«Ազատ Օր» Օրաթերթը Կը Ձեռնարկէ Տեղեկատուական Դաշտին Հետ Կապուած Կարեւոր Հարցախոյզի Մը

Սփիւռք

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Արդի ժամանակներու լրատուական դաշտը յատկանշուած է լուրերու եւ տեղեկութիւններու տարափով, որ ելեկտրոնային զանազան միջոցներով ամէն պահու կը հասնի իւրաքանչիւր անհատի մօտ, ինչպիսին են անձնական հեռաձայնի, պլանշեթի (tablet) եւ համակարգիչներու ընձեռած դիւրութիւնները։ Ներկայիս, ընկերային ցանցերը եւ կայքէջերը իրենց տիրական ներկայութիւնը ունին տեղեկութիւններու արագ եւ անմիջական ցրուումի դաշտին մէջ, մինչ դասական տպագիր մամուլը, նոյնիսկ հեռատեսիլն ու ձայնասփիւռը նուազ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն։

Կարելի է ըսել, թէ նոյն պատկերը կը տիրէ մեր հայրենակիցներուն մօտ, յատկապէս նոր սերունդի պարագային, որոնք իրենց նախընտրութիւնը ցոյց կու տան արդի լրատուական միջոցներուն, սակայն միշտ չէ որ հետաքրքրութիւն կը ստեղծուի իրազեկ դառնալու Հայաստանի ու հայութեան հետ կապ ունեցող լուրերուն մասին։

Այս իրականութենէն մեկնելով, «Ազատ Օր» օրաթերթը կը կատարէ հարցախոյզ (γκάλοπ) մը, նպատակ ունենալով արձանագրել յունահայ գաղութի անդամներու կարծիքը հայկական զանգուածային լրատուական միջոցներուն (Զ.Լ.Մ.) նկատմամբ։

Այս առիթով, ելեկտրոնային նամակատան ճամբով, ինչպէս նաեւ թերթիս կայքէջին, Դիմատետրի (facebook) էջերուն, ակումբներու եւ միութիւններու Դիմատետրի էջերուն վրայ պիտի հրապարակուի ելեկտրոնային հարցարան մը, ուր իւրաքանչիւր հայրենակից կրնայ զայն պատասխանել իր անձնական հեռաձայնին, պլանշեթին կամ համակարգիչին վրայ։

Ծրագիրը պիտի տեւէ մինչեւ 20 Մայիս 2022 եւ կը միտի կեդրոնացնել մեր հայրենակիցներու նախընտրութիւնները եւ սովորութիւնները հայկական լրատուական միջոցներուն կապակցութեամբ, յանգելով այն հիմնական եզրակացութիւններուն, որոնք պիտի սատարեն մեր գաղութի լրատուական միջոցներու բարելաւման եւ առաւել զարգացման։

Հարցարանը անանուն է, անոր լրացումը չի պահանջեր 5 վայրկեանէն աւելի, ձեր մասնակցութիւնը կարեւոր է եւ մեծապէս պիտի նպաստէ եզրակացութիւններու ամբողջացման։

Հարցարանը կարելի է հոս ներբեռնել հետեւեալ կապով՝
https://forms.gle/4tshQMXtBKgEfvht7

Բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք հեռաձայնի կամ համակարգիչի գործածութեան վարժ չեն, կրնան դիմել թերթիս խմբագրութեան ստանալու համար հարցարանի տպագիր ձեւը եւ զայն պատասխանելու ու վերադարձնելու ցրուիչներուն կամ այլ ճամբով։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր ընթերցողներուն մասնակցելու հարցախոյզին եւ լրացնելու անոր հարցումները, սատարելով մեր ձեռնարկած աշխատանքի յաջողութեան։