Արցախի Հոգեւոր Ժառանգութեան Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 11-14 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի Աւստրիոյ կոմիտէն՝ դոկտ. Եասմին Տում-Թրակուդի ղեկավարութեամբ, Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հովանիին տակ, կազմակերպած է Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն։

«Գիտաժողովին ծիրէն ներս՝ Մայիս 11–ին, Աւստրիոյ Զալցպուրկ քաղաքին մէջ բացուեցաւ «Մշակոյթը հակամարտութեան մէջ, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ «Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւն» (անգլերէն) գիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքը հրատարակուած է Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակին նախաձեռնութեամբ:

Ձեռնարկին ներկայ էր Զալցպուրկի արքեպիսկոպոս Ֆրանց Լաքները, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական Պատուիրակ Տ․ Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեանը, ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ․ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը։

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ ներկայացուց Արցախի հայկական ժառանգութեան պատմութիւնը եւ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ մնացած հայկական պատմական, հոգեւոր–մշակությաին յուշարձաններուն կարգավիճակը։

Զեկոյցներով ելոյթ ունեցան նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ․ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան եւ Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան։

Մայիս 13-14, Վիեննայի թանգարանին մէջ (Weltmuseum Wien) պիտի սկսի Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովը»։