Կոչ Կ՝ընենք ՀՀ Հանրային Խորհուրդի Գրասենեակի Նախկին Ներկայացուցիչին՝ Կեղտոտ Սուտեր Չտարածելու Գանատայի Հայ Ուսանողական Համայնքին Դէմ

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ Հանրային Խորհուրդի նախկին ներկայացուցիչը խայտառակ սուտ կը տարածէ Գանատայի հայ ուսանողական միութիւններուն դէմ։ Մայիս 6-ին, պարոն Սաֆարեանը յայտարարեց. «Ոեւէ մէկը գիտէ՞, թէ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ քանի հայրենասէր հայ երիտասարդ (Գանատայի ԱՍԱ-էն) եկած է պաշտպանելու Արցախը»։

Աւելորդ է ըսել, որ պրն. Սաֆարեանի մեկնաբանութիւնները անտեղի են եւ գանատահայ երիտասարդները կը ներկայացնեն իբրեւ թրքական դրօշ այրող։ Անոր մեկնաբանութիւնները արժանի չեն որեւէ պատասխանի, բայց ահա մեր՝ Գանատայի Հայ ուսանողական միութիւններու ներդրման ամփոփ ակնարկ մը՝ ի նպաստ Հայոց պետականութեան:

– Մինչեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 8, Հայ ուսանողական միութիւնները օգնած են գանատահայ համայնքին աւելի քան 1,000,000 ԱՄՆ տոլար հաւաքելու Արցախի համար։

– 2020 թուականի Հոկտեմբերին Հայ ուսանողական միութիւնները օգնեցին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCC) կասեցնելու թրքական Bayraktar TB-2-ի ​​գանատական արտադրութեան WESCAM տեսախցիկներու վաճառքը Թուրքիոյ:

– Հայ ուսանողները գանատական խոշոր ԶԼՄ-ներու մէջ բարձրացուցած են Արցախեան հակամարտութեան մասին իրազեկուածութիւնը եւ օգնած գանատացի ակադեմիկոսներուն՝ խնդրի մասին գրելու գանատական տարբեր գիտահետազօտական կեդրոններու մէջ:

– 2021 թուականի Մարտին, յաջողութեամբ չեղարկած են Գանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը հիւրընկալող պաշտօնական ձեռնարկը Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ, Գանատայի ամենամեծ համալսարաններէն մէկուն մէջ։

– 2021 թուականի Ապրիլին, Հայ ուսանողական միութիւնները նպաստեցին Գանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ զէնքի բոլոր գործարքներու եւ զինամթերքի վրայ լիակատար արգելք դնելու լոպպիստական ​​ջանքերուն:

Ինչ կը վերաբերի պատերազմի ժամանակ Սփիւռքահայերու անմիջական մասնակցութեան Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կողքին՝ աւելի տեղին պիտի ըլլար, որ պրն. Սաֆարեանը հարցնէր իր սիրելի իշխող կուսակցութեան` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին, թէ իրենցմէ, որոնք ունեցած են եւ մինչ օրս դեռ կը պահպանեն պարտուողական տիսքուրս, քանի՞ հոգին փաստացի մասնակցած են վերջին 44-օրեայ պատերազմին։

Մենք՝ Գանատայի Հայ ուսանողական միութիւնները, կոչ կ՝ընենք Հանրային Խորհուրդի գրասենեակի նախկին ներկայացուցիչին, կեղտոտ սուտեր չտարածելու Գանատայի հայ ուսանողական համայնքին դէմ եւ կոչ կ՝ընենք Պ. Սաֆարեանին դադրեցնելու իր շարունակական ատելութեան քարոզները եւ դադրեցնելու իր պառակտողական եւ անհիմն յայտարարութիւնները։

#ԶարթնիրԼաօ

Մոնթրէալի Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

Եորք Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

Գոնգորտիա Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութիւն

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութիւն