Դեռ Եւս Հայուն Հայը Հոն… (Ս. Սահակեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սա օրերուն երբ շատ կը խօսուի հայուն թրքատիպին մասին: Երբ շատ կը խօսուի հայու յուդային, վասակին, դաւաճանին մասին: Երբ շատ կը խօսուի հայուն հողատուին, հայրենատուին, հոգեզուրկին, ոգեզուրկին մասին: Հեռուն՝ Արցախի ճամբուն մէկ անկիւնը ինկած, հայ աշխարհի ուշադրութենէն վրիպած, շատերու համար ալ կորսուած հայ մը՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՉԱՒՈՒՇԵԱՆ անուն, դեռ եւս կը թիավարէ հոսանքն ի վեր: Կը պահէ հողն ու գիւղը՝ ազերիի սրտին նստած «մեծ» Ալիեւի հրահանգներուն բոլորովին անտարբեր: Կը պահէ տարածքը՝ մինչեւ հայ տխրահռչակ իշխանութեանց ջլատիչ թուլամորթութեան իսկ զուգահեռ: Վերջապէս տեսակ մը Անդրանիկ զօրավար, տեսակ մը Գէորգ Չաւուշ, որուն համար չկայ ուժ մը, որ կարենայ զինք դուրս բերել իր հողէն, որքան ալ որակուի անյոյս: Ան իր տարածքին գիւղապետն է՝ անունը Աղաւնոյ: Ան նոյն գիւղի ոտիկանապետն է, դպրոցի տնօրէնն է ու ոչ նուազ՝ բոլորի հացատուն: Ան թիկունքն է ու յոյսն է այդ թէժ փորձութեան ինկած ամէն մէկ գիւղացիի: Վերջապէս՝ տեսակ մը Սասունցի Դաւիթ, որուն հետ հաշուի պիտի նստի այդ ճամբով անցնող որեւէ այցելու, թէկուզ ազերի կամ ռուս: Մարդը իր տեսակին առեղծուած մըն է:

Պահ մը եթէ հետեւիս հեռու Ամերիկայէն իրենից տուած հարցազրոյցին, ARF Western US Homeland Initiatives-ին, պարզապէս կը զարմանաս: Այս ինքնավստահութիւնը ուրկէ՞ է: Այս մարտունակութեան ոգին ինչէ՞ն է: Ընդհանրապէս հողին կառչումը ի՞նչ շաղախէ է, երբ պատերազմի տիտան կարծուածները հողը ձգեցին ու անհետացան ընդմիշտ։

Անդրանիկին հարցնես, ո՞վ ես, ուրկէ՞ ես: Մեծ հպարտանքով կը լսես, «ես Գամիշլիէն եմ»-ը: «Ես դաշնակցական եմ»-ը: Բայց ամէնէն աւելին ու ամէնէն բարձրը կը լսես իր հայրենադարձութեան փաստը: «Ես հոս եկած եմ եօթը տարի առաջ, այստեղէն այլ տեղ երթալիք չունիմ»:

Կեցցեն Անդրանիկներն ու Չաւուշները դաշնակցական, որոնք պատմութեան զուգահեռ կը յայտնուին, ի հեճուկս անոնց, որոնք պիտի փափաքէին պատմութեան մէջ թաղել ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ոգին ու գաղափարախօսութիւնը անոր: