Հայ Դատը Եւ Վեց Այլ Կազմակերպութիւններ Դատապարտեցին Թուրքիոյ «F․16»-եր Ծախելու Պայտընի Առաջարկը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քրտական, յունական, կիպրական, հրէական եւ իրաւանց պաշտպան վեց այլ կազմակերպութիւններ դատապարտեցին Թուրքիոյ «F․16»-եր ծախելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի վարչակարգին առաջարկը։

Նշեալ կազմակերպութիւնները նաեւ դիմեցին Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբերուն՝ պահանջելով անոնցմէ, որ մերժեն Սպիտակ տան առաջարկը։

Սպիտակ տունէն աղբիւր մը անցեալ շաբաթ հաստատեց, թէ Պայտընի վարչակազմը Քոնկրեսէն կը խնդրէ հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ «F․16» ռազմական օդանաւեր եւ հրթիռներ ու այլ սպառազինութիւն ծախելու ։ Քոնկրեսին ուղղուած դիմումին մէջ կը նշուի, թէ վաճառքը կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն, յատկապէս Ուքրանիոյ հետ Անգարայի ռազմական կապերուն պատճառով:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ բռնատէր Էրտողանի վարչակազմին նման զէնքեր տրամադրելը վնասներ պիտի հասցնէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն եւ անոր պաշտպանած սկզբունքներուն՝ յիշեցնելով, որ Անգարա անվստահելի դաշնակից մը ըլլալը ցոյց տուած էր ռուսական «S․ 400» հակօդային համակարգեր գնելով, որուն համար անիկա դուրս մնացած էր աւելի արդիական «F․35» օդանաւերու ծրագիրէն: