Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Արցախ Այցելութիւնը Պատմական Եղաւ. Մարօ Քէշիշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան 26-29 Ապրիլ 2022ի չորսօրեայ Արցախ այցելութիւնը ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ հրաշքի համազօր իրականութիւն մը հանդիսացաւ։ Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեսնել Ստեփանակերտը այդքան չքնաղ ու այդքան գեղեցիկ, ապա բառեր չկան այդ ներքին զգացումները նկարագրելու։

Տասը ժամերու դարձդարձիք ճամբաներէ, տասը անցարգելքներ անցնելէ, ոմանց դիմաց ժամեր սպասելէ ետք Երեքշաբթի, 26 Ապրիլի երեկոյեան Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը պարտադրաբար հայկական մեր Շուշին շրջանցելով, հասաւ Ստեփանակերտ եւ ի զարմանս բոլորին Ստեփանակերտը գտաւ կանգուն, շէնքերը նորոգուած, ժողովուրդը եռուզեռի մէջ։ Թէեւ նկատելի էր որոշ մելամաղձոտութիւն, սակայն զգալի էր արցախցիի զօրաւոր կամքն ու հայրենիքէն մնացած փոքր տարածքը զարգացնելու, սակայն ապագային զայն ամբողջականացնելու եւ պաշտպանելու ինքնավստահութիւնը։

Ի տես այս յուսադրիչ երեւոյթին, յոգնութիւնը անտեսելով Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին Հ.Օ.Մ.-ի  Արցախի միաւորի կեդրոնը, ուր ծանօթացան տեղւոյն Վարչութեան անդամներուն, ներկայացուցին իրենց այցելութեան նպատակը, Արցախեան համեղ Ճինկելով հացը ճաշակելէ ետք հրաժեշտ առին եւ այցելեցին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նստավայրը եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան մարմնի անդամներուն հետ եւ ներկայացուցին Հ.Օ.Մ.-ի  նորանոր ծրագիրները Արցախէն ներս։ Հ․Յ․Դ․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեան ողջունեց պատուիրակութիւնը, բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու անոնց։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27-ի առաւօտեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի  Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեանին, Հ.Օ.Մ.-ի  Արցախի մեկուսի Վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանին եւ անդամներուն եւ Հ.Օ.Մ.-ի  Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու համակարգող Արտէմիս Գրիգորեանին հետ, այցելեցին Արցախի Եղբայրական գերեզմանատուն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու յուշարձանին առաջ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անոնց անմար յիշատակին։ Ապա ընկերուհիները այցելեցին շիրիմները Արցախի 44-օրեայ պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր հերոս նահատակներուն, որոնց վրայ եւս ծաղիկներ դրին եւ աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։

Այնուհետեւ Հ.Օ.Մ.-ի  պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ալէոնա Գրիգորեանի, կարճ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց Հ.Օ.Մ.-ի  նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման համակարգի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն ներս։ Այս համակարգի որդեգրումը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ նախագահին կողմէ, որ նաեւ խոստացաւ աջակցիլ անոր իրականացման։

Նոյն օրը յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ այցելութիւն, վերջին տարիներուն կառուցուած Հ.Օ.Մ.-ի  Ստեփանակերտի «Սօսէ» արդիական մանկապարտէզը, ուր տնօրէնուհի Նելլի Ղուլեանի առաջնորդութեամբ շրջելով շէնքը, անոնք հիացմունքով ծանօթացան անոր մանրամասնութիւններուն։ Մանկապարտէզի աշակերտները, որոնց մէջ կային նաեւ մեր զոհուած ազատամարտիկներու եւ տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու երեխաներ, իրենց հիւրերուն հրամցուցին երգ ու պարի գեղեցիկ ու զմայլելի յայտագիր մը, որուն յուզումնախառն արցունքներով հետեւեցան Հ.Օ.Մ.ուհիները։ Էական այս այցելութիւնը ոչ միայն ուրախալի էր, այլ նաեւ խրախուսիչ, մանաւանդ երբ զրուցելով փոքրիկներուն հետ իմացան, թէ անոնցմէ շատեր կ՚ուզեն զինուոր դառնալ, որպէսզի պաշտպանեն իրենց սիրելի հայրենիքը՝ անփոխարինելի Արցախը։

Գեղեցիկ այս մանկապարտէզին ծանօթանալէ ետք, Հ.Օ.Մ.-ի  պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ասկերանի շրջանի Հ.Օ.Մ.-ի Խնծիրիստանի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ուր մանկապարտիզպանուհի Սուսաննա Յակոբճանեանը մանրամասնութիւններ փոխանցեց մանկապարտէզի կրթական ծրագիրներուն եւ աշակերտութեան մասին, առաջնորդեց հիւրերը մանկապարտէզի սենեակները, որոնք գեղեցկօրէն զարդարուած էին փոքրիկներու ձեռային աշխատանքներով։ Ապա, սիրասուն փոքրիկները, հիւրերուն հրամցուցին մանկական երգ ու արտասանութիւններու փունջ մը, մեծապէս ոգեւորելով զանոնք։

Երեկոյեան Հ.Օ.Մ.-ի  Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի  Ուսանող ծրագրի նուիրուած ձեռնարկը։ Այս տարի Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համալսարանական այն ուսանողներուն, որոնք առանց ընկրկումի, կեանքի գնով մասնակցած էին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Այսպէս Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր գնահատեց Արցախի պետական, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Գրիգոր Նարեկացիի, ինչպէս նաեւ Շուշիի Տեխնոլոգիական համալսարաններէն 105 հայրենանուէր ուսանողներ եւ անոնց իւրաքանչիւրին յանձնեց գնահատագիր եւ նիւթական փոքրիկ նուէր։ Ելոյթ ունեցան ակնարկուած համալսարաններու ներկայացուցիչներն ու Հ.Օ.Մ.-ի  մօտ Կ․Կ․-ի կապ Ալեոնա Գրիգորեանը, բոլորն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հ.Օ.Մ.-ի  աշխարհացրիւ մեծ ընտանիքին, համակիրներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք բազմաբնոյթ օգտակար ծրագիրներ կ՚իրականացնեն Արցախի մէջ։ Անոնք վստահեցուցին, որ արցախցիները արժանապատուօրէն կանգուն կը մնան իրենց հողին վրայ, կը վերադարձնեն իրենց բռնագրաւուած տարածքները եւ դարձեալ Արցախը ամբողջութեամբ հայկական կը դարձնեն։

Սրտի իր խօսքը փոխանցելով ներկայ ուսանողներուն, ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ըսաւ. «Մեզի համար հպարտանք է ըլլալ ձեզի հետ եւ կիսել այն ցաւը, որ դուք ապրած էք 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ շնորհել ձեզ այս փոքրիկ նուէրը, որպէսզի դուք ունենաք փայլուն ապագայ։ Դուք ոչ միայն Արցախի քաղաքացիներն էք, այլ Արցախի լաւագոյն զինուորները»։ Ապա ան Հ.Օ.Մ.-ի  մեծ ընտանիքի անունով խոստացաւ միշտ թիկունք կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին պատերազմի եւ խաղաղ օրերուն։

Գնահատելի այս ձեռնարկէն ետք Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի Հ.Օ.Մ.-ի  անդամներուն հետ, որու ընթացքին քննարկեցին Արցախի Հ.Օ.Մ.ը յուզող կարեւոր հարցեր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28-ի առաւօտեան պատուիրակութիւնը այցելեց Հ.Օ.Մ.-ի  Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզ, ուր մանկապարտիզպանուհի Գայանէ Յովհաննիսեանը իր անձնակազմին եւ փոքրիկներուն հետ աղ ու հացով դիմաւորեց Հ.Օ.Մ.-ի  անդամները, ծանօթացուց անոնց մանկապարտէզի մանրամասնութիւնները։ Այս մանկապարտէզէն ներս եւս հիւրերը վայելեցին արցախցի աշակերտներուն հետաքրքրական երգ ու արտասանութիւնները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ վստահութեամբ ներկայացուցին։ Մանկապարտէզը ունէր նաեւ իր խաղավայրը, ուր երեխաները ուրախութեամբ կ՚օգտագործէին հոն տեղադրուած օրօրոցները, սահնակը, սիսոնն ու այլ խաղալիքները։

Մանկապարտէզի այցելութենէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ, Իւանեան համայնքի մօտ տեղահանուած ընտանիքներու համար կառուցուող նոր համայնքի տուները, որ ըստ շինարարներուն մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու 100 ընտանիքներ։

Նոյն օրը երեկոյեան, Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին եւս Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ներկայացուց Հ.Օ.Մ.-ի  նախատեսած նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման ոճի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն ներս, որ նաեւ գնահատուեցաւ Բալասանեանի կողմէ։

Աւելի ուշ երեկոյեան Հ.Օ.Մ.-ի  պատուիրակութիւնն ու Հ.Օ.Մ.-ի  Արցախի Միաւորի վարչութեան անդամներն ու կարգ մը հիւրեր միասնական ընթրիք մը վայելեցին, որ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտով խրախճանքի վերածուեցաւ։

Ապրիլ 29-ին Հ.Օ.Մ.-ի  պատուիրակութեան մեկնումի պահն էր, սակայն կարելի չէր Արցախին հրաժեշտ տալ առանց անոր վերականգնողական կեդրոնը այցելելու։ Կեդրոնը հիմնուած է Անգլիացի պարոնուհի Գոքսի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, որուն տնօրէն Վարդան Թադէւոսեան ներկայացուց կեդրոնի աշխատանքային ծաւալը։ Կեդրոնը ծառայութիւն կը մատուցէ բոլոր տարիքի քաղաքացիներուն. Հոգատարութիւն կը ցուցաբերուի վիրաւոր զինուորին, մեծ ու փոքր քաղաքացիներուն։ Ունի յատուկ բաժանմունքներ, խօսելու դժուարութիւն եւ Օթիզմ ունեցող փոքրիկներու բաժիններ ու մարզանքի սարքերով իր սրահը։ Կեդրոնը ակնյայտ է նաեւ իր յաճախորդներու լուսանկարչական, գծագրութեան, կաւէ իրերու պատրաստութեան եւ զանազան գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով, որոնք յատուկ ցուցահանդէսներով կը վաճառուին, գումար ապահովելով կեդրոնին։ Ներկայիս ան ունի 21 անկողին, սակայն ցերեկուայ ընթացքին կը ծառայէ 1200 հիւանդի, որոնց 300-ը քաղաքացիներ են, իսկ մնացեալները վիրաւոր զինուորներ եւ ազատամարտիկներ։ Կէսօրին, Հ.Օ.Մ.-ուհիները արցունքոտ աչքերով հեռացան կեդրոնէն, Արցախին միշտ աջակցելու պատրաստակամութեամբ։

Հ.Օ.Մ.-ի  Կեդրոնական Վարչութիւնը հպարտանքի չորս օրեր ապրեցաւ Արցախի մէջ։ Այն Արցախին, որ ներկայիս վիրաւոր ու հողակորոյս ըլլալով հանդերձ, ունի զօրաւոր յարատեւելու կամքը եւ կառչած կը մնայ իր ափ մը հողին, շուտով անարդարօրէն իր կորսնցուցած հողերը վերադարձնելու եւ ամբողջական տարածքով ազատ ու անկախ Արցախ ունենալու վճռակամութեամբ։