Սահմանադրական Դատարանէն Մինչեւ Սահմանային Թափանցումներ («Հայրենիք»)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«…Ի՛նչ գին ալ վճարենք՝ մենք պիտի ճակատինք ամէնուրեք՝ ծովափերուն, ցամաքահանումի տարածքներուն, դաշտերուն, փողոցներուն, լեռներուն վրայ: Մենք երբե՛ք անձնատուր պիտի չըլլանք»:
Ուինսթըն Չըրչիլ (1874 – 1965)

Այդպէս կը յայտարարէր Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը, որուն ղեկավարած երկիրը գերմանական  «պլիցքրիկ»-ներու տարափին տակ կը գտնուէր:
Վճռակամութիւն  արտայայտող Չըրչիլի խօսքը Հայաստանի ներկայ իրավիճակին հետ բաղդատելը անտեղի է եւ կ’իմաստազրկէ զայն, մանաւանդ, որ  Հայաստանի պարագային, պայքարը նաեւ կ՛ընդգրկէ երկրի ղեկավարութիւնը՝ խորհրդարանէն մինչեւ պետութեան ամենէն երկրորդական կառոյցներ:
Այո՛, հայորդիին համար յստակ է թէ ինչ որ ալ ըլլայ արժեգինը, յատկապէս ներկայ օրերուն՝ երբ երկրի անխոհեմ, անպատրաստ եւ անգլուխ ղեկավարութիւնը կը գործէ կամ… անգործութեան մատնած է ինքզինք, ի՛նք՝ ժողովուրդը պէտք է անդուլ պայքար մղէ, սկսելով Ազգային Ժողովէն:
Վստահաբար այս է պատճառը, որ  ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը որոշեց ստանձնել իր պարտականութիւնը եւ «լեցնել» իրեն վստահուած աթոռները, հո՛ն, ազգային այդ բեմահարթակէն շարունակելու համար պայքարը. այս որոշումը տրուեցաւ, երբ յստակ դարձաւ, որ Սահմանադրական դատարանը օրինական եւ «փրոթոքոլային» մատնանշումներ, բացթողումներ եւ հաստատումներ կատարելէ ետք, ի վերջոյ վաւերացուց  Յունիս  20-ի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքը:
Սահմանադրական դատարանի պատերէն անդին, իրական գետնի վրայ, ազերիական բանակը օրական, անգա՛մ ժամական հետեւողականութեամբ, սահմանային շրջաններէն կը կատարէ թափանցումներ ու յարձակումներ, որոնք շատ աւելի ահազանգային կացութիւն ստեղծած են երկրէն ներս. Հո՛ս ալ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը վերցուցած պիտի ըլլայ պարտականութիւնը՝ յաչս երկրի անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան:
Մինչ այդ, իշխանաւորները իրենց գլուխը խրած են աւազի մէջ: Տեղի կ’ունենան գործուղումներ, նշանակումներ, վերանշանակումներ, դասաւորումներ, վերադասաւորումներ եւ… եւ…  եւ…, բոլորն ալ յայտնապէս անաղերս՝ թուրք-ազերիական իրական սպառնալիքներուն հետ: Այս իրարանցումին վերջին օրինակներէն մէկն էր  Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պետի առաջին տեղակալ Արշակ Կարապետեանի հրաժարականի դիմումը, պարզապէս որպէսզի նշանակուի պաշտպանութեան նախարար, փոխարինելու համար հրաժարած պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանը (Նոյեմբերէն ի վեր երկրորդ պաշտպանութեան նախարարն է հրաժարող…): Մինչ այդ, «քալողներու» քուլիսներուն մէջ, սակարկութիւններ տեղի կ’ունենան՝ նոր խորհրդարանին եւ կառավարութեան (ու ենթակայ ցանցին) մէջ պաշտօններու բաշխումին համար:
Կ’արժէ լուսարձակի տակ բերել «Հայաստան» դաշինքի Յուլիս 20 թուակիր յայտարարութենէն մաս մը, որ լոկ թութակութիւն մը կամ լեզուամարզանք մը չի կատարուիր. կ’ըսուի.  «Մենք ամբողջութեամբ գիտակցում ենք մեր պատասխանատուութիւնը մեր ընտրողների, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան առջեւ` այս կործանարար ընթացքը կասեցնելու, ազգային նպատակներին ծառայող, նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորելու, հայութեան ամբողջական ներուժը համախմբելու, մեր երկիրը ամրապնդելու եւ զարգացման ուղի դուրս բերելու հարցում: Պայքարը շարունակուում է»:
Խոր են շօշափելի՝ մտահոգութիւնները. Երասխի, Սոթքի, Սիւնիքի շրջաններուն մէջ եւ այլուր, վաղը, Հայաստանի սահմանային շրջաններէն ներս պիտի շարունակուին թափանցումները, մանաւանդ, որ Պաքու Հայաստանի փոխարէն՝ հետզհետէ աւելի յաճախ կը կրկնէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթը, Երեւանի ամչկոտ հակազդեցութիւններուն դիմաց, կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ շրջանին մէջ Հայաստանէն աւելի վաղեմի ներկայութիւն, ու աշխարհն ալ չի փորձեր թմրախտէ դուրս բերել իր յիշողութիւնը, տեսնելու, որ Ատրպէյճան հազիւ մէկ դարու կեանք ունի, մէկ մասն ալ՝ ուրիշներէ յափշտակուած հողերու վրայ…:
Ահա թէ իշխանութեան ինչպիսի՛ թերացումները դարմանելու պարտականութիւնն ալ պիտի իյնայ ընդդիմադիրներու ուսերուն: