Ազատ խոհեր Ապրիլ 24-ի եւ Ազգային Ժողովի ընտրութեան նախօրեակին.- ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, «ՄԵԾԵՐ»-ՈՒ ԿԵՂԾԻՔԸ ԵՒ ՄԵՐ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐԸ (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ես կը հաւատամ միութեան, յարատեւութեան, տրամաբանութեան, երէկի եւ վաղուան զօդման:

Վիքթոր Հիւկօ

            Ճշմարտութիւնը պէտք է քաջութեամբ դիմագրաւել, առանց ճկոյթի ետին թաքնուելու: Քաղաքական կեանքի մէջ օրէնք է կեղծիքը, զոր որպէս կանխիկ խոստում եւ դրամ կ’ընդունին փոքրերը, տկարները, միամիտները, եւ ասոր կամ անոր կը կառչին, կարծելով, որ հասկցուած են, պաշտպան կամ դաշնակից ունին: Այդպէս ալ քաղաքականութիւն կը խաղան:

            Մեզ օրօրած են եւ մենք միամտաբար սիրած ենք օրօրուիլ:

            Կեղծիք՝ հակառակ ամպագոռգոռ համամարդկային ճառերու, զորս կը լսենք, կը կարդանք, կը հիանանք, կը մէջբերենք:

            «Մեծեր»ու ըսածին պէտք չէ հաւատալ, զանոնք հասկնալ եւ դատել իրենց ըրածով: Ըստ այնմ կողմնորոշուիլ:

            Մեր ժողովուրդը եւ երկիրը,- ոչ միայն այսօրուան սահմաններով Հայաստանը,- խաղալիք եղած են եւ այսօր ալ են:

            Հայոց ցեղասպանութեան ամեակները կը յաջորդեն իրարու: Համակարգի վերածուած անարդարութիւններու, ուրացումներու, անցեալի խոստումներու եւ այսօրուան ճանաչումներու հովերուն անձնատուր, կը յուսանք, կը սպասենք, կը հաւատանք: Մեր ժողովուրդի հիմնահարցը երբեմն այս կամ այն գոյնով կը շպարեն, բանաստեղծական եւ տպաւորիչ խօսքեր կը հնչեցնեն, եւ մենք շաբաթավերջի հանդիսութիւններու ընթացքին կը գինովնանք:

            Բեւեռներու սառցալեռները կը հալին, բայց մեր ազգի ոտնակոխուած իրաւունքը կը մնայ հոն ուր որ էր: Սառած եւ պինդ: Սառցակալած քաղաքական նենգութիւններու, մեր միանալու անկարողութեան եւ խարխափումներու հետեւանքով, ազգային նպատակը կը փոխարինուի եսերով, շահախնդրութիւններով, աւատապետական-թաղային փառասիրութիւններով:

            Եթէ իրաւազրկուածները գիտնային նենգութիւններուն հակադրել իրաւունքի գիտակցութիւն եւ հաւաքական կամք, կը նպաստէին խաղաղութեան եւ յառաջդիմութեան: Անոնց իրաւունքի բանաստեղծական գիտակցութիւնը եւ հաւաքական կամքի մասին խօսքերը գրքունակ միտքերու մարզանքներ են, ընդհանրութիւններով բաւարարուող ճառ, դատարկաբանութիւն, :

Իրաւազրկուածները նախ պիտի գիտակցին իրենց իրաւազրկման այժմէականութեան եւ իրենց դատին շուրջ խմբեն իրենց ժողովուրդը:

            Երբ անկարող եւ անատակ են այս ընելու, ի յառաջագունէ կորսնցուցած կ’ըլլան իրենց պայքարը, քանի որ մասնատուելով եւ շերտուելով, պառակտուելով եւ տեւաբար ներքին թշնամիներ փնտռելով, անկարելի կ’ըլլայ վտանգներուն դէմ կանգնիլ, ճակատ յարդարել: Երբ կը դիտենք Հայաստանի, եւ անոր հետքերով մեր ներազգային (չ)միութեան քարտէսը, առանց մեծ քաղաքագէտ եւ իմաստուն ըլլալու կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ ուժ չենք, ինչո՞ւ խաղալիք ենք հեռուի կամ մօտի բարեկամներու եւ թշնամիներու սարքած թատրոնին մէջ:

            Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ կը գերաճին կուսակցութիւնները: Ո՞ր իմաստունը կրնայ հաւաքական կամքի վերածել հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները: Միթէ՞ մեր իրաւազրկման դէմ պայքարը հարիւր սահմանում ունի: Հարիւր տարբեր ճանապարհներով ինչպէ՞ս կարելի է ընթանալ դէպի նոյն նպատակը:

            Օր մը պիտի դատապարտուինք այն տխուր եւ անփառունակ կացութեան, որ արտաքին ուժ մը իր կամքը պիտի պարտադրէ, հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները եւ անոնց առաջնորդները նսեմացնէ, իր կառքին լծէ, կամ պարզապէս լռեցնէ, վերջ տալով անկախութեան եւ դիրքապաշտական բոլոր երազներուն: Պիտի ըլլայ նոր անունով պարտութիւն: Վերջնակա՞ն՝ թէ ժամանակաւոր: Այդ ալ պատմութիւնը պիտի ըսէ:

            Հարիւրեակ մը կուսակցութիւններ չեն վկայեր ազգային միութեան մասին:

            Եթէ այդ բոլոր կուսակցութիւններու հետապնդած նպատակներու եւ անոնց իրականացման հասնելու ճանապարհներու մասին բաղդատական տախտակ մը պատրաստուէր, ներկայացուէր ժողովուրդին, ընտրող-քուէարկող քաղաքացին եթէ շուարումի չմատնուէր, թերեւս կը յաջողէր ճիշդ կողմնորոշուիլ, ամբոխահաճութեան (populism) կամ թաղային հեղինակութիւններու խաղալիք չէր ըլլար:

            Անկախաբար խօսափող դարձած քաղաքական գործիչներէ, մեր ժողովուրդի իրաւ եւ բանիմաց մտաւորականները այս վերլուծական աշխատանքը պէտք է կատարեն, կատարած ըլլային, որպէսզի քաղաքացին անվերապահ կերպով ասոր կամ անոր մարդը ըլլալէ դադրէր: Թերեւս այդ վերլուծական աշխատանքի հետեւանքով հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները կը խտանային, կ’ըլլային տասը, հինգ, երեք…

            Մեծ վաճառատան պահակը կամ բանջարեղէն վաճառող կինը ինչպէ՞ս պիտի ընտրեն հարիւրին մէջէն ՄԷԿը եւ անոր տան իրենց քուէն:

            Ինչպէ՞ս Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ ընտրելու համար հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները հարիւր յիսուն թեկնածուներով ցանկեր պիտի կազմեն 15.000 անուններով, բանակ մը՝ փոքրիկ երկիր մը կառավարելու, մանաւանդ զայն ներկայ անցանկալի վիճակէն դուրս բերելու համար:

            Եթէ այդ 15.000ը իրական բանակ եղած ըլլային, մեր այսօրը տարբեր կ’ըլլար:

            Մոգական բառեր են միացում, միասնութիւն, հաւաքական կամք: Ո՞ւր գտնել զանոնք մեր կեանքին մէջ:

Խզումները երբեք միութեան չեն առաջնորդած:

            Երբ ներազգային միութիւն չունինք, «մեծերու քաղաքական կեղծիք»ին թուլամորթ զոհը կ’ըլլանք:

Ապրիլ 24, պարտութիւն, հարիւրեակ մը կուսակցութիւններ:

            Անցեալին ունեցած ենք բարոյական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններ: Զանոնք հեղինակազրկեցինք: Չփոխարինեցինք նորերով: Ամէն մարդ իրաւունք ունի, վերջին խօսքի իրաւունք ունի: Ուրեմն ոչ ոք իրաւունք ունի, բազմապատկուող վերջին խօսքերը աղմկարարութիւն են:

            Անբնական չէ որ պատմութեան հին եւ նոր աւազակները իրաւազրկեցին մեր ժողովուրդը եւ այսօր մեր հարիւր տեսակ իմաստուններու գումարտակներով դարպասները լայն կը բանանք նոր իրաւազրկումներու առջեւ:

            Վիքթոր Հիւկոյի պէս պիտի ըսե՞նք. «Ես կը հաւատամ միութեան, յարատեւութեան, տրամաբանութեան, երէկի եւ վաղուան զօդման»: