Ցեղասպանածին «Խաղաղասիրութեան Դարաշրջան»-ը Եւ Հայ Ցեղին Պաշտպան «Դիմադրութիւն»-ը. Սարգիս Տաղտէվիրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունի զանգուած, որ տակաւին կը հաւատայ գերագոյն դաւաճանի «խաղաղութեան դարաշրջան»-ին (բայց` իրողապէս հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան) գալուստին` առանց հայոց եւ միջազգային պատմութեան անցուդարձերու դիտարկումին, անձնական պաշտպանութեան միջոցներու ապահովումին եւ ամէնէն կարեւորը` անհատի եւ ազգի կեանքի ու մահուան միջեւ տարբերութիւնը տեսնելու կարողութեան:

Հայաստանի իշխանութիւնը, նաեւ` Թուրքիոյ մէջ հակահայ դաստիարակութիւն ստացած գործակալ եւ աշակերտ հայանուններու միջոցով, իր այդ խաբուսիկ խաղաղասիրութեան յաջողութեան համար կ՛ընէ հետեւեալը. ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պայմանները, համակերպիլ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր հողային ոտնձգութեան, շալակել ամէն անպատուութիւն ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ նոյնիսկ գերագոյն դաւաճանի հասցէին` առանց հակադարձութեան:

Նկատի չառնելով, որ`

– Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «խաղաղութիւն» է. «արդիւնքը» ի՞նչ է. ցեղասպանուած հայութիւն, քրտացած ու թրքացած մնացորդներ, իսլամացած հայու փշրանքներ, որոնց գրեթէ բոլորը նոյնիսկ պատրաստ չեն հայութեան ակունքներ վերադառնալու` կրօնով թէ ապրումով:

– Ազրպէյճանի նախկին հայաբնակ շրջանները (Պաքու, Սումկայիթ, Գանձակ եւ այլն) 1988-ին ջարդերով պարպուելէն ետք, այժմ «խաղաղ» են. սպաննուած, կողոպտուած, բռնաբարուած, իսկ լաւագոյն պարագային` բռնագաղթուած հայութեան պատճառով:

– Արցախի հանրապետութեան, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանք, 72 առ հարիւրին բռնագրաւուած տարածքներն ալ առայժմ «խաղաղ» են, որովհետեւ հայութենէ պարպուած են ու բնական, մշակութային եւ նիւթական հարստութիւնները` կողոպտուած:

Հայաստանի իշխանութեան ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ կրնայ երաշխաւորել, որ վերոյիշեալները պիտի չկրկնուին Հայաստանի եւ Արցախի մնացած շրջաններուն մէջ` ցեղասպանութիւն, բռնագրաւում, բռնագաղթ, բռնաբարութիւն, կողոպուտ եւ կրունկի տակ ճզմուած «խաղաղասիրութիւն»: Ո՛չ միայն երաշխաւորուած չէ, այլեւ տարածաշրջանի քաղաքական պատմութեան փաստերու հիմքով ՊԻՏԻ ԿՐԿՆՈՒԻ՛Ն ու Հայաստանի պետականութիւնը ջնջուի: «Դիմադրութեան» ստեղծումն ու հետագայ գործողութիւնները կը նպատակադրեն կասեցնել հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը ու ապահովել Հայաստանի պետութեան յաւերժականութիւնը` առաջին փուլով իշխանութենէն դէպի յանցագործներու խուց շպրտելով գերագոյն դաւաճանն ու իր թրքահաճոյ քայլականները:

Հարկաւոր է կատարել պատմաքաղաքական եւ տնտեսական կարգ մը դիտարկումներ.

«Թրքական աշխարհ»-ի քարտէս Ռ. Թ. Էրտողան եւ Տ. Պահչելի համաթուրանականութեան տեսլականի քարտէսին հետ

Ա.- Արցախին եւ Հայաստանին գոյաբանական գլխաւոր սպառնալիքը Թուրքիոյ ղեկավարութեամբ համաթուրանականութիւնն է, որուն գլխաւոր նպատակը թրքական ծագումով ցեղերու միացումն է Թուրքիայէն սկսած դէպի եւրոպական քանի մը երկիրներ եւ Հայաստանի ու Իրանի վրայով դէպի Կեդրոնական Ասիա ու Չինաստան, ընդգրկելով նաեւ Ռուսիոյ պատկանող հսկայական տարածքներ: Այդ նպատակին առաջին արգելքը Հայաստանն ու հայութիւնն են, որ պէտք է վերացնել. Հայոց ցեղասպանութեամբ անոր մեծ քայլը Թուրքիան առած է արդէն, իսկ 44-օրեայ պատերազմով Արցախի շուրջ 72 առ հարիւրի գրաւումով, Ազրպէյճանի միջոցով արձանագրած է յաջողութիւն մը եւս:

Բ.- Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 12 յունիս 2021-ին հայկական, բայց գրաւեալ Շուշիի մէջ հռչակագիրով մը ամրացուցին Թուրանի ստեղծումին հիմքերը, իսկ Հայաստանի դաւաճան իշխանութիւնը նոյնիսկ մերժեց դիմադարձել եւ քաղաքական արժեւորում տալ անոր: Առաւել` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընտրակեղծիքներով մեծամասնութիւն յայտնուած գերագոյն դաւաճանի ուսապարկերը` Քաղաքացիական պայմանագիրի պատգամաւորները քուէարկեցին ՉԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ զայն: Նոյնը պիտի չընէի՞ն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մեճլիսները (խորհրդարանները)…

Գ.- Չուսումնասիրուած եւ խորապէս չքննարկուած «ճանապարհներու բացուիլ»-ը Հայաստանի համար օգտակար նկատողը եւ զայն թմբկահարողը կա՛մ մեր թշնամին է, կա՛մ անոր շահերուն սպասարկուն, կա՛մ ալ իր սեփական շահերը հետապնդողը, որովհետեւ Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծ տոկոսներով կը զիջի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի տնտեսութիւններուն: Մեր դրամատէրերը եւ սակաւապետները (օլիկարգերը), որոնք մանկամտօրէն կը կարծեն, թէ հսկայական նիւթական օգուտ պիտի քաղեն այդ «քայլ»-էն, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առեւտրականները պիտի կլլեն նախ զիրենք, այդ ճանապարհին վերջաւորութեան ալ` ամբողջ Հայաստանը, իրենց յարաբերաբար անսահման միջոցներով ու կապերով: Մեծ առեւտուրի նուազագոյն փորձառութիւնն ու հոտառութիւնն ալ չկան այս անձերուն մէջ:

Գերագոյն դաւաճանի ստաբանած «խաղաղութեան» տակաւին հաւատացող Հայաստանի ու սփիւռքի իմ հայրենակիցներս կը կարծեն, թէ թուրքը եւ ազերին պիտի խնայեն, նուազագոյնը` իր ֆիզիքական կեանքը… Մահաբեր եզրակացութիւն…

Մենք մեր գոյութիւնը կը պահպանենք ու յարատեւութիւնը կ՛ապահովենք իսկական խաղաղութեամբ, որ կ՛իրականանայ ամուր հիմքերու վրայ կառուցուած` ուժեղ եւ արդիականացած միջոցներով պաշտպանական ուժերով, ծրագրաւորուած եւ հիմնաւորուած տնտեսութեամբ (ճարտարարուեստ, երկրագործութիւն, զբօսաշրջութիւն եւ այլն), համահաւասար առիթով ընկերային համակարգի մէջ բարեկեցիկ ու հաւատարիմ ազգաբնակչութեամբ, ազգային հիմքերով կրօնական ու կրթական համակարգով, թիրախային ու ճշմարիտ հայանպաստ քարոզչութեամբ, դաշնակիցներու հետ կապերու ամրացումով կամ նորովի ստեղծումով եւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ:

«Դիմադրութեան» բոլորիս պատգամած եզրակացութիւնը մէ՛կն է.

Ո՛Չ արիւնոտ, հեղուկ «խաղաղութեան»,

ԱՅՈ՛ պողպատեայ, արժանապատիւ խաղաղութեան: