Երգի Մը Պատմութիւնը. Արաբոյի Օրերէն Մինչեւ Մեր Օրերը Հնչած «Զարթ(ն)ի՛ր, Լաօ՛» Ահազանգային Երգին Պատգամը (2). Աւօ Գաթրճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ստորեւ նշուած երգին մէջ ուշադրութեան արժանի է, որ Արաբոյի մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն գոյութիւն ունի:

«Մշեցու մօր օրօրոցային երգը»

Խուժան ասկեր զգեղ պաշարէ,
Մօր ու մանգան ծեռուին կապէ,
Մըգայ գիկայ սըրէ մըզի,
Զարթնիր, լաօ, մեռնիմ քըզի:

Էլի վերունք թուանք, զռովել,
Հըդ թուրքերուն գուզիմ կռուել,
Սուլթան գուզէ ջնջէ մըզի,
Զարթնիր, լաօ, մեռնիմ քըզի:

Ի՞նչ անիծեմ թուրք ըսկըրին,
Որ սպանեց մեծ ապոյին,
Զմըր հուս թողեց վըր օրօրոցին,
Զարթնիր, լաօ, մեռնիմ քըզի:

Խեղճ մշեցին մեռաւ լալով:
Օտար երկրներ ման գալով,
Մեռաւ խըլխի պարտքը տալով,
Զարթնիր, լաօ, մեռնիմ քըզի:

Չուր ե՞րբ մնամ էլու դռներ,
Էրթամ գըտնիմ զիմ խեղճ գառներ,
Զուքիմ զիմ բախչան ու ծառներ,
Զարթնիր, լաօ, մեռնիմ քըզի:

«Մշեցու երգը»

Խեղճ մշեցիք մնացին լալով,
Երկրէ-երկիր ման գալով,
Մեռան թուրքին հարկ տալով,
Զարթնի՛ր, լաօ, մեռնիմ քեզի:

Զարթնի՛ր, զարթնի՛ր, գնա Սասուն,
Գնա Սասուն, օգնէ հայուն:

Բոբիկ ոտքով չուր Ախթամար,
Ելնեմ երթամ հայու համար,
Ձեր օգնական սուրբ տիրամայր,
Զարթնի՛ր, լաօ, մեռնիմ քեզի:

Գրողը տանի քուրդ Հասոյին,
Որ սպանել է ջոջ Ափոյին,
Էլ ճար չմնաց Արաբոյին,
Զարթնի՛ր, լաօ, մեռնիմ քեզի,
Զարթնի՛ր, զարթնի՛ր, գնա Սասուն,
Գնա Սասուն, օգնէ հայուն:

«Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը օրօրոցային, ազգագրական եւ հայրենասիրական երգ մըն է, որ խորքին մէջ ծնունդ առած է: Սակայն հետագային բնագիր երգը, գործածութեան ժամանակ, այդ հանգամանքը մատնուած է մոռացութեան, ինչ որ դրսեւորուած է նաեւ վերնագրերուն մէջ` «Արաբոյի երգ», «Քաջ Արաբոյի երգ», «Մշեցու երգ», «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛», «Մշեցու մօր օրօրոցային երգը» եւ այլն: Բառերն ալ որոշ փոփոխութիւններ կրած են, երգը ստացած է համազգային դիմագիծ եւ հիմա արդէն ծանօթ է «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» խորագիրով: Զայն նո՛յն ոգիով կ՛երգեն սփիւռքահայերը, Հայաստանի եւ Արցախի հայերը:

Ուստի երգը առաւել տարածուած, բազմաթիւ տարբերակներով գոյատեւած ստեղծագործութիւններէն է, որ կենդանի է մինչեւ մեր օրերուն:

Սակայն անմիջապէս կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ նոյն երգը այլ տարբերակներով ու մանաւանդ մեզի քաջ ծանօթ է իր յայտնի քայլերգանման տարբերակը:

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ քայլերգային ոճի ուղեկցութեամբ բնականաբար անհնար է երեխային թմրեցնել, «ճամբայ դնել» դէպի քուն…

Միւս կողմէ` «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը իր ծնունդէն ի վեր սփիւռքահայուն համար քայլերգային ոճով եւ երեք տուներով իւրայատուկ տեղ ունի եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Ըստ մեր ուսումնասիրութիւններուն, դուք պիտի տեսնէք, թէ յատկապէս Հայաստանի խորհրդայնացման ժամանակաշրջանին սփիւռքի մէկ հատուածն է, որ պահպանած է այս երգը ու մանաւանդ` սփիւռքի տարածքին հրատարակուած երգարաններու ընդմէջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօրուան քայլերգային ոճի «Խուժան ասկեար» խորագրով երգին 3 տուները:

Խուժան Ասկեար

Խուժան ասկեար զօրք է ժողուեր
Եկեր Մշոյ դաշտն է պատեր:
Սուլթան կ՛ուզէ ջնջել մզի.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի:

Խեղճ մշեցին մեռաւ լալով,
Օտար երկիրներ ման գալով
Մեռաւ թուրքի հարկը տալով.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի:

Ի՞նչ անիծեմ թուրք ասկեարին,
Որ սպաննեց ջոջ Աբոյին:
Մեր յոյս թողեց օրօրոցին.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քզի:

Վերոնշեալ երգին մէջ համապարփակ ձեւով ներկայացուած է թուրք ասկեարներու` հայերու հանդէպ բնաջնջումի քաղաքականութիւն վարելու ռազմական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը շեշտադրուին թուրք-օսմանցիին կողմէ մշեցի հայուն դէմ կատարուած բռնութիւնները, որուն համար մշեցին գաղթած էր օտար երկիրներ:

Սակայն հոն` կրկներգին մէջ յատկապէս կը շեշտուի հայ զարթօնքի հրաւէր-կոչը:

Զաւակ, տղամարդ զարթնեցնելու գաղափարը, ֆետայի Արաբոյի յիշատակումը նոյնքան հնչեղ են եւ զգաստացնող` արթնցնելու համար հայ ժողովուրդը իր թմբիրէն եւ պայքարելու ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ: Խրոխտ ու առնական երաժշտական կշռոյթով այս երգը արժանացած է հայ ժողովուրդի բուռն գնահատանքին, եւ 1890-ական թուականներէն ի վեր կ՛երգուի նոյն ժողովրդականութեամբ եւ ծանրութեամբ: Կշռութաւոր քայլերգային ոճով` իսկապէս սքանչելի գործ մը:

Այստեղ կ՛արժէ նշել նաեւ, որ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը յունարէն երգած է յայտնի յոյն երգիչ Վասիլիս Փափաքոնսթանթինուս:

Փափաքոնսթանթինուս 1979-ին իր հրապարակած «Armenia» («Արմէնիա») ձայնապնակի երգացանկի 7-րդ տեղ տուած է «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»» երգին:

Երգին բառերը թարգմանած եւ մշակած է յայտնի բանաստեղծ Լեֆթերիս Փափատոփուլոս, իսկ երաժշտութիւնը մշակած եւ ղեկավարած է Ծիք (Ճիք) Նագաշեանը: Անմիջապէս տեղեկացնենք, որ Նագաշեանի բուն անունը Խաչիկ է, սակայն այդ անունը բնաւ չէ օգտագործած:

«Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը ներառուած է նաեւ 1967 թուականին բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի նկարահանած «Եռանկիւնի» ժապաւէնին մէջ: Երգը մեկնաբանած է Ռուբէն Մաթեւոսեանը: Պատմական կարեւորութեան համար անհրաժեշտ է նշել, որ օրին Խորհրդային Միութեան տարածքին երգը թէեւ արգիլուած էր երգուիլ, սակայն որոշ բարեփոխումներէ ետք տեղ գտած է ժապաւէնին մէջ:

Նշենք, որ 84 վայրկեան տեւող «Եռանկիւնի» ժապաւէնը պատերազմի ժամանակ Գիւմրիի (Լենինական) մէջ 5 դարբիններու ընկերութեան մասին է, որ կը պատմէ դարբիններէն մէկու զաւակը:

Միւս կողմէ, «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը, իր ընդհանուր վիճակով, երգեցողութեամբ, ինչպէս նաեւ երաժշտութեամբ միայն, կամ` բառերու օգտագործմամբ, եղած է պատգամի, պոռթկումի եւ զարթնումի արտայայտութեան միջոց, քարոզչութեան նպաստող ուժեղ գործօն:

«Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգին բառերը հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընթացքին օգտագործուած են հայ ժողովուրդին կողմէ բարձրացած ցուցապաստառներուն վրայ եւ երգեցողութեամբ:

1988 թուականին ղարաբաղեան հարցի արդար լուծման ի խնդիր հայ ժողովուրդը պոռթկումի ցոյցեր եւ քայլերթեր կազմակերպած է, այդ ցոյցերու ընթացքին մասնակիցները ցուցապաստառներով իրենց արդար իրաւունքները արտայայտող գրութիւններով մասնակցած են: 7 նոյեմբեր 1988-ին «խորհրդային» վերջին քայլերթի ժամանակ մարդոց ձեռքին կը գտնուէր մեզի ծանօթ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛, մը՛ռնիմ քը՛զի» գրուած ցուցապաստառը:

Արաբոյի օրերէն մինչեւ այսօր, աւելի քան դար մը ետք, ահաւասիկ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգն ու գաղափարը դարձեալ կը հնչեն հաւասարապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, երբ վտանգուած են Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, երբ ԼՂՀ-ի հողատարածքի մեծ բաժինը յանձնուած է թշնամիին:

Այս երգին բառերով թշնամիին դարաւոր սպառնալիքներէն ծնած ահազանգը դարձեալ կը հնչէ:

Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» բնաբանով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժում մը ընթացք առաւ:

«Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» կարգախօսով, նշեալ երգի երգեցողութեամբ եւ բարձրացած ցուցապաստառներուն վրայ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» գրուած 25 ապրիլ 2022-էն, Երեւանի տարբեր հրապարակներու եւ փողոցներու վրայ դիմադրութեան շարժումին կողմէ գործողութիւններ կազմակերպուեցան: Նոյն գործողութիւնները տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:

Երեւանի` Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ համազգային հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին հանրահաւաքի բոլոր մասնակիցները երգեցին «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը:

Իսկ 27 ապրիլ 2022-ին, այլ հանրահաւաքի մը ընթացքին «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» դիմադրութեան շարժումի ցոյցի մասնակիցները վանկարկեցին` «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց թուրքի Հայաստան»:

Ապա հազարաւոր քաղաքացիներու կողմէ հնչեց «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» յայտնի երգը, սակայն փոխուած բառերով` «Նիկոլ կ՛ուզէ ջնջել մեզի, զարթնի՛ր, լաօ՛, մեռնիմ քըզի»:

Այսօր եւս հայ ժողովուրդը պատուով կը շարունակէ իր լինելիութեան, գոյատեւման ու զարգացման համար մղուող ազնիւ պայքարը, երգը ունի բացառիկ գօտեպնդող նշանակութիւն, ուժ ու վստահութիւն ապահովող գործառոյթ:

Ահաւասիկ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները այսօր եւս ականատես կ՛ըլլան «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» ահազանգին, որ կը հնչէ Հայաստանէն սփիւռք` հայու շրթներէն: Այն ահազանգին, որ հնչած էր Արաբոյի օրերուն:

Մեր աշխատութեան շրջածիրին մէջ մնալով` այստեղ խիստ կարեւոր կը նկատենք յիշեցնել, որ թուրքերը յաճախ կը փորձեն կեղծել ճշմարտութիւնը, խեղաթիւրել պատմութիւնը եւ ուրիշներու հողը, քաղաքակրթութիւնն ու, մանաւանդ այս պարագային, մշակոյթը ներկայացնել որպէս սեփական, նորութիւն չէ:

Առ այդ, այս ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերեցինք, որ մեր հայկական երգ-երաժշտութեան բնագաւառէն` հայրենասիրական «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգի քայլերգային երաժշտութիւնը ներառուած եւ օգտագործուած է նաեւ թրքական մարզական բնագաւառին մէջ:

Թուրքիոյ մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող «Ֆեներպահչէ» մարզական ակումբին երկրպագուները ոտնագնդակի մրցումներու ընթացքին իրենց խումբը ոգեւորելու եւ մարզադաշտին մէջ խանդավառութիւն ստեղծելու համար խմբովին կ՛երգեն «Շուտով յաղթանակը» խորագրով թրքերէն հետեւեալ տողերը:

«Հագիր մարզազգեստդ, դուրս եկուր` խաղադաշտ, սիրտդ դիր մէջտեղ:
Սիրտդ դիր, ցոյց տուր կատաղութիւնդ, թշնամին պիտի պարտուի, յաղթանակը մօտալուտ է:
Հարուածելու դաստակ կայ, վատնելու շունչ կայ,
Հոգիներ կան տրուելիք, «Ֆեներպահչէին»:

Թուրքերը այսօր, ականատես ըլլալով Հայաստանէն ներս եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայ քաղաքական եւ յեղափոխական կեանքին մէջ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգին ուժականութեան եւ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` երգին հայկական ըլլալու իրողութեան, այլեւս չեն երգեր «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»-ն. «Ֆեներպահչէ»¬ն հրաժարեցաւ հայկական երգէն:

«Մշեցու երգ», «Քաջ Արաբոյի երգ» կամ պարզապէս «Արաբոյի երգ», «Խուժան ասկեար, զօրք ժողովել» կամ այլ վերնագիրներ, հասնելով մինչեւ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» վերնագիրով ճանչցուելէ ետք, այս երգին իմաստն ու ըմբռնումը հետզհետէ շատ աւելի լայն տարածք գտաւ:

«Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը իր բոլոր տարբերակներով ուշադրութեան առարկայ դարձած է հայ ժողովուրդին եւ նոյնիսկ օտարներու կողմէ, յատկապէս` երաժշտագէտ, մտաւորական, քաղաքական եւ այլ ասպարէզներու մարզի մէջ գործող անհատներու կողմէ:

Հետաքրքրութեան եղանակը եւ մօտեցումը կը զարգանան, յատկապէս երբ երգին կրկներգի հիմնական խորիմաստ բառերը կարգախօսի կը վերածուի եւ կը ծառայէ ամբողջ ժողովուրդ մը ոտքի հանելու, թմրած հոգիները արթնցնելու, ազգային գիտակցութիւնը բարձրացնելու:

Վերջապէս, այս ուսումնասիրութեամբ ի յայտ կու գայ, որ մշակոյթի բնագաւառին մաս կազմող, երգ-երաժշտութեան ընտանիքէն, յատկապէս յեղափոխական եւ ազգային պատմագրութեամբ սիրուած ու լայն ժողովրդականութիւն վայելող Արաբոյին նուիրուած «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն կրեց, այլ խօսքով, երգի ծնունդէն մինչ օրս տարբեր ձեւաչափերով ներկայացուեցաւ հանրութեան:

Առանց վարանելու կարելի է ըսել, որ երգի եւ յատկապէս կրկներգի «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» բառերը իրենց ահազանգային եւ պատգամ փոխանցելու ուժականութեան համար, ժամանակի ընթացքին, ժողովրդային ապստամբութիւններէ, պոռթկումներէ եւ ընդվզումներէ մղուած, ըստ կարիքի, երգը ամբողջութեամբ փոփոխութիւն կրած է բոլոր իմաստներով, պահելով միայն խորքը` «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»-ն:

Յետ մեր ուսումնասիրական վերլուծումներու արդիւնքին` այդ փոփոխութիւնները ստորեւ կը նշենք.

ա. Վերնագրի իմաստով,
բ. Երգի տարբերակներով ու բառերով,
գ. Երաժշտութեան ոճի իմաստով,
դ. Օրօրոցայինէ` քայլերգային կշռոյթով,
ե. Հայրենասիրական եւ ժողովրդական թեմայէ` քաղաքական:

Միւս կողմէ` կը հաստատենք, որ «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»-ն սոսկական երգ-պատմութիւն մը չեղաւ, այլ անիկա յաճախ հնչած է Ցեղասպանութենէ ճողոպրած, սփիւռքի մէջ վերապրած հայուն կողմէ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերահաստատումէն առաջ ու յետոյ, իսկ հիմա ընդհանրապէս տարբեր երանգով եւ ուղղուածութեամբ կը շարունակէ հնչել: Սակայն միշտ պահելով իր էութիւնը եւ խորքը` ահազանգ կը հնչէ:

Հետեւաբար մեզի ակնյայտ կը դառնայ երգի ստեղծման ժամանակաշրջանը, հեղինակին անունը, հիմք հանդիսացած պատմաքաղաքական ու դիպուածային նախադրեալները, ինչպէս նաեւ` այն հանգամանքը, որ երգը նուիրուած է Արաբոյին: Անմիջապէս նշենք, որ երգի կարգ մը տարբերակներուն մէջ կը խօսուի հայդուկապետ Արաբոյի մասին, իսկ միւսներուն մէջ չի յիշատակուիր անոր անունը: Սակայն այն տարբերակներուն մէջ ալ, ուր կը յիշատակուի Արաբոն, արդէն չի գիտակցուիր իբրեւ իրական պատմական անհատ, այլ ան արդէն հանդէս կու գայ իբրեւ հայդուկի կամ ազատամարտիկի հաւաքական խորհրդանիշ` կերպար:

Քաջ ծանօթ ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով ազգային շատ մը երգեր երգուեցան ժողովուրդի եւ երգիչներու կողմէ, յատկապէս` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, անկախութեան շարժումը, ցոյցերն ու հանրահաւաքները ազգագրական երգով սկսան: Այդ երգերը արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին խրամատներն ալ հասան: Այդ հզօրութիւնը ունեցող երգերէն եղած է «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»-ն: Ուստի, «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛»-ն 1988-էն ի վեր նոյն ուժգնութեամբ եւ տրամաբանութեամբ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայորդիներու մտածողութեան մէջ:

Այս աշխատութեամբ լուսարձակի տակ առինք հայ ժողովուրդի Զարթօնքը դրսեւորող «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգը իր բազմակողմանի զարգացումներէ` երգ-երաժշտութեան դիտանկիւնէն, պատմա-քաղաքական հոլովոյթը, անոր ահազանգային պատգամ փոխանցելու տարողութիւնը:

Ինչպէս սփիւռքահայուն, այդպէս ալ հայրենիքի մէջ ապրող ազատատենչ եւ արդարամիտ հայորդիին համար «Զարթնի՛ր, լաօ՛» երգը այսօր ազգային գիտակցութեան, ազգային զարթօնքի, նոյնիսկ ազգային գաղափարախօսութեան ձեւաւորման ամէնէն ազդու բաղադրիչը եւ պատգամը կը հանդիսանայ:

Այլ խօսքով, մինչեւ այն ատեն որ սուլթանները եւ անոնց ասկեարները ներկայ են, բնականաբար եւ ինքնաբերաբար ներկայ պիտի ըլլան նաեւ ԼԱՕ-ները, որոնք Արաբոյին օրերէն սկսեալ իրենց առիւծասիրտ մայրերու կողմէ ազգային դաստիարակութեամբ սնուած ու տոգորուած են, հետեւաբար սերունդէ սերունդ ժառանգուած վառ պիտի մնայ ու պիտի հնչէ «Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ի ահազանգային պատգամը:

Օգտագործուած աղբիւրներ

– Անձնական արխիւներ:
– «Արեան ձայներ», երգարան, երկրորդ տպագրութիւն, Թիֆլիս, 1906:
– «Դրօշակ», Ա. հատոր, («Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրգան», 1890-1897): 1893, թիւ 5, էջ 7: 1894, թիւ 6, էջ 2 եւ 3:
– «Երգիչ Ֆահրատի ողբերն ու հառաչները», Ալեքսանդրապոլ, 1906:
– Երան Ի. Ա., «Ժողովրդային երգարան», երկրորդ տպագրութիւն, թիւ 5: Աւելի քան 500 երգեր եւ ոտանաւորներ, ազգային, յեղափոխական, կրօնական, երգիծական մօտ 50 ձայնագրուած երգեր, Պոսթըն:
– «Ընդարձակ գրպանի երգարան» (Ազգային, յեղափոխական, սիրային, ժողովրդական եւ գեղջկական երգեր: 300 երգ), Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան թիւ 5, Բոստոն, 1919:
– «Ծաղկեփունջ» երգարան, Թիֆլիս, 1907, էջ 141:
– «Հայկական հարց հանրագիտարան», Երեւան, 1996, էջ 52:
– «Հայրենիք» ամսագիր, 1923, թիւ 3, 4:
– Ղազիեան Ա., «Հայ ժողովրդական ռազմի եւ զինուորի երգեր», Հայկական ԽՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1989 թ., Երեւան:
– Մալխասեանց Ստ., «Հայերէն բացատրական բառարան», Եր., Հայկական ՍՍՌ պետական հրատ., հատոր երկրորդ (Զ-Կ), 1944:
– Վարանդեան, Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932:
– «Մուրճ», 1895, համար 7, 1017-1018:
– «Յեղափոխական ալպոմ», թիւ 2, Հալէպ, 1949, տպ. Նայիրի:
– «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, Պէյրութ, 1972:
– «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», խմբագիր` Հրաչ Տասնապետեան, հատ. Ա., 1984, բ. տպ., Պէյրութ:
– «Ռամկական մրմունջներ» (Աշուղական, ժողովրդական խառն երգեր եւ պարերգեր), Խմբագրեց դպիր Արշակ Յ. Բր[ու]տեանց, Աղէքսանդրապօլ, Տպարան Գէորգ Ս. Սանոյեանցի, 1904:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա., Բ. եւ Գ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1972, 1973 եւ 1974:
– Տասնապետեան Հրաչ, «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. ժողովը (1890-1924)», Աթէնք, 1988, էջ 202-203:
– «Քնար. ձայնագրեալ երգարան (եւրոպական նօտաներով). ժողովեց եւ ձայնագրեց Ս. Դէմուրեան», Ս. Պետերբուրգ, 1907, էջ 38:
– «Վազգէն երգարան» (Հաւաքեց Տիգրան Տէրոյեան (Վազգէն), նահատակուած Յունուար 2, 1898), Պոսթըն, 1901:
– 
Վարանդեան, Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932, էջ 107:
Կարգ մը տեղեր յիշատակուած է «Ֆարհատ»:
– Մալխասեանց Ստ., «Հայերէն բացատրական բառարան», Եր., Հայկական ՍՍՌ պետական հրատ., հատոր երկրորդ (Զ-Կ), 1944, էջ 189:
– «Ռամկական մրմունջներ» (Աշուղական, ժողովրդական խառն երգեր եւ պարերգեր), Խմբագրեց դպիր Արշակ Յ. Բր[ու]տեանց, Աղէքսանդրապօլ,
Տպարան Գէորգ Ս. Սանոյեանցի, 1904, էջ 107 եւ 104:
– «Վազգէն երգարան» (Հաւաքեց Տիգրան Տէրոյեան (Վազգէն), նահատակուած Յունուար 2, 1898), Պօսթըն, 1901, էջ 316: Տե՛ս նաեւ, Երան Ի. Ա., – «Ժողովրդային երգարան», երկրորդ տպագրութիւն, թիւ 5: Աւելի քան 500 երգեր եւ ոտանաւորներ, ազգային, յեղափոխական, կրօնական, երգիծական մօտ 50 ձայնագրուած երգեր, Պոսթըն, էջ 84: Տե՛ս նաեւ, «Ընդարձակ գրպանի երգարան» (Ազգային, յեղափոխական, սիրային, ժողովրդական եւ գեղջկական երգեր: 300 երգ), Հրատարակութիւն Պէրպէրեան գրատան թիւ 5, Բոստոն, 1919, էջ 46: Ինչպէս նաեւ, «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, Պէյրութ, 1972, էջ 104:
– «Արեան ձայներ», երգարան, Թիֆլիս, 1906, երկրորդ տպագրութիւն, էջ 126-127: Տե՛ս նաեւ «Ծաղկեփունջ» երգարան, Թիֆլիս, 1907, էջ 141:
– Ղազիեան Ա., «Հայ ժողովրդական ռազմի եւ զինուորի երգեր», Հայկական ԽՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1989 թ., Երեւան, էջ 147-148:
– Ղազիեան Ա., «Հայ ժողովրդական ռազմի եւ զինուորի երգեր», Հայկական ԽՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1989 թ., Երեւան, էջ 148:
– «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, Պէյրութ, 1972, էջ 105:

(Շար. 2 եւ վերջ)