Մեզի Հաւատք Չի Ներշնչեր, որ Յունիս 20-ին Ընտրութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան․ Իշխան Սաղաթելեան (տեսանիւթ)

Հայաստան

Փաստ չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեամբ Յունիս 20-ին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, յայտարարեց Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ Բաղրամեան պողոտայի վրայ տեղի ունեցող ասուլիսին ժամանակ։

Ան նկատեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է առաջինը՝ վարչապետը տայ հրաժարական, ի դէպ 2 անգամ, այդ ժամանակահատուածին չընտրուի վարչապետ, լուծարուի խորհրդարանը եւ հանրապետութեան նախագահը նշանակէ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

«Այսինքն, Փաշինեանի Facebook-եան այն գրառումը, որ Յունիս 20-ին տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ եւ ատիկա վերջնական է, ատիկա մեզի հաւատք չի ներշնչեր։ Այս ժամանակահատուածին իրենք քանի մը անգամ խօսած են արտահերթ ընտրութիւններու մասին, շատ արագ հրաժարած են, պատերազմի ընթացքին 44 օր սուտով եւ կեղծիքով կերակրած են մեզի․․․ մենք ունինք բաւարար բոլոր հիմքերը՝ կասկածելու, որ Յունիս 20-ին տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան։

Երկրորդը, ան նշեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը եղած է Հայրենիքի փրկութեան շարժման պահանջներէն մէկը։ Բայց, եթէ նոյնիսկ տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ատիկա պիտի բաւարարէ Հայրենիքի փրկութեան շարժման պահանջներուն ընդամէնը մէկ մասին։

«Մենք կը կարծենք, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ եւ կարեւոր պայման են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար, բայց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպումով, իր՝ ժամանակաւոր պաշտօնակատար ըլլալու պարագային, պիտի տանի մեծ վտանգի, որ ատիկա պիտի չըլլայ մրցակցային, հաւասար պայմաններով, պիտի ըլլայ մեծ հնարաւորութիւն, որ այդ ընտրութիւնները կեղծուին, եւ իրականութեան մէջ այդ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ ոչ թէ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելք, այլ նոր ճգնաժամի սկիզբ»,-ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան։

Հետեւաբար, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը շարունակէ պնդել, որ այն ճանապարհային քարտէզը, որ ինքը առաջարկած էր, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ճիշդ միջոց չէ, արդիւնաւէտ ճանապարհային քարտէզը այն է, ինչ մենք մինչեւ հիմա առաջարկած էինք՝ նշեց Սաղաթելեան։