Անթոնիօ Ֆէյժօ Կը Ստանձնէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախագահի Պաշտօնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

3 Մայիս 2022-ին փրոֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժօ ստանձնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը. ան նախագահ ընտրուեցաւ 15 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի լիագումար ժողովին:

Անթոնիօ Ֆէյժօ հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի ոչ գործադիր անդամ եղած է 2018 թուականէն ի վեր: Ան առաջին նախագահն է, որ մասնագիտացած է հասարակագիտական ուսմանց մէջ. իր դոկտորականը ստացած է Պրաուն համալսարանէն (Միացեալ Նահանգներ) 1985-ին` մասնագիտանալով անգլիական եւ հիւսիսամերիկեան գրականութեան մէջ: Նոյն նիւթին շուրջ իր մագիստրոսի կոչումը ստացած է Ալպանիի Նիւ Եորքի պետական համալսարանէն (1979): Ֆէյժօ Լիզպոնի համալսարանի դասախօս է (Անգլիագիտութեան եւ գրականութեան տեսութեան բաժին): Նախապէս եղած է Լիզպոնի համալսարանի Արուեստի եւ հասարակագիտութեան դպրոցի տնօրէն, բազմաթիւ այլ վարչական բարձր պաշտօններու առընթեր: Ան անգլիական, ամերիկեան եւ փորթուգալական գրականութեան վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է. այլ գործերու շարքին` փորթուգալերէնի թարգմանած է նաեւ Շէյքսփիրի եւ Օսքար Ուայլտի գործերէն:

Պաշտօնի ստանձնումի իր խօսքին մէջ Անթոնիօ Ֆէյժօ ընդգծեց, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը «բարեգործական հաստատութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ այն ժառանգութիւնը, որ ձգած է Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը` իր ժամանակին եւ իր դարուն եզակի մարդը. ոեւէ անձ որ կը ղեկավարէ հիմնարկութիւնը, պարտի պահպանել այդ ժառանգութեան տեւական բնոյթը»:

Նախկին նախագահ Իզապէլ Մոթա արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան` հիմնարկութեան իր 26-ամեայ ծառայութեան համար, զայն նախագահելով վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:

Հիմնարկութեան ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքը եւ արձանագրուիլ լրատուին: