Նշմար.- Եկանք, Տեսանք, Յաղթեցինք (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անցեալ շաբաթավերջին, Մոսկուայէն Երեւան վերադարձաւ Հայաստանի ծանրաբարձներու հաւաքականը, Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներէն ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզեայ մետալներու հունձքով մը: Չմոռնանք անոնց հաստատած նոր մրցանիշները:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն նուաճումները հպարտութեան առիթ են բոլորիս համար: Մարզիկներէն մէկուն յայտարարութիւնը դիպուկ էր. ըսաւ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Այսքան եղած բաներէն ետք (ակնարկութիւնը՝ Արցախի վերջին պատերազմին), ուրախանալու եւ հպարտանալու առիթ ունինք»: Օրին, անոնք չէին մոռցած իրենց մետալները ձօնել պատերազմի նահատակներուն:

Մեր մարզական հերոսները՝ մանուկին, պատանիին ու չափահաս-տարեցին հպարտութեան առիթ տուողները կը կոչուին Սիմոն Մարտիրոսեան, Ռաֆիկ Յարութիւնեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Կարէն Աւագեան, Յակոբ Մկրտչեան, Սամուէլ Գասպարեան, Արսէն Մարտիրոսեան, Կոր Մինասեան, Վարազդատ Լալայեան եւ Լիանա Կիւրճեան:

Լիանա Կիւրճեան
Ռաֆիկ Յարութիւնեան

Այս հոյլը քիչ մը աւելի կը պայծառացնէ՝ հայ ծանրաբարձներու սխրանքներով՝ տասնամեակներէ ի վեր լուսաւորուած հայկական երկնակամարը: Տասնամեակներ առաջ, Եուրի Վարդանեաններու, Օգսէն Միրզոյեաններու եւ այլ ախոյեաններու անունները արագօրէն կը տարածուէին հայութեան բերաններուն: Այս տղաքն ու աղջիկները արժանաւոր յաջորդներն են անցեալի ախոյեաններուն, հետեւաբար, իրաւունք ունին բոլորէս ակնկալելու, որ իրենց անունները ամրագրուին անուանի հայերու շարքին, Հենրիկ Մխիթարեաններ չմնան «որբ»…: Իրաւունք ունինք, մանաւանդ, անոնց անուններուն վրայ ստուեր չտեսնելու՝ ի լուր պատերազմական գերիներու վերադարձին (գրեթէ նոյն պահուն) սպասող ծնողներուն «պարգեւ տրուած» նորագոյն յուսաբեկութեան, խայտառակութեան:

Սիմոն Մարտիրոսեան
Կարէն Աւագեան

***

Ճիշդ 5 տարի առաջ, հայկական մարզաշխարհը նմանապէս հպարտառիթ օրեր ապրեցաւ: Այդ օրերուն ալ, 2016-ի Ապրիլին, Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած՝ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայկական Եռագոյնը քանիցս բարձրացած էր մեր Քայլերգին հնչումներուն դիմաց, երբ Անդրանիկ Կարապետեան, Տիգրան Մարտիրոսեան, Կոր Մինասեան, Նազիկ Աւդալեան, Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ տասնեակ մը ուրիշներ իրենց անունները արձանագրած էին մետալակիրներու եւ պատուաբեր արդիւնք ձեռք բերողներու ցանկերուն: Այդ օրերուն ալ, մեր ախոյեանները իրենց մետալները նուիրած էին Ապրիլեա՛ն պատերազմի նահատակներուն…

***

Աւելորդ է արձանագրել, որ հայ ծանրաբարձները միշտ ալ հպարտութիւն բերող արդիւնքներով եւ նուաճումներով փայլած են այս մարզի մրցաշարքերուն: Նոյնը ըրած են կռփամարտիկներ, ըմբիշներ, աթլէթներ (օղակներ, ոստում եւ այլն), իսկ հայկական ֆութպոլը փառքի օրեր պարգեւած է հայութեան՝ խորհրդային տարիներուն, հիմա, Հայաստանի հաւաքականը իր նոր մարզիչին հետ կ’աշխատի վերականգնել փայլուն օրերու յիշատակները՝ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն (կը յուսանք, որ յաղթանակներու թափը ուժեղանայ):

Ծանրաբարձներու այսօրուան նուաճումը առանձնակի իմաստ ունի. ինչպէս 2016-ի մրցումները, նոյնպէս ալ Մոսկուայի մրցումները յաջորդած են հայութեան համար ծանր օրերու: 2016-ին, ծանր կորուստներով յաղթական դուրս եկած էինք ազերի նախայարձակներուն դէմ պատերազմէն, հիմա, կը նախընտրենք չյիշել 44-օրեայ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնն ու անոր հետեւանք՝ ահաւոր վնասները, սակայն իրականութենէն չեն կրնար խուսափիլ:

Նման նուաճումներ, հոգ չէ թէ զգացական առումով (թէեւ զգացականէն անդինն ալ կայ), մեզի կը յուշեն, որ հայը կարո՛ղ է ու արժանի՝ յաղթանակներ արձանագրելու, իրաւունք ունի չմոռնալու, որ նման նուաճումներ արդար հպարտանքի առիթ են, թէեւ չեն ամոքեր պատերազմին դառնութիւնները:

Պատերազմին անմոռանալի դառնութիւնները դարմանելու համար, հպարտանքէ անդին՝ պէտք ունինք ներքին ու արտաքին գետիններու վրայ անդուլ եւ միասնական աշխատանքի, նման այն նախապատրաստութեան, որ կատարեցին մեր ախոյեանները՝ Մոսկուա (կամ այլուր) մեկնելէ առաջ. անոնք պատրաստուեցան «պիտի յաղթե՛նք» նշանախօսքը մարմնաւորելու կամքով, եւ ահա կը վերադառնան «յաղթեցինք»ով, այնպէ՛ս՝ ինչպէս հռոմէացի զօրավար մը դարեր առաջ յայտարարած էր. «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի»: