Նահատակ Հերոսները Հարց Կու Տան.- Ի՞նչ Պատասխան Պիտի Տաք… (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

23 Յուլիս: «Օրն էր Ուրբաթ, լուսի Շաբաթ»…

Պատկերասփիւռին դիմաց նստած, կը դիտեմ Թոքիոյի (տարի մը ուշացած) Ողիմպիականներուն բացման արարողութենէն լրատուական հատուածներ: Գրեթէ բոլոր կայաններուն առաջին լուրն է Թոքիոն. մահասփիւռ ողողումներու, սահանքներու, համաճարակին եւ քաղաքական վերիվայրումներու մասին տեղեկութիւնները տեղը տուած են Ողիմպիականներուն::

Հրավառութիւն, ցուցադրական պատկերներ՝ երգով ու մարզական շարժումներով: Մարզական ՈԳԻն մրցակցութեան ելած է խորհրդանիշներու եւ ազնիւ խորհուրդներու հետ, որոնք կը պատկերուին վաստակ կերտած մարզիկներու եւ անոնց բարձրացուցած դրօշը աւելի՛ վեր ծածանելու կամքով ամրացած նորեկներու կողմէ: Թենիսի ճափոնցի հռչակաւոր մարզիկուհի մը արժանացած է «բագինը» վառելու պատիւին: Ան հանդիսաւոր կերպով կը բարձրանայ ճափոնցիներու սրբազան լեռը համարուող՝ Ֆուճի լերան նամանակը պատկերող բրգաձեւ կառոյցէ մը վեր եւ կը վառէ խարոյկը: Ձայն-ծպուն չկայ: Անաղմուկ, առանց խանդավառ ծափողջոյններուն, կը տողանցեն աւելի քան 200 երկիրներէ Թոքիօ հասած մարզիկները՝ մեծ ու փոքր խումբերով: Մեր «Փոքր ածու»ին ներկայացուցիչները կան անոնց շարքին: Մետալներու հունձքը երազելով, ասոնք տարի մը համբերած են (համաճարակին պատճառով)՝ իրենց արժանիքներն ու վարպետութիւնները ցուցադրելու, ազնուօրէն մրցակցելու համար: Մարզադաշտին վերեւ, մանր անօդաչու ինքնաթիռներ հրաշալի ձեւեր-պատկերներ կը կազմեն օդին մէջ, ցոյց տալով, որ արդի արհեստագիտութեան այս պտուղը չէ ստեղծուած թրքաբարոյ (նաեւ իսրայէլաբարոյ, ամերիկաբարոյ եւ այլ) ոճիրներու արդիականացման նպատակով:

Համաճարակին տիրապետութիւնը զգալի է տակաւին. վարակակիրներու թիւերը կը բարձրանան: Մարզադաշտին մէջ, տողանցքներն ու հանդիսաւոր արարողութիւնները տեղի կ’ունենան պարապ աթոռներու դիմաց: Դուրսը, փողոցներուն մէջ, «Ողիմպիական Գիւղ»ին շուրջ տեղի կ’ունենան բողոքի ցոյցեր, կը պահանջուի խաղերուն չեղարկումը: Վարակի հետքով ախտանշուած մարզիկներ կը մեկուսացուին, երազներ կը շոգիանան:

Աշխարհը բացառապէս պատկերասփիւռի պաստառներէ պիտի հետեւի մրցումներուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 8 Օգոստոս: Մարզիկները պիտի մասնակցին քիչ մը նուազ խանդավառութեամբ, որովհետեւ քաջալերող հանդիսականներ պիտի չըլլան: Ֆութպոլի մարզիկները այս իմաստով քիչ մը աւելի բախտաւոր են վերջերս. համաճարակին պարտադրած արգելքները մեծ մասամբ վերցուած են, դաշտերը բազմամարդ են եւ կեանքով լեցուն. խրախոյսը կենսական մէկ բաժինն է ՄԹՆՈԼՈՐՏին: Մենք ալ, հայերս, ակնդէտ պիտի սպասենք, որ Թոքիօ գացած մեր մարզիկները մետալներ հնձեն մասնաւորաբար բազկի ուժ գործածող մարզախաղերու մէջ, որպէսզի տեղ մը զգանք, որ կարելի է ճակատը բարձր պահել…: Ո՛չ ոք պիտի մոռնայ այն նշանախօսքը, թէ` «կարեւորը մասնակցիլն է, եւ ո՛չ թէ անպայման յաղթելը»:

Թոքիոյի մէջ տիրապետող ոգին ունի բաղադրիչներ, որոնք ամփոփուած են ընդհանուր նշանախօսքին մէջ. Faster, Higher, Stronger, Together, այսինքն՝ աւելի՛ արագ, աւելի՛ բարձր, աւելի՛ ուժեղ, միա՛սնաբար:

***

Լուրերու այդ հատուածին հաղորդումը աւարտած է: Կը մարեմ պատկերասփիւռս: Կէս մը ընկղմած՝ կը մնամ փափուկ աթոռիս մէջ, գլուխս կը յենեմ յետսամասին: Կը զգամ, որ կամաց-կամաց կը թռչիմ դէպի կէս քուն-կէս արթուն վիճակ (սա իւրայատուկ բան չէ. դո՛ւն ալ, ընթերցո՛ղ, երբեմն չե՞ս իյնար նման կէս-արթմնի բայց հաճելի տրամադրութեան մէջ): Հաւանաբար նման վիճակներու մէջ է որ մարդս կ’ունենայ անրջային պահեր, իսկ հանճարները կ’ունենան տեսիլքներ (գիտե՛մ. ես ո՜ւր, տեսիլք ունեցողը ո՜ւր…):

Կիսախուփ կոպերուս կամարներուն տակէն, պատկերասփիւռիս սեւ պաստառը կը տեղափոխուի դէպի ուղեղիս ենթամասը եւ կիսովին կը լուսաւորուի: Չեմ շարժիր, այլ կը սպասեմ, որ պաստառին վրայ նոր տողանցքներ սկսին:

Յուսախաբ չեմ ըլլար: Կ’երեւի անսահման տարածութեամբ մարգագետին մը, որուն վրայ ահա կը սկսի բոլորովին տարբեր տողանցք մը, որ մարզական չէ, այլ… (քիչ ետք դո՛ւք անուն մը տուէք անոր): Պաստառը քիչ մը աւելի կը լուսաւորուի:

Առաջին տողանցողներն են գունդ-գունդ ֆետայիներ՝ իրենց հնամենի զէնքերով ու լեռնականի զգեստաւորումով: Առաջնորդները բարձրացուցած են կարմիր պաստառ մը, որուն վրայ յստակօրէն կ’երեւին «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՄԱՀ» բառերը: Անոնց կը հետեւի քաղաքային վերարկու եւ գլխարկ կրող երիտասարդներու խումբ մը, որուն շարքին կան նաեւ միջին տարիքի մարդիկ: Անոնց պարզած պաստառին վրայ սուրն ու գրիչը խաչաձեւուած են, կան շղթաներ փշրող բռունցքներ: Տողանցողները իրենց ձեռքերուն ունին գիրք ու թերթ, իսկ իբրեւ պաստառ՝ բարձրացուցած են մեծկակ գրիչներ:

Ահա կ’երեւի անծայրածիր բազմութիւն մը: Ասոնք նախորդներուն պէս քիչ թէ շատ կանոնաւոր շարքերով չեն տողանցեր, այլ ունին հալածականի եւ բռնագաղթուածի խառնաշփոթ վիճակ: Կարծէք թէ Տէր Զօրի անապատներէն եկած են այս բիւրաւորները, որոնք կարգին հագ ու կապ ալ չունին: Ասոնց քայլարշաւը կը շարունակուի երկար, կարծես թէ վերջ պիտի չունենայ, սակայն մեր ժողովուրդը ունի իմաստուն խօսք մը. «Ամէն սկիզբ անպայման որ վերջ մը կ’ունենայ»: Վերջին շարքերուն է ասոնց պաստառակիրը. «Մենք ի զուր չնահատակուեցանք», գրուած է հոն:

Կիսովին թմրած ուղեղս արդէն ընտելացած է տողանցքին «տրամաբանութեան»: Ահա պատկերասփիւռիս պաստառին վրայ կ’երեւի տողանցողներու նոր եւ ստուար խումբ մը. անոր մէջ, զինուորական ու գրոց-բրոց միախառնուած են: Բոլորին աչքերն ու դէմքերը լուսաւորուած են պայքարի հրայրքով: Անոնք կը կրեն պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած են Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Վան, Շապին-Գարահիսար, Ատանա, Զէյթուն, Մարաշ, Այնթապ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսա, ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ, Լորի, Սիւնիք, Արցախ…

Յաջորդ խումբը աւելի փոքրաթիւ է. անոնց առաջնորդը բարձրացուցած է կարմիր դրօշ մը, որուն վրայ գրուած է մէկ բառ. ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑՆԵՐ: Այս խումբին հետեւողներուն փաղանգը աւելի մեծ է, իսկ անոնց դրօշին վրայ գրուած է ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ:

Փաղանգները կը յաջորդեն իրարու: Ահա խումբ մը՝ որ բացառապէս երիտասարդներէ կազմուած է: Որքա՜ն նման են «արդարահատոյցներ»ուն: Անոնք բարձրացուցած են բազմաթիւ պաստառներ. հազիւ կը հասնիմ որսալու մէկ քանին. «Ցեղասպանութիւնը չէ մոռցուած», «Արդար հատուցումը ժամանակ չի ճանչնար», «Մենք ինկանք, բայց մեզմէ շատեր կ’ապրին, ու պիտի գան տակաւին» («Ուշ-ուշ են գալիս, բայց ո՛չ ուշացած», կը մտածեմ)…

Յաջորդ փաղանգը դարձեալ մեծաթիւ է. ոմանք կու գան ձիավարելով, ուրիշներ՝ զրահապատ ինքնաշարժներով ու հրասայլերով, կը կրեն թեթեւ ու կիսածանր զէնքեր. ոմանք բարձրացած են զինուորական բեռնակառքերու վրայ, որոնք օժտուած են ծանր զէնքերով, հրթիռարձակներով: Պաստառներ չունին, բայց բացագանչութիւնները յստակ կը լսուին. «Մենք ազատագրեցինք Շուշին, Մարտակերտը, Ասկերանը, Մարտունին, Վարանդան, Լաչինը, Քաշաթաղը, Քարվաճարը, Արցախի գրեթէ ամբողջ տարածքը, հասանք Արաքսի ափը: Մենք ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործքով ու նահատակութեա՛մբ փաստեցինք, որ Արցախը Հայաստան է ու վե՛րջ…»:

Տողանցքը կը շարունակուի: «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» դաւանողներուն կը հետեւին մեծ ու փոքր փաղանգներ, որոնք, կասկած չունիմ՝ մասնակիցներն են 2016-ի պատերազմին, Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան նախընթաց եւ յաջորդ «մանր» մարտերուն. կը հասնի նաեւ բաւական մեծ խումբ մը, որուն բարձրացուցած պաստառին վրայ կը կարդամ. «44 օր…»:

***

Երբ տողանցքը կը թուէր հասած ըլլալ լրումին, դաշտին կեդրոնը պարզուեցաւ անակնկալ տեսարան մը. չէի նկատած, որ տողանցքի պահուն, իւրաքանչիւր խումբէ ու փաղանգէ քանի մը հոգի բաժնուած էին եւ գացած-կանգնած դաշտին կեդրոնը:

Տողանցողներուն ոտքերուն կշռութաւոր դոփիւնը մարած էր, երբ դաշտին կեդրոնը համախմբուածներուն շարքերէն սկսան բարձրանալ մարտակոչի նման աղաղակներ: Ձայները նախ մեղմ էին ու անհասկնալի, սակայն շուտով վերածուեցան որոտի եւ բացագանչութիւնները դարձան յստակօրէն լսելի:

  • Հայե՛ր: Ի՞նչ օրի հասցուցած էք մեր հայրենիքն ու ազգը: Ի՞նչ պատասխան պիտի տաք մեր ժողովուրդին տարրական իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար «եարի փոխան զէնք գրկած» եւ լեռ, սար ու ձոր ինկած բազում ֆետայիներուն, երբ այսօր Արցախի մեծ մասը կորսնցուցած էք, Հայաստանի սահմանային շրջաններէն պատառիկներ կը նուիրէք դարաւոր թշնամիին, սա կամ նա նեղմիտ շահու համար կը պատրաստուիք նոր զիչումներու, հողային կորուստներու:
  • Ի՞նչ պատասխան պիտի տաք հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի ազատութեան համար զէնքն ու գրիչը իրարու միացնողներուն, ժառանգորդներուն այն հայ գիւղացիին, որ «դարուց ի վեր սուր, զէնք չէր տեսած», սակայն չերկմտեցաւ «դաշտը թողելու եւ բահի տեղ զէնք վերցնելու», ջուխտ եզը ծախելու, որպէսզի «հազիւ քսան մէկ տարու» Կիկոյին զէնք գնէ, տանի-գրէ ֆետայի:
  • Կը պապանձի՞ք, երբ ձեզի յիշեցնենք, որ Հայաստանն ու հայը ի սպառ բնաջնջելու եկած մեր թշնամին ինչպիսի՛ հակահարուած ստացաւ, այն ալ՝ անհաւասար ճակատումներու մէջ, իսկ մեր արդարահատոյցները, աներեւակայելիօրէն դժուարին պայմաններու եւ խոչընդոտներու դիմաց, գտան ոճրագործ թշնամիին պարագլուխները եւ զանոնք գետին գլորեցին մէկ առ մէկ: Այդ բոլորը կեղծիք չէին, ո՛չ ալ՝ «կեղծ կատակորիա»:
  • Մոռցա՞ծ էք այն սերունդները, որոնք ոչինչէն Հայաստան եւ Սփիւռք վերամարմնաւորեցին ու կազմակերպեցին, անասելի մարտահրաւէրներ յաղթահարեցին, հող պատրաստեցին մեր վերականգնող պահանջատիրական պայքարին համար:
  • Ի՞նչ պատասխան պիտի տաք այն երիտասարդներուն, որոնք իրենց մատղաշ կեանքերը զոհաբերեցին մեր Դատի բագինին վրայ, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցին Պելկրատ, Լոս Անճելըս, Լիզպոն եւ այլ փարոսային անուններ:
  • Ինչո՞ւ գլխիկոր ու ձեռնաթափ կը կանգնիք, ինչո՞ւ չէք նախընտրեր ձեր ճակատը բարձր պահել, ի դիմաց Արցախեան Պայքարի բազում փուլերու նահատակներուն:
  • Ինչո՞ւ կորսնցուցած էք իսկական յաղթանակներու մէջ կռանուած ձեր կամքը, եւ հաւատք կ’ընծայէք այն թուլամորթներուն, որոնք հարց կու տան, թէ «կ’արժէ՞ սա փոքր լիճին համար պատերազմի մէջ մտնել», «մեզի համար արդեօք այդքան կարեւո՞ր է տժգոյն ու դժբախտ Շուշին» (մինչդեռ ահա՛ թշնամին իսկ սկսած է հպարտութիւն կեղծել՝ անոր տիրութիւն խաղալով):
  • Մինչեւ ո՞ւր կրնայ նահանջել ձեր կամքն ու հայրենիքի պաշտպանութեան մարտունակութիւնը: Ինչո՞ւ կը սպասէք, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ն ալ խլուի մայր հայրենիքէն, հայկական Արցախը օր աւուր մխրճուի մոռացութեան եւ անտարբերութեան տիղմին մէջ, «սահմանագծում եւ սահմանազատում» անուան տակ,  Հայաստան վերադարձուի մօտաւորապէս այն սահմաններուն, որ ծնաւ Սարդարապատէն ու Բաշ Ապարանէն, յետոյ, արիւնով, քրտինքով ու բազմաճիւղ պայքարով տարածուեցաւ քայլ առ քայլ, հասնելու համար Սեւրի դաշնագիրի սահմաններուն (քանի մը օրէն պիտի նշէք նաեւ անոր տարեդարձը), իսկ շուրջ 30 տարի առաջ ալ ծաւալեցաւ դէպի հայկական Արցախի մեծ մասը:
  • Այս ու նման հարցումներու հեղեղին՝ ի՞նչ պատասխան ունիք: Ի՞նչ պատասխան պիտի տաք մեր յաջորդ սերունդներուն: Փորթուգալեանէն, Ռոստոմներէն, Աւետիսեանէն, Արաբոյէն, Աղբիւր Սերոբէն, Մուրատէն, Սասունի իշխաններէն, 20 կախաղաններէն, Խանասորի Նիկոլներէն, Վանի Արամներէն, Տաճատներէն ու Աղբալեաններէն մինչեւ Լիզպոնի Հինգ, մինչեւ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն ցայսօր ինկող մեր նահատակներէն նշոյլ մը չէ՞ մնացած ձեր հոգիներուն, քաղաքական կամքի՛ն մէջ:
  • Ի՞նչ պատասխան պիտի տաք վաղուան սերունդին, երբ հարց տան, թէ Բելը զգետնած Հայկն ու Նիւքարը պարիսպի պատին ճակատէն գամած Արամը ինչպէ՞ս քանի մը ամսուան մէջ մեռան ձեր մէջ, երբ հազարաւոր տարիներ կռանած էին մեր միտքերն ու հոգիները: «Թաւշեայ կամ պողպատեայ յեղափոխութիւն»ները ինչպէ՞ս կը յաջողին հայութեան գետին բազմադարեան հունը ա՛յսքան կարճ ժամանակի մէջ փոխել ու Եփրատն ու Արաքսը վերածել այլ գետերու մէջ կորսուելու պատրաստուող վտակի…:

***

…Լիզպոնի նահատակները, անոնց ճամբան բացողներն ու նոյն ուղին շարունակողները, գիտե՛նք՝ թէ ի՞նչ պատասխան պիտի ստանան մեզմէ, հայութեան զանգուածներէս, երբ վճռենք մեր կեանքէն վանել պարտուողականութեան ու հայրենակորուստի յարմարելու վերջին նշոյլը: Ա՛յս պիտի ըլլայ Նոր Հայուն, իսկակա՛ն յեղափոխականին անվիճելի առաքելութիւնը,

Որպէսզի՝

Ճակատաբաց պատասխան տանք մեր նահատակներուն, հերոսներուն, Հայրենիքը պաշտպանողներուն եւ ամբողջական Դատին կենսագործման պայքարին հաւատարիմ զտարիւն զինուորներուն: