Ճշմարտութեան Եւ Արդարութեան Կեդրոնը Պիտի Մեծարէ Արտակ Բեգլարեանը

Հայաստան, Սփիւռք

Վեջին մէկ տարուան ընթացքին, Արցախի պատերազմի վերապրողներուն, գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վկայութիւնները հաւաքելու աշխատանքին նախաձեռնած Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը որոշած է իր տարեկան առաջին ձեռնարկին ընթացքին մեծարել Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ տեղկութիւններ պիտի տրուին կազմակերպութեան գործունէութեան մասին եւ մասնակցողները պիտի ունկնդրեն վկայութիւններէն հատուածներ։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Աթինա» ճաշարանին մէջ (933 N. Brand Blvd., Glendale, CA 91202)։ Մասնակցութեան սակը 300 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար դիմել info@cftjustice.org հասցէին, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։