Պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը Ե՞րբ Դէմ Պի­տի Կանգ­նի Ազր­պէյ­ճա­նի Վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն

Հայաստան, Սփիւռք

Կա­րե­լի չէ չզայ­րա­նալ տես­նե­լով, թէ ­Շու­շիի նշա­նա­ւոր «­Կա­նաչ ­Ժամ» ե­կե­ղե­ցին հիմ­նա­յա­տակ ե­ղաւ ա­զե­րի վայ­րագ խու­ժան­նե­րուն կող­մէ, իսկ Ակ­նաղ­բիւր գիւ­ղին մէջ հայ­կա­կան խաչ­քա­րը կար­միր գոյ­նով ներ­կո­ւած ու պղծո­ւած է։

Ա­ւե­լին, ­Հո­լան­տա­յի մէջ ՀՀ դես­պան ­Տիգ­րան ­Բա­լա­յեան ­Դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ կը գրէ, թէ Ազր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը ան­ձամբ հրա­մա­յած է Ար­ցա­խի գրա­ւուած տա­րածք­նե­րուն մէջ գտնո­ւող յու­շար­ձան­նե­րուն վրա­յէն ջնջել բո­լոր հայ­կա­կան գրու­թիւն­նե­րը։

Իսկ Ա­լիեւ ա­մե­նայն շնա­կա­նու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րէ՝ «­Շու­շան այ­լեւս եր­բեք պի­տի չդառ­նայ ­Շու­շի: Եր­բեք»

Ա­մօ­թա­լի հրա­դա­դա­րէն ետք, քա­նի-քա­նի ան­գամ­ներ ա­կա­նա­տես կ­՚ըլ­լանք ա­զե­րի­նե­րու կա­տա­րած ա­ւեր­նե­րուն, ո­րոնք մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն, հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կը շա­րու­նա­կեն հա­յու հետ­քը ջնջել Ար­ցա­խի հո­ղին վրա­յէն։

Այս բո­լո­րին դի­մաց, պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը կը շա­րու­նա­կէ լուռ մնալ, կը շա­րու­նա­կէ ան­տե­սել նոյ­նիսկ պե­տա­կան այ­րե­րու բարձ­րա­ձայ­նած բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք միայն ա­ղոտ կեր­պով կը փոր­ձեն ի­րա­զե­կել հան­րա­յին կար­ծիքն ու «քա­ղա­քակր­թո­ւած» աշ­խար­հը կա­տա­րուած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

­Լուռ կը մնայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, ո­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մա­սին քա­նիցս ը­սո­ւած է, թէ Ատր­պէյ­ճա­նին կը հա­ճո­յա­նան՝ այդ երկ­րի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գին կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած ծով գու­մար­նե­րով։ Ար­դէն, երկ­րի թիւ 2 ան­ձը, ­Մեհ­րի­պան Ա­լիե­ւան, հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան դես­պա­նու­հի կո­չո­ւած ըլ­լա­լու «տգե­ղու­թեան» մէջ կը շա­րու­նա­կէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «աչ­քերն ու բե­րա­նը փակ պա­հել»։

­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ան­կա­րող են հա­յոց ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու։ Ա­նոնց ա­պի­կա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ վնաս հասց­նել Ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պա­հո­ւած գե­րի­նե­րու շու­տա­փոյթ վե­րա­դար­ձին, ա­նոնց ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով Ազր­պէյ­ճան սան­ձար­ձակ կեր­պով պի­տի չքաց­նէ ա­մէն հետք ու մշա­կու­թա­յին նմուշ Ար­ցա­խի հո­ղին վրա­յէն։ ­Նոյն ղե­կա­վա­րու­թիւնն է, որ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը ձգած է ի­րենց բախ­տին…։

Օր ա­ռաջ, մեր հայ­րե­նի­քը պա­տաս­խա­նա­տու իշ­խա­նու­թեան կա­րի­քը ու­նի։ ­Կա­րե­լի չէ այ­լեւս հան­դուր­ժել այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու վնա­սա­բեր ներ­կա­յու­թիւ­նը։
Ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րը այ­լեւս տեղ չու­նին հա­յոց աշ­խար­հին մէջ։

«Ազատ Օր»