Արցախը Խթան Պիտի Հանդիսանայ՝ Վերանորոգ Եռանդով Շարունակելու Մեզի Վստահուած Աշխատանքը. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն կը բոլորէ իր 106-ամեակը:

106 տարիէ ի վեր կը յիշենք կեանքի ծարաւին եւ անօթութեան դէմ յամառօրէն մարտնչելով, զաւակը ծոցին առած, Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ բոպիկ քալող հայ մայրը, որուն լուռ նայուածքին «ձայնը» տակաւին կը գոռայ «մարդկութեան» ականջներուն մէջ: Ականջներ, որոնք 106 տարիներ շարունակ որքա՛ն փորձեցին չլսել, այդքա՛ն գրգռեցին արիւնարբու ոճրագործին ծաւալապաշտական ախորժակները:

106 տարիէ ի վեր կը յիշենք մեր նահատակները եւ արդարութիւն կը պահանջենք աշխարհէն:

Այսօր, սակայն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 106-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին, շատ բան փոխուած է: Արցախի գոյատեւման համար մղուած պատերազմէն ետք մենք դարձանք ականատեսներ, ունեցանք տարբեր փորձառութիւն: Փորձառութիւն մը, որ հայոց պատմութեան գիրքերու սորվեցուցածէն աւելի՛ն սորվեցուց մեզի: Մեր երեխաները նոյնիսկ մասնակից դարձան հայրենիքի հողի պահպանման գործին, երբ իրենց գանձանակները պարպեցին` օգնելու համար Արցախի մէջ պատերազմող հայ զինուորին:

2020-էն ետք նոյնը չէ, ինչ որ էր 2020-էն առաջ:

Արցախը մեզ պիտի չընկրկէ, ընդհակառակն, խթան պիտի հանդիսանայ մեզի` վերանորոգ եռանդով շարունակելու մեզի վստահուած աշխատանքը: Եւ վերջապէս, մենք կը հաւատանք, որ իրաւունք մը չի մեռնիր այնքան ատեն որ իրաւատէրը կը պահանջէ զայն: Հետեւաբար, պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը` մինչեւ մեր իրաւունքներու արդար հատուցում:

Համազգայինը, իր կարգին, հակառակ իր դիմաց ծառացած բոլոր դժուարութիւններուն եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներուն, որոշած է պահպանել աւանդական իւրայատուկ իր նկարագիրը եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մշակոյթի ճամբով, որովհետեւ մշակոյթը մեր ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան հիմնական երաշխաւորներէն մէկն է:

Առ այդ` յանձնառու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 106-ամեակի յանձնախումբը, յաւուր պատշաճի նշելու Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը, այս տարի կազմակերպած է «Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական եւ վերականգնումի շաբաթ» խորագիրով ութ ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Կիրակի 18 Ապրիլէն մինչեւ երկուշաբթի, 26 Ապրիլ երկարող շաբթուան ընթացքին: Ձեռնարկները պիտի ընդգրկեն հայ եւ արաբ արուեստագէտներու կողմէ մշակութային ներկայացումներ, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ շաբաթ, 24 ապրիլին, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ:

Աւելցնենք, որ այս առիթով վարչութիւնս պատրաստած է յատուկ նշանակ (logo) մը, որ պիտի տեղադրուի մեր բոլոր որմազդներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ: Նշենք նաեւ, որ յիշեալ ձեռնարկները պիտի սփռուին առցանց, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Դիմատետրի էջով Hamazkayin Lebanon https://www.facebook.com/HamazkayinLebanon:

«Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրական Եւ
Վերականգնումի Շաբաթ»

Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան հետեւեալ ժամանակագրութեամբ

. Կիրակի, 18 ապրիլ

Երաժշտական ունկնդրութիւն
Մենախօսութիւն «Հայու անխոնջ ոգի»
Նայիրի Ղազարեան` չելլօ
Երաժշտութեան հեղինակ եւ դաշնակահար` Միքայէլ Աշճեան

. Երկուշաբթի, 19 ապրիլ

Ասմունք-կենդանի պատկեր,
«Եռաձայն Պատարագ», Պարոյր Սեւակ
Կատարողութեամբ`«Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներու

. Երեքշաբթի, 20 ապրիլ

Յատուկ հարցազրոյց
Ամերիկեան Քոնկրեսի գրադարանի Հայկական
եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար, նորատիպ

«THE RESISTANCE NETWORK»
գիրքի հեղինակ` Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի հետ

. Չորեքշաբթի, 21 ապրիլ

«Արմաշ» երգչախումբի ելոյթ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի երգչախումբ
Ղեկավարութեամբ` Բարշ. Գրիգոր սրկ. Արապաթլեանի

. Հինգշաբթի, 22 ապրիլ

«Ապրիլեան ոգեկոչում»
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան

. Շաբաթ, 24 ապրիլ

Բարձր հովանաւորութեամբ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
«Կանք պիտի լինենք եւ պահանջենք» խորագիրով ձեռնարկ
Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ

Ձեռնարկը պիտի սփռուի նաեւ Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան Cilicia TV էջով

. Կիրակի, 25 ապրիլ

Առցանց լսարան
Նիւթ` «Եղեռնի լռութիւնը պոլսահայ գրականութեան մէջ»,
Զեկուցաբեր` Պրն. Սեւան Տէյիրմենճեան,
Պոլսահայ բանասէր, խմբագիր եւ ուսուցիչ
Առցանց լսարան zoom-ի ճամբով

. Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ

Միջդպրոցական նկարչական մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն
«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներու գործերու ցուցադրութիւն

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ