Շինծու Ջարդի Մը Հեքիաթը․․․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախի մէջ արձանագրած յաղթանակը ոչ մէկ խոչընդոտ ստեղծեց Պաքուի դիմաց, որպէսզի այս տարի եւս, սովորականին նման, փորձէ դարձեալ աղաւաղել պատմական անփոփոխելի իրականութիւնը եւ քարոզչական լծակները գործի լծելով՝ աշխարհին ներկայանայ անհիմն յանկերգի վերածուած իր երեւակայական եւ շինծու յերիւրանքներով՝ «Խոճալուի ջարդ»ի պատմութիւններով (Փետրուար 25-26, 1992-ին):

Պարզ իրականութիւնը այն է, որ  այդ օրերուն, երբ հայրենի ուժեր Արցախը ազատագրելու ճակատամարտը կը մղէին, Խոճալուն դիտմամբ չէին պաշարած ամբողջութեամբ, որպէսզի անմեղ բնակչութիւնը կարենայ փախչիլ դէպի հիւսիս-արեւելք: Անոնք հաւատարիմ մնացած էին հայ ֆետայիներու դարաւոր աւանդութեան՝ կին ու մանուկին ձեռք չտալու  ազնիւ վարմունքին: Հոն է որ պատահեցաւ անակնկալը, երբ վտանգաւոր դիրքերէ խոյս տուող մսխեթ բնակիչները սպանդի ենթարկուեցան ատրպէյճանական նահանջող զօրքին կողմէ։
Վատ արարքին դրդիչ եւ գրգռիչ պատճառները այն էր, որ Ատրպէյճանի օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովի ընդդիմադիրները կ’ուզէին զինք տապալել, եւ ահա, նմանօրինակ ու անմարդկային սադրանք մը իբրեւ պատրուակ գործածեցին: Այլ խօսքով, իր ոխերիմ թշնամիին՝ Մութալիպովի դէմ պայքարելու եւ անոր իշխանութիւնը տապալելու նպատակով, Իլհամ Ալիեւի հայրը՝ Հայտարը, ծրագրած եւ գործադրած էր այդ սպանդը։ Զարմանալի՞ է, որ օսմանցի եւ իթթիհատական թուրքերուն ժառանգորդները իբրեւ հոգեհարազատ եղբայր ընդունող ազիրիները նման ծրագիր մշակէին եւ գործադրէին…: Օրին, նոյնինքն Մութալիպով, որ սկսած էր կորսնցնել երկրին ղեկը, կը խոստովանէր, թէ այդ անմեղ մսխեթները քաւութեան նոխազ եղած էին…

Հայր Ալիեւ երկու թռչուն մէկ քարով կը զարնէր. քաղաքական կէտեր կը շահէր Մութալիպովի դէմ, միաժամանակ կը փորձէր ողջ աշխարհին ցոյց տալ, թէ հայ մարտիկներն էին ոճրային արարքը կատարողը:

Պաքուի այսօրուան վարիչը, աւելի քան երկու տասնեակ տարիէ ի վեր, յատուկ յանձնախումբ մը գործի լծած է՝ «ծախելու» համար այս շինծու ապրանքը՝ «Խոճալուի ջարդ»-ը։ Ալիեւներուն ձեռքբերումներէն եղաւ այն, որ Թուրքիա, Փաքիստան, Սուտան, Ճիպութի եւ նոյնիսկ Պոսնիա, «կրօնական ջարդ»-ի գործօնը գործածելով՝ իրենց արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ յարաբերական մարմիններու ճամբով, պաշտօնապէս ընդունեցին այս (չ)եղելութիւնը եւ քննադատեցին Հայաստանը։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գումարներ մսխեց այլ համակիրներ եւս ներգրաւելու համար. անոնց կարգին էին Հունգարիա, Չեխիա եւ ծովերէն ու ովկիանոսէն անդին գտնուող Մեքսիքան, Հոնտուրասը, Կուաթեմալան, Քոլոմպիան եւ Փարակուայը։ Հայկական դիւանագիտութիւնը չհակազդեց հարկաւոր ուժգնութեամբ:

Յատուկ աշխատանք կը տարուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին. 2010-էն ի վեր, զանազան նահանգներու մէջ յիշատակուած է «Խոճալուի ջարդ»ը: Յիշատակողներուն շարքին են Թեքսասը, Ճորճիան, Նիւ Մեքսիքօն, Միսիսիփին, Արքանսասը, Օքլահոման, Ինտիանան, Նեպրասքան, Այտահօն, Եութան, Հաուաին եւ,  մինչեւ իսկ համեմատաբար աւելի հայահոծ՝ Նիւ Ճըրզին, Մասաչուսէցը եւ անոր մօտակայ Քանեքթիքըթն ու Մէյնը։

Այս տարի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան քարոզչական մեքենան, գործելաձեւը փոխելով, փոխանակ նահանգներու միջոցաւ իր աշխատանքը տանելու, գործեց քաղաքներու մէջ, քաղաքապետներու հետ կապ հաստատելով՝ ստապատիր յայտարարութիւններ տարածեց եւ խաբէութեամբ՝ կրցաւ ծուղակ ձգելու կացութիւններ ստեղծել։

Այս կացութեան մէջ գտնուեցան Փորթլընտ (Մէյն) եւ Պոսթըն (Մասաչուսէց), ուր արդէն իսկ գործի լծուած են Հայ Դատի յանձնախումբերը՝ սրբագրելու համար կատարուածը։

Յատկապէս անակնալի եկած էր Պոսթընի քաղաքապետ Մարթի Ուոշը, որ շուտափոյթ միջամտութիւն մը կատարելով, ներողամտութիւն խնդրեց, բացատրելով, որ պատահածը  անուշադրութեան հետեւանք էր, վատոգի խարդաւանանքով մը սարքուած՝ Նիւ Ինկլընտի մէջ, Պաքուի փեթրօ-տոլարներու հովանիին տակ գործող «Ատրպէյճան Կեդրոն»-ին կողմէ։

Բազմիցս ի նպաստ Հայ Դատին գործած եւ միշտ ալ տեղւոյն գաղութին շահերը պաշտպանած քաղաքապետ Մարթի 10 Մարտին լոյս ընծայեց շինծու ջարդը մերժող եւ շրջանի հայորդիներուն ներողամտութիւն հայցող նամակ մը։

Խոճալուի ջարդը ծրագրողէն ու կազմակերպողէն կարելի՞ է տարբեր բան սպասել…
Խոճալուի դէպքերու խեղաթիւրումն ու աղաւաղումը ձախող փորձ մըն է, ծածկելու Փետրուար 27, 1988-ին տեղի ունեցած Սումկայիթի փոկրոմը (առանց մոռնալու Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայ ոճիրները), որուն մասին, դժբախտաբար, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր ալ գործօն աշխատանք չի կատարեր, ինչպէս որ իրողական ձեռնածալութիւն կը վարէ երէկի պատերազմի գերիներուն ազատ արձակման եւ հայրենի հողերու կորուստը վերականգնելու ի խնդիր:

…Այս բոլորին դիմաց, Երեւանի փողոցներուն մէջ հիմա տարբեր է իրավիճակը։