ՀՄԸՄ-ի Նոր Կեդրոնի Բացում Հոլանտայի Ալմելօ Քաղաքին Մէջ

Սփիւռք

Շաբաթ, 7 Մայիսին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նոր կեդրոնի բացումը՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրուեցաւ Օննիկ Գելիչին, իսկ Մեկուսի շրջանին կողմէ «Ծառայութեան» շքանշանի արժանացաւ Փայլակ Աւետիսեան։ Կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանցում։