Զարթի՛ր Լաօ. Լոռի Պէրպէրեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայը ծնած է անարդարութիւն դիմադրելու: Ի վերջոյ, եթէ ոչ մենք, ապա ո՞վ պիտի պաշտպանէ մաքուրը, արդարը, ճշմարիտը: Ո՞վ պիտի պայքարի մարդկային իրաւունքներուն ու արժէքներուն կեղեքումը հետապնդող անվերջ գազաններուն դէմ: Հայն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր կը սիրեն ու չեն ճանչնար տկարութիւն հայ ազգին մէջ: Սակայն ո՞վ կը սպասէր, որ Հայաստանի հայ իշխանութիւնները օր մը պիտի դառնային հայուն դիմադրութեան թիրախը, հայուն խորքը անհանգստացնող փուշը, հայուն ինքնութիւնը զայրացնող գոյութիւնը: Պատկերացուցէք Հայաստանի իշխանութեան գործած մեղքին մեծութիւնը, որ համոզած է այդ նոյն հայուն, որ իր սիրած, ճանչցած, պաշտած հայը հիմա արժանի է ամենադառն դիմադրութեան ու անսանձ ատելութեան: Այս պատկերով թերեւս իսկապէս կը հասկնանք նոյեմբեր 9-ի ու անոր հետեւող բազմաթիւ համաձայնագիրներու բերած հիասթափութեան մակարդակը: Այսպիսով, աւելի լաւ կրնանք հասկնալ համայն հայութեան վերջնական որոշումը` տապալելու դաւաճան ու թրքամէտ հայերով կազմուած Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը:

Դժուար էր անտեսել մեր ազգին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգը, երբ Հայաստանի իշխանութեան խօսքերը սկսած էին համապատասխանել Ցեղասպանութինը մերժող ու օրական հայերուն անկումը հետապնդող Թուրքիոյ ուղերձներուն: Երբ յարձակողն ու պաշտպանուողը համաձայնութիւն կնքեցին ու նոյն գաղափարները արձագանգեցին, համոզուեցայ, որ մեր իշխանութիւնը մոլորուած ու թրքացած է: Իսկ իր ազգը ծուղակը նետող հայ իշխանութեան անօրէնութիւնները աններելի են` զայն արժանացնելով ամենավատ պատիժին, մինչեւ որ հինգ հազարէն աւելի սպաննած հայորդիներուն արիւնին չափ ինք թափէ:

Հայաստանի թրքացած իշխանութեան որոշումները տարիներէ ի վեր կը պառակտեն հայ ազգը: Ներկայիս կազմակերպուած համազգային բողոքի ցոյցերը վերստին միութիւն ներշնչեցին մեր շրջանակներուն մէջ, յստակացուցին ազգիս իսկական նպատակներն ու իսկական թշնամիները: Ցուցադրեցին մէկ ճշմարտութիւն` հայրենիքի պաշտպանութիւնը հայրենասիրութիւն ու քաջութիւն կը պահանջէ, զոհողութիւն ու հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ: Հայ ժողովուրդին արցունքները սրբուեցան ու անոր աչքերը սկսան յստակ տեսնել նորէն: Սկսաւ մեղքը մեղք կոչել, սխալը չարդարացնել: Հայ ժողովուրդը հետզհետէ կը զօրանայ ու պէտք ունի իւրաքանչիւր հայու զօրակցութեան: Միանալու եւ հզօրանալու կամքն ու կարողութիւնը մեծագոյն սիւներէն են հայուն էութեան: Լսենք մեր դիւցազնական էութեան: Էութիւն, որ վախ չի ճանչնար: Էութիւն, որ զիջում չ՛ընդունիր: Էութիւն, որ հսկայական պարտութիւններու ու արիւնախանձ բանակներու առջեւ կատաղօրէն կը գոռայ` «Զարթի՛ր, լաօ»: