ՀՈՒՍԿ-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Ոչ-հայ Լսարանի Համար՝ Թեհրանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար դատի մասին բարձրաձայնելը աշխարհով մէկ եւ ի մասնաւորի Թեհրանի մէջ՝ մեր ոչ-հայ հայրենակիցներու շրջանակներուն մէջ, տասնամեակներ եղած է այն առաքելութիւնը, որուն լրջօրէն հետամուտ եղած է Հայկական Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոն («ՀՈՒՍԿ» հաստատութիւն)՝ Հայ Դատի յանձնախումբը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը։

Ահաւասիկ, քովիտի պատճառով երկամեայ ընդմիջումէ ետք, Մայիս 10-ի երեկոյեան, ՀՈՒՍԿ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր բանախօսական-գեղարուեստական ձեռնարկ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, ոչ-հայ լսարանի համար, Հայ Հասարակական միութեան (Հայ ակումբի) դահլիճին մէջ: Ձեռնարկը, որ իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Իսլ. խորհրդարանի Զրադաշտներու պատգամաւորը, ասորիներու ներկայացուցիչը, Իսլ. Մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու յարակից բաժիններու եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, Իրանում ԻԿՕՄ-ի նախագահը, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի ատենապետներ, «Ալիք» հաստատութեան եւ ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Իրանի քաղաքական ու մտաւորական շրջանակներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ, մեկնարկեց Իրանի պետական հիմնով: Հայ Դատի խօսքը պարսկերէնով ներկայացուց Սարինէ Թորոսեանը, որ ընդգծեց, որ իրանցիները առաջին ազգերէն էին, որոնք նոյնինքն Ցեղասպանութեան տարիներուն, շնորհիւ իրանցի մտաւորականներու եւ դիւանագէտներու, հարցին իրազեկ դարձան եւ Իրանը դարձաւ ապահով ապաստարան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու եւ ապաստանեալներու համար եւ Իրանի մէջ հայերու եւ իսլամներու ու բոլոր իրանցիներու խաղաղ գոյակցութիւնը լաւագոյն վկան է պատմական այս իրողութեան: Ան, ապա, անդրադարձաւ Թուրքիոյ միջոցով ներկայ ժամանակահատուածին եւս շարունակուող պանթուրքիստական նկրտումներու, ի մասնաւորի 2020 թուականին ահաբեկչական խմբաւորումներու Պաքու փոխադրելով եւ սիոնիստական վարչաձեւի հետ յարաբերութիւններուն եւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու եւ Իրանի կից սահմաններու մէջ սիոնիստական նոր ռազմայենակներու կառուցման, ատիկա սպառնալիք համարելով Իրանի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական տեսաֆիլմ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ դիւանագիտական յետագայ զարգացումներուն մասին: Ծրագիրը յագեցած էր բանախօսութիւններով: Մոհամմատ Պաղեր Ամիրանին, իբրեւ առաջին բանախօս հակիրճ պատմական ներկայացնելով, կարեւոր համարեց Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պոյքոթի արշաւը: Աթուսա Սամիին, ով «Նեշանէ» հրատարակչութեան տնօրէնն է եւ ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ՝ անգլերէնէ-պարսկերէնի, ինչպէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երկհատոր գիրքը, ներկայացուց իր վերջին թարգմանութիւններէն՝ Թաներ Աքչամի գրչին պատկանող «Ցեղասպանութեան հրահանգը» գիրքը, որուն շնորհանդէսը կատարուած է ժամանակին: Իրանի գէօպոլիտիկ ուսումնարանէն Աֆշին Մոթաղին իր ելոյթի ընթացքին դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հիմնարկի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Ցեղասպանութեան հարցով ՀՈՒՍԿ-ի հետ համատեղ ձեռնարկներ իրականացնելու: Վերջին բանախօս հրաւիրուեցաւ Իսլ. խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանը, որ անդրադառնալով պանթուրքիզմի եւ սիոնիզմի միմեանց կապակցող օղակներուն՝ կարեւոր համարեց ապագայի տեսլականով ծրագրամշակման անհրաժեշտութիւնը:

Օրուան եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեանը, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ ընդգծեց, որ Հայաշխարհը երբեք պիտի չի մոռնայ ցեղասպանի իրականացուցած Ցեղասպանութիւնը, հակառակ ներկայի քաղաքական ժխտողական քայլերուն, եւ համայն աշխարհի մէջ 10 միլիոն հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ երաժշտագէտ եւ երաժշտութեան դասախօս՝ դոկտ. Վարդան Սահակեանի մշակած «Համայն մարդկութիւնը մէկ մարմնի անդամներ են» երաժշտական տեսահոլովակը:

Գեղարուեստական բաժինով դաշնամուրի կատարումներով ելոյթ ունեցաւ Դերէն Բրաթեանը, իսկ ջութակի կատարումներով Դանիէլ Քեշիշ Դանիէլեանը:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ ընդունելութեամբ: