Շուշիի Ազատագրութեան 30-ամեակը՝ Գործի Լծուելու Կոչ. «Ասպարէզ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

9 Մայիսին 30-ամեակն է Շուշիի ազատագրութեան. անիկա յաղթանակի խորհրդանիշ մը դարձած էր հայութեան համար։

Շուշիի ազտագրութեան առաջնորդած ճակատամարտը ոչ միայն անկիւնադարձային էր Արցախի ազտագրութեան շարժումին համար, այլ նաեւ նկատուած էր արդի ռազմական պատմութեան իւրայատուկ գործողութիւններէն մէկը, որուն շնորհիւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան քաղաքէն դուրս շպրտել ատրպէյճանական ուժերը, որոնք այնտեղէն շարունակաբար կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտի քաղաքային թիրախները։

Այդ յաղթանակին յաջորդեց ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող Լաչինի (Բերդձոր) հերոսական ազատագրումը, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային ուղղի հաստատելով։

30 տարի ետք, Շուշին դարձեալ բռնագրաւուած է եւ անոր պատմական, կրօնական եւ մշակութային հարստութիւնները անհետանալու վտանգը կը դիմագրաւեն։

2020-ի աշնան, աշխարհը ձեռնածալ հետեւեցաւ Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ ատրպէյճանական ուժերու բռնարաքներուն, որոնց զոհերէն մէկն էր Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը։ Աշխարհը լուռ մնաց, հակառակ անոր որ Ռուսիա այսօր կը դատապարտուի Ուքրանիոյ դէմ իր որդեգրած նման քայլերուն համար։

Այսօր, Ատրպէյճան եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւ Շուշին կը շահագործեն՝ իբրեւ իրենց յաղթանակի խորհրդանիշը, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այդ սուրբ հողին վրայ կնքեց «ապահովութեան» դաշինք մը Ալիեւի հետ, որ կը պարունակէ ցեղային մաքրագործումի կէտեր։

Այս պարունակին մէջ, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ջանքերը առաւել անընդունելի եւ դատապարտելի են, որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ յարձակիլ Արցախի հայութեան վրայ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ անոնցմէ խլելու իրենց պատիւը եւ մարդկութիւնը։ Փաշինեան կը պնդէ, թէ համաձայնութիւն կնքելու գծով Երեւանի վրայ ճնշում կը բանեցուի միջազգային համայնքին կողմէ, սակայն իրականութիւնը աւելի բարդ է եւ յստակ է, որ Արցախի հարցը արդէն իսկ երկրորդական դարձած է Երեւանի համար։

Մինչ իր ազատութեան եւ անկախութեան համար արիւն թափած Արցախի հայութիւնը ամէն առիթի կը շեշտէ, թէ Արցախը որեւէ կերպով ատրպէյճանական լուծին տակ պահելու գաղափարը անընդուելի կը մնայ, Երեւան պէտք է ստանձնէ Արցախի անկախութեան երաշխաւորի իր դիրքը եւ պէտք չէ քաղաքական հաշիւներու զոհ դարձնէ արցախցին։

Շուշիի ազատագրութեան 30-ամեակը անմիջական գործի լծուելու կոչ մը պէտք է հանդիսանայ համայն հայութեան՝ յիշեցնելով մեզի, թէ այն, ինչը 30 տարի առաջ կարելի դարձած էր, անգամ մը եւս կրնայ իրականութեան վերածուիլ, եթէ հայութիւնը միակամ պայքարի՝ յանուն հայրենքի փրկութեան եւ մեզմէ խլուածներուն վերարտիրանալու նպատակին։