւ չբացայայտուի իրականութիւնը, հաշիւ չներկայացուի ժողովուրդին  եւ ժողովուրդին, հաւատքը պետութեան, ղեկավարութեան հանդէպ չվերականգնի: Հարցումներ, որոնք կը ստիպեն զօրաշարժի ենթարկել ազգը ամբողջ` մտաւորականութիւնն ու մասնագէտները եւ ճգնաժամային այս պահուն համահայկական մտածողութեամբ եւ հաւաքականօրէն հնարներ որոնել:

Ամէն մէկ հայ այս բոլորը զգալով մէկտեղ` ոչ ոք պատրաստ է զիջումներ կատարելու յանուն ընդհանուրին: Անցեալ տասնամեակներուն տեղի ունեցած կուսակցական պայքարները, Հայաստան-սփիւռք  հակադրութիւններն ու նախապաշարումները այնքան ամուր ու անջնջելի կերպով կռանած են սփիւռքահայն ու հայաստանահայը, որ  մեր էութեան մաս կը կազմեն եւ նուազագոյն բախումին  հրապարակ կու գան` անխուսափելի դարձնելով անհաշտ ու անտեղիտալի դիրքորոշումները:

Արամ վեհափառը տուած է փաստը անցնող տասնամեակներուն, որ ինք մի՛շտ ալ կրցած է երկու կողմերը ի մի բերել, եւ ուրեմն նաեւ կ՛ակնկալուի, որ սփիւռքը համատեղելու նախաձեռնութիւնը ի՛նք ստանձնէ, հրամայական մը, որուն արդէն  ձեռնարկած է:  Կը մնայ խելացի, համազգային ու համախոհական եւ ազգը միաւորող ու գաղութներուն յատուկ համակարգ մը ստեղծել եւ գործունէութեան ու գործակցութեան բանաձեւեր որդեգրել, եւ իւրաքանչիւր շրջան լծուի աշխատանքի: Երկար եւ սպառող աշխատանք է, սակայն յետաձգելը այլեւս կը նշանակէ սփիւռքի գոյութեան վրայ գիծ քաշել:

Իսկ Հայաստան եթէ չունենայ հայրենի պետականութիւնն ամրապնդող արդարամիտ ու անշահախնդիր պետական այրեր, որոնք պիտի կերտեն հզօր բանակ եւ գերագոյն անկախ արդարադատութիւն,  պետականութիւնը դատապարտուած է փլուզման, եւ այն ատեն պիտի կորսնցնենք թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ հողը:

* * *

Եթէ այս կէտերը կը մատնանշենք ո՛չ ներքին եւ ո՛չ Հայաստան-սփիւռք քինախնդրութիւններ հրահրելու համար է, բայց եթէ Հայաստանը հայուն հայրենիքն է, ապա ուրեմն բոլորս կոչուած ենք հաշիւ տալու ու նաեւ հաշիւ պահանջելու ի խնդիր հայրենիքի եւ պետականութեան ամրապնդման  եւ ի խնդիր սփիւռքի հզօրացման:

* * *

Երկու գերխնդիրներ կը կազմեն առանցքը սփիւռքի եւ Հայաստանի գոյութիւնը պայմանաւորող, կենսական  բաղադրիչ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան անսակարկելի յանձնառութիւնը: Սփիւռքը ինքնութեան տագնապով, իսկ Հայաստանը ազգաբնակչութեան  տագնապէն անցած է հայրենի հողը կորսնցնելու կարմիր գիծին որ հայու  գոյութեան իմաստն իսկ է: Ահաւասիկ` մեր նորօրեայ պատմութեան նոր ճակատամարտը, որ կը պարտադրէ անյապաղ  համազգային խորհուրդով ու համազգային ճիգերով մեր   իմաստութիւնն ամբողջ ի գործ դնելու, հնարելու ելքը ազգի փրկութեան, այլապէս պիտի յառնեն մեր պատմութիւնէն ժառանգորդները յաղթանակներ կերտող խենթ հերոսներուն ու խե՛նթերը դարձեալ կերտեն մեր նոր Սարդարապատը: