10 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛առաջարկուի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին

Աշխարհ, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ Ուրբաթ օր ներկայացուած յառաջիկայ տարեշրջանի նահանգային ամավարկին մէջ, 10 միլիոն տոլարի յաւելեալ աջակցութիւն առաջարկուած է Հայ-ամերիկեան թանգարանին համար։ Առաջարկին վաւերացման պարագային, նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ թանգարանին կատարուած աջակցութիւնը պիտի հասնի 19.8 միլիոն տոլարի։

Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան թանգարանի ղեկավարութեան եւ հայ համայնքին կողմէ երախտագիտութիւն յայտնեց նահանգապետին, որ կը շարունակէ զօրակցիլ այս կարեւոր նախաձեռնութեան, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ եղած օրերէն, Նիւսըմ ամերիկահայութեան մօտիկ գործակից մը եղած է։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ թանգարանի ծրագիրին առաջին օրէն ի վեր կը զօրակցի անոր իրականացման ջանքերուն։

Էնթընի Փորթանթինօ, թանգարանին հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին

Իր կարգին, Փորթանթինօ ողջունեց Նիւսըմի առաջարկը՝ խոստանալով իր կարելին ընել՝ օրէնսդիր մարմինին կողմէ անոր վաւերացումը ապահովելու համար։

Յիշեցնենք, թէ 27 Մարտին տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան թանգարանին զօրակցողներուն ի պատիւ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուած էր, թէ թանգարանին կառուցման ի նպաստ հաւաքուած գումարը արդէն իսկ անցած է 31 միլիոն տոլարի սահմանը:

Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի: Արդէն իսկ կառուցելու սկսած երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:

Թանգարանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: