Ողբերգական Յորձանուտ. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Դուք այստեղ չէք պարզապէս ապրուստ մը ապահովելու համար: Դուք այստեղ էք, որպէսզի նպաստէք մարդկութեան՝ աւելի բարօր կեանք մը ապահովելու, աւելի մեծ տեսլականով եւ յոյսի ու ձեռքբերումներու աւելի կատարելագործուած ոգիով: Դուք այստեղ էք աշխարհը հարստացնելու համար: Դուք ձեզ կ՛աղքատացնէք, եթէ մոռնաք այս յանձնառութիւնը»:
Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924)

Մարդս ողբալու չափ ցաւ կը զգայ, երբ կ’անդրադառնայ, որ Ազգային Ժողովի աթոռներուն վրայ բազմածներէն շօշափելի թիւ մը, իր քաղաքացիական (նաեւ անձնական) պայմանագրութեամբ տոգորուած եւ բաւարարուած՝ հաւանաբար ծանօթ չէ Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին (1913-1921), որ իր օրերուն մօտէն հետեւած էր Կովկասեան բարձրաւանդակի անցուդարձերուն։ Նոյնինքն նախագահ Ուիլսընի անուան կապուած է Սեւրի դաշնագրէն մտայղացուած եւ բաւական բծախնդրութեամբ պատրաստուած՝ «Ուիլսընեան ծրագիր»-ը։
Վերոյիշեալ խօսքը ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն արդարամիտ եւ խոր գաղափարներու տէր անձ մըն էր Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահը։
Անտեղի է նախագահ Ուիլսընի օրինակը բերել, կամ բաղդատականներ ընել ներկայ ներհայկական քաղաքական բեմահարթակի յորձանուտին հետ։ Ժողովրդային ոճով բացատրելով, հաւանաբար կարելի է նշել, թէ լեռ ու ձոր կայ Ուիլսընի եւ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան միջեւ, իսկ աշխարհագրական առումով՝ թէ՛ լեռը եւ թէ՛ ձորը սկսած են հետզհետէ պակսիլ, կռնկակոխ կերպով տեղի տալով եւ հողատարածներ զիջելով թշնամիին։
Դժբախտաբար, վարչապետ Փաշինեան եւ իր հլու կամակատար ՔՊ-ականները որդեգրած են «քառակուսի գլուխ» գործելաձեւով մը, որ կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու բանակի հանրահռչակ հրամանատարներէն՝ Ճորճ Փաթընի մէկ խօսքը. «Առաջնորդէ՛, հետեւէ՛, կամ հեռացիր իմ ճամբէս» (Lead me, follow me, or get out of my way): Այս խօսքը չենք մտաբերեր բացառաբար ռազմաճակատներու տեսադաշտին մէջ, հեռու քաղաքական աշխարհէն։ Արդ, Փաթըն Գերմանիան ձերբազատեց նացիներէն, մինչդեռ Նիկոլ եւ ընկերներ, իրենց ծանօթ՝ պարտուողականութեամբ ու անկարողութեամբ, կը շարունակեն յանձնել եւ յանձնուիլ Պաքուի, մոռցած (եւ ոտնակոխելով) օրէնք, Սահմանադրութիւն, պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն, ալ ի՜նչ խօսք վեհանձնութեան ու ՊԱՏՄԱԿԱՆՕՐԷՆ ՄԵՐԸ ԵՂՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ մասին:
Քանի մը օրէն պիտի նշենք Նոյեմբեր 9-10-ի զինադադարի յայտարարութեան, կամ առանց բառերու ետին պահուըտելու՝ Հայաստանի ծանր պարտութեան հռչակագիրին առաջին տարելիցը: Չենք ուզեր հաւատալ այն զրոյցներուն, թէ Ռուսիոյ իրաւարարութեամբ՝ յաղթականն ու պարտեալը հաւանաբար մօտ օրէն դէմ դիմաց պիտի նստին եւ քննարկեն կատարուածը, չկատարուածն ու կատարուելիքը։ Նման հանդիպում իրականանալու պարագային, վստահաբար տարբեր պիտի ըլլար, եթէ հայկական կողմէն՝ նոր դէմք մը եւ մանաւանդ նոր նահանջի ընտրանքները մերժելու կամքով օժտուած ներկայացուցիչ մը նստած ըլլար սեղանին։
Յառաջիկայի որեւէ բանակցութեան համար, կարելի՞ է նման կացութիւն ստեղծել։
Կարելիէն աւելի՝ պայման է, որ նման բարեշրջում կատարուի, սակայն Փաշինեանի ծրագիրը տարբեր է։ Ան մոռցած է, կամ աւելի ճիշդը՝ մէկդի դրած է որեւէ յանձնառութիւն: Ան յամառօրէն կը շարունակէ գործել մութ հաշիւներով, որոնք յայտնապէս գերադաս են հայրենիքի անվտանգութեան եւ «լինել – չլինել»-ուն։
Միշտ ի մտի ունենալով նոր հանդիպումի մը հաւանականութիւնը, ահազանգող հարցումը կը կրկնուի. ի՞նչ երեսով կամ թղթածրարով պիտի ներկայանայ Հայաստանի իշխանութեան ղեկը պահողը:
Կարելի է երեւակայել եւ շուտով եզրակացնել։
Անգարա եւ Պաքու յանկերգի վերածած են, եւ քայլ առ քայլ իրականացման ճամբու մէջ կը դնեն «Զանգեզուրի անցք»ը՝ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան. օդային անցքերը արդէն շաբաթներէ ի վեր կը գործեն՝ դիւրացնելով իրենց ճամբորդատար (եւ ռազմական) օդանաւերուն թռիչքները։
Ասդին, Ազգային ժողովէն ներս, նենգամտութիւններն ու խեղկատակութիւնները նոր եւ անվերջանալի արարներ բեմ կը հանեն:
Դժբախտար չենք գիտակցիր, թէ յորձանուտի մէջ ենք, այդ ալ՝ հայրենաճմլիկ եւ ողբերգական յորձանուտի։